Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան Դ. հանգրուանի բացման ծիրին մէջ, երէկ երեկոյեան Միշել Սլէյմանի անուան մարզահամալիրին մէջ (Ժիպէյլ) Պիպլոս հիւրընկալեց Աթլասը:
Յաջորդական երեք պարտութիւններէ ետք, Պիպլոս ի վերջոյ յաջողեցաւ արձանագրել տարեշրջանի իր առաջին յաղթանակը, մինչ ցարդ երկու մրցում կատարած եւ երկու յաղթանակ արձանագրած Աթլաս կրեց տարեշրջանի իր առաջին պարտութիւնը` 83-61 արդիւնքով (30-16, 13-20, 22-19 եւ18-6):
Մրցումին ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Աթլասէն Պասել Հարֆուշ, որ յաջողեցաւ տապըլ-տապըլ մըն ալ իրագործել (22 կէտ, 14 ռիպաունտ):
Այսօր` ուրբաթ, 5 նոյեմբերին, յետմիջօրէի ժամը 16:45-ին, Անիպալ Զահլէ իր դաշտին վրայ կը հիւրընկալէ Հուփսը:


