Երէկ` հինգշաբթի, 4 նոյեմբերին, Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց ազգային խումբը մեկնեցաւ Յորդանանի մայրաքաղաք Ամման` իր մասնակցութիւնը բերելու համար 7-13 նոյեմբերին տեղի ունենալիք Ասիոյ պասքեթպոլի ախոյեանութեան (Բ. կարգի):
Լիբանանեան պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ Նելլի Նասսար Պուսթանի, խումբին մարզիչն է Ժորժ Ժահժահ, իսկ խումբին մաս կազմող մարզիկներն են` Ռեպեքքա Աքըլ, Ամար Մանսուր, Միրամար Մըքտատ, Եաշա Զէյնուն, Լամա Մուքատտեմ, Նարինէ Կէօքճեան, Մեղրի Թորոսեան, Շիրին Շերիֆ, Այտա Պախոս, Լէյլա Ֆարես, Տանիելլա Ֆայյատ եւ Պրիթնի Տենսըն:
Նշենք, որ լիբանանեան պատուիրակութեան մաս կը կազմէ նաեւ միջազգային իրաւարար Ռիշար Հաժ:
Այս ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն Լիբանան, Սուրիա, Իրան, Յորդանան, Ղազախստան եւ Ինտոնեզիա:
Առաջին հանդիսացողը կ՛ապահովէ Ա. կարգի ախոյեանութեան իր տոմսը:



