Լեռնալիբանանի նահանգին մէջ տեղի ունեցող Լիբանանի ֆութպոլի Դ. դասակարգի ախոյեանութեան 7-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` շաբաթ. 5 փետրուարին, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ, որ մաս կը կազմէ Ա. խմբակին, կը մրցի Ուաֆաա Ղըպէյրիի դէմ:
Այս մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Շարքի դաշտին վրայ, պիտի սկսի յետմիջօրէի ժամը 14:00-ին:
Սկզբունքով այս մրցումը տեղի պիտի ունենար նախորդ շաբաթ, սակայն տեղատարափ անձրեւին պատճառով անիկա յետաձգուեցաւ:
Մրցում մը նուազ կատարած ՀՄԸՄ այժմ կը գրաւէ դասաւորման պարագլուխի դիրքը (13 կէտով)` իր ունեցած կոլ-էվըրէյճին շնորհիւ գերազանցելով Սալամ Պասաթինը:


