Գերմանիոյ ֆութպոլի գործող ախոյեան Պայէրն Միւնիխ շատ հաւանաբար ամրան ընթացքին ծախէ լեհ յառաջապահ Ռոպերթ Լեւանտովսքին, եթէ չկարենայ անոր հետ համաձայնութիւն մը գոյացնել պայմանագիրի երկարաձգման գծով, յայտնեց գերմանական «Սփոր Պիլտ»-ը:
33 տարեկան ֆութպոլիստին պայմանագրութիւնը միւնիխեան կազմին հետ նախատեսուած է մինչեւ յունիս 2023:
Այդ պայմանագիրը երկարաձգելու գծով կողմերը ցարդ որեւէ խօսակցութիւն չեն ունեցած:
Ըստ շրջան ընող լուրերուն, շատ հաւանական է, որ չորս տարի ետք ան վերջ մը դնէ ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզին:
Ընթացիկ տարեշրջանին ան իր կազմին հետ ցարդ կատարած է 27 մրցում, նշանակած 34 կոլ եւ կատարած 3 էսիսթ:



