ՍԵՊՈՒՀ ՅՈՎԱԿԻՄԵԱՆ
Ամէն եկեղեցի օժտուած է գրասենեակով եւ քարտուղարուհիով: Եկեղեցւոյ քարտուղարութեան պաշտօնը մեծ պատասխանատուութիւն է: Անոր վստահուած են եկեղեցւոյ բանալիները, հասցէները, պիտանի փաստաթուղթերը, ծխականներու հեռաձայնային թիւերը եւ այլ բազմաթիւ իրեր ու տուեալներ: Քարտուղարական պարտականութիւններուն մէջ կան նաեւ անգիր օրէնքներ, զորս պէտք է յարգել խստօրէն, ինչպէս` քարտուղարուհիին պատշաճ հագուածքը, խօսուածքը, յարգալիր վերաբերմունքը եւ օրէնքներու պահպանումը:
Եկեղեցւոյ քարտուղարուհին պէտք է խորապէս գիտակցի իր դիրքի լրջութեան, որովհետեւ ինք կը ներկայացնէ տուեալ եկեղեցին:
Ժամանակին կաթողիկէ եւ յոյն եկեղեցիներու քարտուղարուհիները պարտադիր յատուկ դասընթացքներու կը մասնակցէին, որպէսզի ըլլան վարժ, յարմար, գիտակ, կիրթ եւ պարկեշտ աշխատաւորներ` եկեղեցւոյ գրասենեակին:
Որքա՛ն տխուր է հաստատել, որ մեր իրականութեան մէջ այսօր պատկերը բաւական սրտաճմլիկ է: Անշուշտ կան բացառութիւններ, որոնց նկատմամբ մեր յարգանքը եւ հիացումը չեն պակսիր: Անդին, սակայն, կան քարտուղարուհիներ, որոնք ոչ միայն կրթութենէ եւ դաստիարակութենէ տեղեակ չեն, այլ անոնց մօտ կը պակսին կրօնական, եկեղեցական տարրական գիտելիքները, ինչպէս նաեւ` կրթութիւնը, ազնուութիւնը, պարկեշտութիւնն ու ճշդապահութիւնը:
Կարգ մը քարտուղարուհիներ այնքան յառաջ կ՛երթան, որ եկեղեցւոյ գրասենեակը կը վարեն իբրեւ իրենց անձնական գործատեղին: Պատուէրներ եւ հրամաններ կ՛արձակեն հոգեւոր հովիւին ներկայութեան ու բացակայութեան: Դեռ աւելի՛ն. նկատելի են անհաճոյ եւ անյարմար վիճաբանութեան դէպքեր հովիւին եւ քարտուղարուհիին միջեւ, ինչ որ ոչ թէ չափազանց տգեղ է, այլ` անթոյլատրելի ու աններելի:
Եղած են քարտուղարուհիներ, որոնք քահանայ հօր հեռաձայնային զրոյցները մտիկ ըրած են, որպէսզի ծխականներուն ներքին խնդիրները եւ հարցերը գիտնան: Անոնցմէ ոմանք այս ներքին, ծածուկ, անձնական ու փափուկ հարցերը հրապարակ հանած են` իբրեւ քաջատեղեակութիւն ներքին անցուդարձերուն:
Այո՛, շատ յաճախ մեր իրականութեան մէջ եկեղեցին քարտուղարութեան պարտականութիւնը կը վստահի պատահական ոեւէ անձի, որ չունի անհրաժեշտ պատրաստութիւնն ու պահանջուած կրթութիւնը, ուստի ան, բնականաբար, իր կամքին, քմահաճոյքին համաձայն, մենատիրութեան պիտի վերածէ իրեն յանձնուած գործը:
Այսօր ժամանակն է մտածելու այս կենսական հարցին մասին, որովհետեւ մեր Հայաստանեայց եկեղեցին պէտք ունի բարեկիրթ, հեզահամբոյր եւ ազնիւ հոգիներու:


