Թենիսի 20 կրան շլեմի միջազգային մրցաշարքի տիտղոսներու տիրացած սպանացի Ռաֆայէլ Նատալ որոշեց իր մասնակցութիւնը չբերել Ուիմպըլտընի մրցաշարքին եւ Թոքիոյի ողիմպիական խաղերուն:
«Որոշեցի այս տարի տեղի ունենալիք Ուիմպըլտընի մրցաշարքին եւ Թոքիոյի ողիմպիականի խաղերուն մասնակցութիւնս չբերել` ֆիզիքական աւելի լաւ վիճակի մէջ գտնուելու համար»:
«Ուիմպըլտըն»-ի եւ «Ռոլան-Կարոս»-ի մրցաշարքերուն միջեւ եղող ժամանակամիջոցը, որ երկու շաբաթ է, քիչ մը քիչ է լաւապէս հանգչելու համար:
«Այս հարցը բաւական քննարկելէ ետք, որոշեցի անոնց երկուքին չմասնակցիլ», ըսաւ Նատալ:
Նշենք, որ Ուիմպըլտընի մրցաշարքը տեղի պիտի ունենայ 28 յունիսէն 11 յուլիս, իսկ մէկ տարիով յետաձգուած Թոքիոյի ողիմպիականի խաղերը` 23 յուլիսէն 8 օգոստոս:



