Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀԱՄԱՅՆՔԱՅԻՆ ԴՐՈՒԹԵԱՆ ԴԷՄ ՇԱՐԺՄԱՆ ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ

April 1, 2011
| Զաւարեանական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վերջերս Լիբանանի մէջ տեղի ունեցած համայնքային դրութեան տապալումը պահանջող ցոյցերուն հանդէպ մեր մէջէն շատերու առաջին հակազդեցութիւնները հաւանաբար եղան համակրանք, յուզում, կարեկցանք: Մարդկային արդարութեան եւ հաւասարութեան հաւատաւորներ, յառաջադէմ եւ ազատամիտ երիտասարդներ` յոյսի զգացում մը ունեցանք թերեւս, փափաքեցանք իջնել փողոց եւ մեր եղբայրներուն հետ արդարութիւն պահանջող աղաղակներ բարձրացնել, մենք ալ գանած լիբանանեան այս համակարգի տարիներու փտածութենէն, կաշառակերութենէն, ծայրայեղ համայնքամոլութենէն, կողմնակալութենէն… եւ շարքը երկար է ու ծանօթ` բոլորիս:

Մեզմէ ոմանք փափաքեցան, ուրիշներ տատամսեցան, ոմանք ալ անցան գործնականի հաւանաբար:

Տակաւին կանուխ է թերեւս արժանի գնահատականը տալու այս երեւոյթին, սակայն երբեք կանուխ չէ անգամ մը եւս մտածելու, խորանալու եւ հեռատես ըլլալու համար: Երբեք կանուխ չէ զգուշ ըլլալու:

Փաստուած երեւոյթ է, որ յեղափոխութիւնները նախ եւ առաջ մտքի եւ համոզմունքի մակարդակին վրայ կ՛ըլլան եւ ապա միայն` գետնի: Հակառակ պարագային, կայ երկու կարելիութիւն` կա՛մ յեղափոխութիւնը չի յաջողիր եւ կա՛մ կը խեղաթիւրուի:

Փորձենք արժեւորել. Լիբանանի ժողովուրդը այսօր քանի՞ տոկոսով ձերբազատած է համայնքամոլութիւն կոչուած հիւանդութենէն: Եթէ մեծամասնութիւնը իսկապէս ազատամիտ է եւ արդարամիտ, ուրեմն այս յեղափոխութիւնը (եթէ կարելի է զայն այդպէս անուանել) պէտք է յաջողի: Սակայն նախքան փողոցին դիմելը` ե՞րբ, ո՞ւր եւ որքանո՞վ տեսանք այդ գաղափարներու արծարծումը: Պատասխանը դո՛ւք տուէք:

Այո՛, վստահաբար կա՛ն այդպէս մտածողները, խորապէս համոզուածները: Անկարելի չէ  նաեւ,  որ այս շարժման ռահվիրաները այդպիսիներ ըլլան: Բայց տրուած ըլլալով, որ տարիներով չնչին եղած է այս ուղղութեամբ քարոզչութիւնը, եւ ատենը անգամ մը պայթում մը, բախում մը եկած են շեշտելու համայնքայնութիւնը, եւ համայնքապետներու կոչին տակ հարիւր հազարներ ցոյցի իջած են, կը դժուարանանք հաւատալու, թէ մեծամասնութիւն չեն կազմեր համայնքամոլները, կրօնամոլները նոյնիսկ… Քանի՞ գիւղական շրջաններ կամ նեղ-գոց թաղեր կան Լիբանանի մէջ այսօր, որոնք տակաւին կտրուած են ազատամիտ գաղափարներէն, արուեստէն, փիլիսոփայութենէն… պատասխանը դո՛ւք փնտռեցէք:

Կա՛րճ. եթէ մտաւոր մակարդակի վրայ տակաւին պէտք եղածին չափ չէ ծաւալած, այս յեղափոխութիւնը կա՛մ պիտի ձախողի եւ կա՛մ պիտի խեղաթիւրուի…

Այդ պարագային, դժբախտաբար երկրորդը կը թուի աւելի հաւանական եւ աւելի վտանգաւոր: Կրնա՞յ ըլլալ, որ երկրին մէջ մեծամասնութիւն հանդիսացող համայնքը չերազէ այս համակարգին անկումը. անկման պարագային քուէներու մեծամասնութիւնը ի՛նք պիտի ստանայ: Բաւական է, որ միայն այդ մէ՛կ համայնքին պատկանող մարդիկը մեծամասնութեամբ էապէս մնացած ըլլան համայնքամոլ, եւ արդէն ինք պիտի տիրէ երկրին: Միայն ի՛նք: Այդ կողմին համար դժուար չէ ազատամտութեան դիմակներու ետին մասնակցիլը այս յեղափոխութեան: Արդարեւ,  մեծամասնութիւն հանդիսացող համայնքին գլխաւոր ղեկավարներէն մէկը արդէն իսկ յայտարարեց, թէ քաջալեր կը հանդիսանայ այդ ցուցարարներուն, եւ անո՛նք է, որ կը տեսնեն Լիբանանի իսկական ապագան:

Վերջապէս, իբրեւ լիբանանցի երիտասարդներ,  մեր դիմաց կրնանք տեսնել երեք կարելիութիւն.

1.- Հիանալի կ՛ըլլայ, եթէ այս յեղափոխութիւնը իսկապէ՛ս  յաջողի, այսինքն համայնքային դրութեան անկումէն ետք ստեղծուի լիբանանցի մը, եւ մահմետականը, քրիստոնեան, հայը` բոլորն ալ ունենան հաւասար իրաւունքներ եւ կարենան հանգիստ ու խաղաղ ձեւով գոյատեւել, աճիլ, զարգանալ` անկախ այն բանէն, թէ իրենք ի՛նչ թիւ կը ներկայացնեն: Այո՛, հիանալի կ՛ըլլայ, եթէ սիւննիներ ընտրեն շիի երեսփոխան, շիիներ` հայ, քրիստոնեաներ` սիւննի… լիբանանցին` լիբանանցի, չափանիշ ընդունելով թեկնածուին մարդկային արժանիքները:

2.- Ցաւալի կ՛ըլլայ, եթէ ապացուցուի, որ մտաւոր մակարդակի վրայ ժողովուրդը չէ եղափոխուած տակաւին, եւ այս «յեղափոխութեան» ղեկը իրենց ձեռքն առնեն որոշ համայնքներ եւ համայնքային հանրապետութիւնը տապալելով` զայն փոխարինեն համայնքային բռնատիրութեամբ: Ո՞ւր պիտի մնան այդ պարագային մնացեալ համայնքներուն իրաւունքները, որոնք գէշ-աղէկ կը պահպանուին ներկայ դրութեամբ:

3.- Իրատեսութիւն պիտի չըլլա՞յ «հիանալի»ներով չափէն աւելի չխանդավառուիլ, չաճապարել եւ համակարգին տապալումը պահանջելէն առաջ աշխատանք տանիլ քարոզչական գետնի վրայ բուժելու համար իսկակա՛ն վէրքը, որ կը գտնուի ժողովուրդի՛ն մէջ նախ եւ ապա` համակարգին, ապագայի՛ն հասնելու համար վերոյիշեալ «հիանալի»ներուն…

Ահա հարցումներ, մտահոգութիւններ, որոնք մեզ կը ստիպեն անգամ մը եւս մտածել մեր օրերու այս  նոր շարժման մասին, անգամ մը եւս փորձել տեսնել, թէ ո՛ւր է մեր իսկական շահը` իբրեւ լիբանանցիներու:

Իսկ իբրեւ հայե՞ր…

Հ.

 

Նախորդը

ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅԵՐԸ` ԴԷՊԻ ԹՈՒՐՔԻԱ

Յաջորդը

ԱՆԲՆԱԿԱՆ ԱՅԺՄԷԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ

RelatedPosts

Պայքարի Միջոցով Միայն Կը Մաքրուի Պարտութեան Խարանը. Արա Պուլուզեան
Զաւարեանական

«Արցախի Ժողովուրդին Իրաւունքներու Վերականգնումը Ոչ Միայն Վերադարձի Հարցն Է, Այլ Նաեւ, Ի Վերջոյ, Ժողովուրդին Ինքնորոշման Իրաւունքն Է» Կ՛ըսէ Արա Պուլուզեան

November 9, 2026
Հաղորդագրութիւն
Զաւարեանական

Զաւարեանական . Մեր Խօսքը

November 6, 2026
Ներկան Երիտասարդին Կը Պատկանի
Զաւարեանական

Ներկան Երիտասարդին Կը Պատկանի

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.