Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Տօն

November 24, 2021
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կիրակի, 21 նոյեմբերին, Ս. Մարիամ Աստուածածինի տաճարի ընծայման տօնին առիթով հանդիսաւոր ս. պատարագով, զոր մատուցեց  Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան, նշուեցաւ Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ անուանակոչութիւնը:

Սրբազան հայրը իր քարոզին սկիզբը պատմական ակնարկ մը նետեց Ս. Աստուածածինի տաճար ընծայման դրուագին, թէ ինչպէ՛ս Յովակիմն ու Աննան Տէրը փառաւորեցին եւ պատուեցին` իրենց զաւակը տաճարի պաշտամունքին նուիրաբերելով: Ան հարց տուաւ ներկայ հաւատացեալներուն, թէ որպէս ուխտաւորներ` ի՛նչ հոգիով ներկայացած են եկեղեցի եւ ի՛նչ կ՛ակնկալեն Աստուծմէ, ի՛նչ ձեւով զինք կը մեծարեն ու կը փառաւորեն, որպէսզի Ինք եւս անոնց կեանքէն ներս զիրենք պատուէ եւ իրենց կողքին յայտնուի, յատկապէս իրենց նեղութեան պահերուն, երբ իսկապէս մենք կարիքը ունինք ապահով յենարանի մը, որ կրնայ մեզի ցոյց տալ լուսաւոր արշալոյսներ: Շարունակելով իր խօսքը` առաջնորդ սրբազանը նկատել տուաւ, որ այս տօնը կու գայ մեզի յիշեցնելու, որ եթէ մեր զաւակներուն դաստիարակութեան գործը ճիշդ ձեւով կատարենք, փառաւորած կ՛ըլլանք զԱստուած, եւ Ան ալ կը փառաւորէ մեզ` մեր տուներուն, մեր եկեղեցիներուն, մեր համայնքային կեանքի բոլոր պայմաններուն մէջ: «Զաւակը Աստուծոյ պարգեւն է, եւ ծնողքի մը մեծագոյն պարտականութիւնն է կեանքին մէջ այդ զաւակին ուղիղ ճամբայ ցոյց տալու գործը, եւ այս կը կատարուի` անձնական օրինակով, դաստիարակութեան ճամբով, ուսուցումով, ճշմարիտն ու բարին ցոյց տալով, որպէսզի մանուկը իր փոքր հասակէն ճիշդ ուղեւորուի, չարն ու բարին իրարմէ զանազանել սորվի եւ հետեւելով իր ծնողքի օրինակին` անխախտ եւ անսասան մնայ կեանքի տագնապներուն դիմաց եւ իր կեանքով զԱստուած փառաւորէ ու մեծարէ, որպէսզի Աստուած ալ` իբրեւ տէր ու արարիչ իր կեանքին, զինք պաշտպանէ ու փառաւորէ իր կեանքի ամբողջ տեւողութեան, հաստատեց սրբազան հայրը` աւելցնելով, որ մեր ծնողները թերեւս անուս էին, բայց գիտէին զաւակ դաստիարակել, գիտէին չարն ու բարին իրարմէ զատորոշելու եղանակը փոխանցել իրենց զաւակներուն, գիտէին արժէք տալ անոնց, գիտէին փրկութիւն հաստատել անոնց կեանքին մէջ, գիտէին իրենց զաւակները եկեղեցւոյ պաշտամունքին ընծայել ու նուիրաբերել, սակայն այս բոլորը մենք մոռցած ենք այսօր եւ պարապ հոգիով կը ներկայանանք Աստուծոյ, Անոր դիմաց կը կանգնինք առանց հաւատքի, բայց կ՛ակնկալենք, որ Աստուած մեզ լսէ եւ գոհացում տայ մեզի», ըսաւ ան: Առաջնորդ սրբազանը յայտնեց, որ մեր զաւակները մինչեւ երէկ իրենց ծնողներուն առաջնորդութեամբ եկեղեցի կը յաճախէին, աստուածապաշտութիւն կը սորվէին, եւ այդ բոլորը իրենց ծնողներուն կեանքի օրինակին մէջ կը տեսնէին, հարց տալով, թէ ոչ միայն մեր զաւակները, այլ նաեւ մենք ո՞ւր ենք այսօր, արհեստական անցուդարձի կողքին, ինչո՞վ հետաքրքրուած ենք եւ ինչո՞ւ կ՛ակնկալենք, որ Աստուած յայտնուի մեր կողքին, եթէ մենք մեր կեանքի ոճով Զինք կ՛անարգենք մեր առօրեային մէջ:

«Եկեղեցին միջնաբերդն է մեր ժողովուրդի ամրութեան, պայմանաւ որ մենք այդ միջնաբերդէն ներս մեր հաւատքի կեանքը ապրինք լիովին, ոչ միայն իբրեւ անհատներ, այլ` իբրեւ ընտանիքներ, իբրեւ համայնք, իբրեւ հաւատարիմ հետեւորդները ժողովուրդի մը, որ պետականօրէն քրիստոնէութիւնը որպէս իր կրօնը ընդունեց աշխարհի մէջ առաջին անգամ», եզրափակեց սրբազանը` յորդորելով ներկաները վերստանձնելու իբրեւ ծնողներ եւ հայ անհատներ այն պարտականութիւնները, որոնք կը վերաբերին իւրաքանչիւրին եւ յատկապէս` իրենց զաւակներու դաստիարակութեան նկատմամբ իրենց ունեցած պարտականութիւններուն եւ փոքր տարիքէն առաջնորդեն զանոնք եկեղեցի:

Նախորդը

Հոգեհանգիստ` Նահատակ Եւ Ննջեցեալ ՀՄԸՄ-ականներու Յիշատակին

Յաջորդը

RelatedPosts

Լիբանանի Մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպանը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գաղութային

Լիբանանի Մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպանը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

September 18, 2026
Մովսէս Աւագ Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Գինեձօն
Գաղութային

Մովսէս Աւագ Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Գինեձօն

September 18, 2026
Պտոյտ-Այցելութիւն Հայ Ազգային Բուժարան
Գաղութային

Պտոյտ-Այցելութիւն Հայ Ազգային Բուժարան

September 18, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.