Ա. Էս. Ռոմայի ֆութպոլի համակիրներուն քուէարկութեամբ, Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Քալչիօ») նախորդ տարեշրջանին հռոմեան ակումբին լաւագոյն կոլի հեղինակը, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեանն է:
Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 2020-2021 տարեշրջանի 8-րդ հանգրուանին Ա. Էս. Ռոմա իր դաշտին վրայ 3-0 արդիւնքով յաղթեց Փարմային:
Այս մրցումին Մխիթարեան տուպլէ մը իրագործեց: Անոր նշանակած կոլերէն մէկը ճանչցուեցաւ իբրեւ ակումբին տարեշրջանի լաւագոյն կոլը:



