Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լուրեր Կաթողիկոսարանէն

December 16, 2021
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդէն Պատուիրակութիւն Մը

Կիրակի, 12 դեկտեմբեր 2021-ին, ս. պատարագէն անմիջապէս ետք, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը ընդունեց Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդէն (ԵՀԽ) պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմէին Գարլա Խիժոյեան, դոկտ. Աբրահամ Ուիլըր եւ Եոլենի Ռեպելէ: Գարլա Խիժոյեանը կը ներկայացնէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը խորհուրդին մէջ եւ պատասխանատու է Միջին Արեւելքի առնչուած հարցերուն: Իսկ դոկտ. Աբրահամ Ուիլըր եւ Եոլենի Ռեպելէ յատուկ պատասխանատուութիւն ունին ԵՀԽ-ի միջկրօնական ու քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան բաժանմունքին մէջ:

Պատուիրակութիւնը եկած էր իմանալու վեհափառ հայրապետին տեսակէտը յատկապէս քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան ու գործակցութեան շուրջ: Արամ Ա. ընդհանուր ակնարկ մը կատարելով` վեր առաւ ԵՀԽ-ի գործունէութիւնը քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան ծիրին մէջ եւ անդրադարձաւ այս ուղղութեամբ անցեալին տեղի ունեցած երկու միջազգային համագումարներու, ինչպէս նաեւ` այլ աշխատանքներու: Հայրապետը նաեւ իր թելադրութիւնները կատարեց ներկայ ժամանակներու քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան առաջնահերթութիւններու ու շեշտաւորումներու վերաբերեալ, որոնք հրամայական դարձած են ոչ միայն Միջին Արեւելքի, այլ նաեւ բազմակրօն դարձած արեւմտեան ընկերութեան մէջ:

Արամ Ա. Կաթողիկոսին Զրոյց–Հանդիպումը` Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանական Ուսանողներու Միութեան Հետ

Շաբաթ, 11 դեկտեմբեր 2021-ի երեկոյեան ժամը 7:30ին Անթիլիասի մայրավանքի «Կիլիկիա» թանգարանի սրահին մէջ Հայ եկեղեցւոյ համալսարանական ուսանողներու միութիւնը (ՀԵՀՈՄ) զրոյց-հանդիպում ունեցաւ Արամ Ա. կաթողիկոսին հետ:

Աւելի քան ժամ մը տեւած զրոյցը ուղիղ սփռուեցաւ կաթողիկոսարանի Cilicia TV-էն: Զրոյցին ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ յատկապէս երիտասարդութեան եւ սփիւռքի առնչուած շարք մը հարցերուն: Վեհափառ հայրապետը իր ունեցած փորձառութեան լոյսին տակ լայն բացատրութիւններ տուաւ երիտասարդութեան իւրայատուկ դերին հայ կեանքէն ներս, ինչպէս նաեւ անդրադարձաւ մփիւռքի կառոյցներու վերակազմակերպման ու վերաշխուժացման կարեւորութեան:

Յայտնենք, որ 2022 տարին վեհափառ հայրապետը հռչակած է «Սփիւռքի տարի» ե`ւ կոչ ուղղած, որ իր հայրապետական պատգամին մէջ արծարծուած հարցերը լուրջ քննարկումի ենթարկուին սփիւռքի գաղութներուն մէջ:

Կաթողիկոսարանի Հիմնական Կառոյցները Վերանորոգ Կամքով Կը Շարունակեն Իրենց Առաքելութիւնը

Հայ եկեղեցւոյ առաքելութեան իրագործման մէջ կարեւոր դեր ունին հաւատացեալները եւ անոնց նիւթաբարոյական ներդրումը: Վերջին երկու տարիներուն, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Անթիլիասի մայրավանքին մէջ, օրհնութեամբ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, իրագործուեցան վերանորոգութեան ու վերադասաւորման զանազան ծրագիրներ` մեր Սուրբ Աթոռի զաւակներուն բարերարութեան շնորհիւ: Թէեւ կաթողիկոսին փափաքն էր իւրաքանչիւր ծրագիրի իրագործման աւարտին տեղի ունենար վերաբացման արժանի հանդիսութիւն` բարերարներուն ներկայութեամբ, սակայն վերջին տարիներուն թէ՛ համաճարակը, թէ՛ Արցախի պատերազմը եւ թէ՛ Լիբանանի իրավիճակը չարտօնեցին անոնց իրականացումը:

Արդարեւ, հինգշաբթի, 2 դեկտեմբեր 2021-ի երեկոյեան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական վարչութեան Կրօնական եւ Քաղաքական ժողովներու աւարտին, վեհափառ հայրապետին գլխաւորութեամբ, տեղի ունեցաւ կաթողիկոսարանին կարեւոր կառոյցներու վերանորոգութեան առիթով հակիրճ հանդիսութիւն:

«Կիլիկիա» թանգարանի մուտքին, շրջապատուած` առաջնորդ սրբազաններով, ժողովականներով ու միաբան հայրերով, հայրապետը յղեց իր պատգամը եւ ըսաւ, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան բարերարները գործնապէս մասնակից կը դառնան մեր Ս. Աթոռին համազգային առաքելութեան: Ան նաեւ ընդգծեց, որ Հայ եկեղեցւոյ առաքելութիւնը հաւաքական առաքելութիւն է, եւ իւրաքանչիւր հայորդի իր իւրայատուկ տեղն ու դերը ունի այդ առաքելութեան ճանապարհին վրայ: Իր խօսքի աւարտին նորին սրբութիւնը բարձր գնահատեց բարերարները` աղօթելով, որ Աստուած մեր եկեղեցւոյ ու ազգի բոլոր բարերարներուն պարգեւէ առողջութիւն ու արեւշատութիւն, որպէսզի անոնք կարենան շարունակել իրենց աստուածահաճոյ ծառայութիւնը:

Նշենք, որ նախորդ երկու տարուան ընթացքին իրագործուեցան հետեւեալ կառոյցներու աշխատանքները.

Ա) Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարի վերանորոգում` բարերարութեամբ տէր եւ տիկին Յովսէփ Պոյաճեանի (Լոս Անճելըս),
Բ) «Կիլիկիա» թանգարանի վերանորոգում եւ վերադասաւորում` բարերարութեամբ տէր եւ տիկ. Կարօ Էշկիեանի (Լոս Անճելըս),
Գ) «Կիլիկիա» մատենադարանի վերանորոգում եւ վերադասաւորում` բարերարութեամբ տէր եւ տիկ. Տիգրան Ճիյէրճեանի (Մոնաքօ),
Դ) Հնատիպներու եւ ձեռագիրներու բաժանմունքներու հաստատում եւ վերադասաւորում` բարերարութեամբ դարձեալ տէր եւ տիկին Տիգրան Ճիյէրճեանի:

Նախորդը

Սահմանազատում-Սահմանագծում. Առանց Չար Լեզու Ըլլալու, Բայց` Խոր Մտահոգութեամբ

Յաջորդը

RelatedPosts

Պերճ Աբգարեան Այցելեց «Ազդակ»
Գաղութային

Պերճ Աբգարեան Այցելեց «Ազդակ»

October 7, 2026
Բագրատունի. «Մեր Կարեւորագոյն Որոշումը  Ներքին Միասնութեան, Համակեցութեան  Եւ Մեր Ազատութիւններու, Ինչպէս Նաեւ  Գերիշխանութեան Մնացորդի Պահպանումն Է»
Գաղութային

Բագրատունի. «Մեր Կարեւորագոյն Որոշումը Ներքին Միասնութեան, Համակեցութեան Եւ Մեր Ազատութիւններու, Ինչպէս Նաեւ Գերիշխանութեան Մնացորդի Պահպանումն Է»

October 3, 2026
Գրենական Պիտոյքներու Բաշխում Հայկական Տարբեր Վարժարաններու Աշակերտներուն
Գաղութային

Գրենական Պիտոյքներու Բաշխում Հայկական Տարբեր Վարժարաններու Աշակերտներուն

October 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.