Իտալիոյ ֆութպոլի անուանի ակումբներէն Եուվենթուս, Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Քալչիօ») 4-րդ հանգրուանի մրցումներուն, 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրելէ ետք Ա. Սէ. Միլանի հետ, շարունակեց առանց յաղթանակներու իր շարքը (ախոյեանութեան գծով):
Ցարդ իր կատարած չորս մրցումներուն ընթացքին, Եուվէ, որ արձանագրած է միայն երկու հաւասարութիւն եւ կրած երկու պարտութիւն, այժմ երկու կէտով միայն կը գրաւէ ընդհանուր դասաւորման 18-րդ դիրքը:
Այսպիսով, անիկա ունեցաւ իր վատագոյն մեկնարկը` 1961-1962 տարեշրջանէն ետք:
Ա. Սէ. Միլանի հետ իր արձանագրած հաւասարութենէն առաջ անիկա պարտուած էր Նափոլիէն (2-1), Էմփոլիէն (1-0) եւ հաւասարութիւն մը արձանագրած էր Ուտինեզէի հետ (2-2):



