Իտալական Ֆիորենթինա ֆութպոլի ակումբը յայտարարեց, որ գլխաւոր մարզիչ Կենարօ Կաթուզօ հեռացաւ իր պաշտօնէն:
Նախորդ 25 մայիսին կնքուած պայմանագրութիւնը կողմերը խզեցին փոխադարձ համաձայնութեամբ, այս մասին յայտնեց ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Իտալացի մասնագէտը պէտք էր իր պարտականութիւններուն սկսէր 1 յուլիսին:
Սակայն իտալական մամուլը յայտնեց, որ երկու կողմերը իրարու հետ համաձայնութեան չեն եկած մարզիկներու փոխանցման հարցին մէջ:
Նշենք, որ Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Քալչիօ») 2020-2021 տարեշրջանին Ֆիորենթինա գրաւած էր դասաւորման 13-րդ դիրքը:



