Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը երէկ գիշեր հրապարակեց Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան երթի մրցումներուն բարեփոխուած յայտագիրը:
Դ. հանգրուանի ծիրին մէջ նախատեսուած Սաժես-ՀՄԸՄ մրցումը, որ սկզբունքով տեղի պիտի ունենար Ղազիրի դաշտին վրայ, նոր յայտագիրով պիտի կատարուի «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ:
Վաղը` կիրակի, 11 ապրիլին կատարուելիք այս մրցումին ազդանշանը պիտի տրուի յետմիջօրէի ժամը 16:00-ին:
Կը նախատեսուի, որ այս հանգրուանէն սկսեալ մրցումները կատարուին բնականոն ձեւով, առանց որեւէ մրցումի յետաձգման:


