Սպանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի եւ Ռէալ Մատրիտի խմբապետ Սերճիօ Ռամոս պաշտօնապէս յայտարարեց, որ կը հեռանայ արքայական ակումբէն:
Ռէալ Մատրիտի հետ փորձառու յետսապահին պայմանագրութիւնը իր աւարտին կը հասնի 30 յունիսին: Երկու կողմերը պիտի չերկարաձգեն իրենց համագործակցութիւնը:
2005-ին Սեւիլլայէն Ռէալ Մատրիտին միացած Ռամոս արքայական ակումբին հետ կատարեց 671 մրցում, նշանակեց 101 կոլ եւ կատարեց 40 էսիսթ:
Ան մայրաքաղաքի կազմին հետ տիրացաւ բազմաթիւ տիտղոսներու:
Ռամոս նաեւ յայտնեց, որ թէեւ այժմ տխուր կը հեռանայ իր սիրելի կազմէն, սակայն օրին մէկը դարձեալ պիտի վերադառնայ` խումբին մէջ կարեւոր պաշտօն մը ստանձնելու նպատակով:



