Հայաստանի պասքեթպոլի Ա. լիկայի նախաձեռնութեամբ, Կարէն Դեմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրին մէջ 5-7 սեպտեմբերին տեղի պիտի ունենայ պասքեթպոլի յուշամրցաշարք մը, յայտնեց լիկայի մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Յուշամրցաշարքին կայացումը նպատակ ունի յարգել արցախեան պատերազմին, հայրենիքի պաշտպանութեան համար մղուած մարտերուն ընթացքին հերոսաբար զոհուած, Արցախ ակումբի պասքեթպոլիստ, Հայաստանի 20 տարեկանէն վար հաւաքականի նախկին մարզիկ Արամ Մկրտչեանի վառ յիշատակը, մէկ վայրի եւ մէկ ընդհանուր գաղափարի շուրջ համախմբել անոր հարազատները, ընկերները եւ մարզասէրները:



