Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ս. Նշան Մայր Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Տօնի Հանդիսաւոր Նշում

November 1, 2021
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ` կիրակի, 31 հոկտեմբերին, Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին առիթով մատուցուեցաւ հանդիսաւոր սուրբ եւ անմահ պատարագ: Պատարագը մատուցեց եւ քարոզեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան:

«Խաչին մասին քարոզութիւնը յիմարութիւն կը թուի կորուստի ճամբուն մէջ եղողներուն համար, մինչ մեզի` փրկութեան ճամբուն մէջ գտնուողներուն համար անիկա Աստուծոյ զօրութիւնն է», ըսաւ առաջնորդ սրբազանը` նկատել տալով, որ շատեր առանց խաչին ընդմէջէն զգալու եւ ապրելու Աստուծոյ զօրութիւնը  կը կարծեն, թէ խաչի մասին խօսիլն ու քարոզելը յիմարութիւն է մանաւանդ ներկայ դարաշրջանին, գիտութեամբ ճոխացած այս ժամանակներուն, երբ մարդ մոռնալով կեանքի Արարիչը կը փորձէ իր միտքով վերլուծել եւ հասկնալ ամէն ինչ եւ այդ պատճառով յաճախ իր կեանքը կ՛առաջնորդէ տագնապներու եւ անկումի:

«Խաչը Աստուծոյ հետ մեզ կապող ամէնէն զօրաւոր օղակն է: Կեանքին մէջ քրիստոնեային համար խաչ ունենալ կը նշանակէ ունենալ քաջութիւն, հաւատքի զօրութիւն եւ այդ հաւատքի զօրութեամբ յաղթահարել աշխարհին մէջ դիմագրաւուող ամէն տեսակի ելեւէջներն ու տագնապները», ըսաւ սրբազան հայրը:

Շարունակելով իր խօսքը` առաջնորդ սրբազանը յայտնեց, թէ խաչը ունի նաեւ երկրաւոր պատմութիւն, որուն առաջինը Գիւտ խաչի տօնն է: Սրբազանը ամփոփ կէտերու մէջ անդրադարձաւ խաչի պատմութեան, թէ ինչպէ՛ս Հեղինէ թագուհին 327 թուականին Երուսաղէմի մէջ կը գտնէ Քրիստոսի խաչափայտը, եւ նկատել տուաւ, որ խաչը միայն անցեալի պատմութիւն չէ, այլեւ ներկայ կեանքին համար Աստուծոյ կողմէ մեզի տրուած միջոց, մեր կեանքին համար այն ճշգրիտ կողմնացոյցը, որուն նայելով մենք անսայթաք կրնանք կեանքի ուղիներէն քալել, նաեւ հետեւիլ Աստուծոյ կամքին, որ մեզ կը պահէ ու կը պահպանէ այս աշխարհի տեսակաւոր անցուդարձերուն ու պայմաններուն մէջ:  Սրբազանը յայտնեց, որ խաչը դարերէ ի վեր կը քարոզուի մեր եկեղեցւոյ կողմէ ի մխիթարութիւն մեր ժողովուրդին, բայց նաեւ, որպէսզի անոր յանձնուելով անկէ ուժ քաղենք մեր առօրեային համար` նկատել տալով, որ կ՛ապրինք վտանգաւոր ժամանակներու մէջ, եւ մեր դարաշրջանը այնքան սահմանափակած է մեր միտքին կարողութիւնը, մեր հոգիին տեսողութիւնը, որ այսօր, հակառակ մեր իւրացուցած տեսակաւոր գիտութիւններուն, աւելի կը հաւատանք բախտին, քան խաչին:

Սրբազան հայրը յորդորեց ներկաները զգուշանալու, մանաւանդ երբ եկեղեցի ներկայանան: «Պէտք է եկեղեցի ներկայանանք անշեղ հաւատքով: Աստուծոյ կամքին դիմաց կանգնինք խաչի զօրութեամբ եւ այն ատեն զգանք, որ Աստուած իր հրաշքը նաեւ կ՛իրականացնէ մեր կեանքին մէջ», շեշտեց առաջնորդ սրբազանը` հարց տալով ներկաներուն, թէ խաչի զօրութիւնը զգալու համար արդեօք իրենց առօրեային մէջ ի՞նչ բանէ կը հրաժարին, ի՞նչ տեսակ հոգիով կը մօտենան Աստուծոյ եւ ինչո՞ւ կ՛ակնկալեն, որ Աստուած իր հրաշքը իրենց մէջ հաստատէ, երբ այնքան հեռու կը պահեն իրենք զիրենք ճշմարիտ հաւատքէն ու ճշմարիտ հրաշագործ զօրութիւն ունեցող խաչի նշանէն:

«Խաչի յիշատակութեան համար հաստատուած է այս սուրբ եկեղեցին: Քրիստոսն ու իր խաչափայտը պատուելու համար, պատմական Հայաստանէն անցեալին ուխտաւորները այս ճամբով կ՛անցնէին երթալու համար Երուսաղէմ` անձամբ շօշափելու համար Քրիստոսի խաչափայտը: Եւ իրենք իրենց հաւատքով այս բարձունքին վրայ այս կայքը ստեղծեցին, որպէսզի գալիք սերունդները ասոր նայելով իրենց կեանքին համար գտնեն խրախոյս, չխորտակուին, չքայքայուին իրենց հոգեւոր եւ ազգային հաւատքին ու կեցուածքներուն մէջ, այլ` մնան անշեղ, աստուածային կամքին յանձնելով իրենք զիրենք», հաստատեց առաջնորդ սրբազանը` եզրափակելով, որ նախախնամութեան տնօրինութեամբ այսօր կանգուն է այս մայր եկեղեցին եւ կանգուն է մեր ժողովուրդը իր հաւատալիքներուն մէջ, կանգուն ենք մենք իբրեւ քաղաքականութիւն, որովհետեւ Աստուած իր խաչի նշանով կը շարունակէ պահպանել եւ առաջնորդել մեր համայնական կեանքը:

 

 

 

Նախորդը

Համբիկ Սասունեանի Ազատագրումը Առիթ Է Պայքարի Աշխուժացման

Յաջորդը

Ֆրանսական Դեսպանատան Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութիւն

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց  Հայաստանի Դեսպանը
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Հայաստանի Դեսպանը

November 7, 2026
ՀՄԸՄ-ի Միջդիւանական 12-րդ Խորհրդաժողովը Իր Աշխատանքները Աւարտեց Յաջողութեամբ
Գաղութային

ՀՄԸՄ-ի Միջդիւանական 12-րդ Խորհրդաժողովը Իր Աշխատանքները Աւարտեց Յաջողութեամբ

November 7, 2026
Հանդիպում` ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Եւ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ Համալսարանականներու Միութեան Վարչութիւններու
Գաղութային

Հանդիպում` ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Եւ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ Համալսարանականներու Միութեան Վարչութիւններու

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.