Անգլիական «Տը Թելեկրաֆ»-ը կը տեղեկացնէ, որ լոնտոնեան Արսենալի ղեկավարութիւնը վերջին պայմանաժամ տուած է ակումբին գլխաւոր մարզիչ Միկել Արթեթային:
Նշուեցաւ, որ անոր մինչեւ յառաջիկայ հոկտեմբեր պայմանաժամ տրուած է` խումբին խնդիրները դասաւորելու համար:
Մինչեւ հոկտեմբեր Արսենալ մրցումներ ունի կատարելիք Մանչեսթըր Սիթիի, Նորուիչի, Պառնլիի, Թոթենհամի եւ Պրայթընի դէմ:
2019-ին Արսենալի մարզիչ նշանակուած Արթեթա մինչեւ 30 յունիս 2023 պայմանագրութիւն մը ստորագրած է Արսենալի հետ:



