Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի գործադիր կոմիտէի նախկին նախագահ, Վանաձորի Լոռիի նախագահ Թովմաս Գրիգորեան երէկ պաշտօնական յայտարարութեամբ մը ելոյթ ունենալով յայտարարեց, որ ակումբը իր ելոյթները կը դադրեցնէ Հայաստանի ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն գծով:
Իր խօսքին մէջ ան ըսաւ
«Այսօր շատ ցաւալի օր մըն է ինծի համար: Դժբախտաբար այս որոշումին յանգեցանք, նախքան Արարատ-Երեւանի դէմ մեր մրցումը կատարելը, որուն համար բոլորին ներողամտութիւնը կը խնդրենք:
«Ուրիշ լուծում չկար մեր դիմաց` նկատի ունենալով, որ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը արհամարհական կեցուածք որդեգրեց մեր ակումբին նկատմամբ:
«Մեր երկու դիմումներէն մէկը ֆետերասիոնին կողմէ նշանակուած մէկ յանձնախումբը կը քննարկէ 8 ամիս ետք, սակայն չի բարեհաճիր հրապարակել այդ կոմիտէին որոշումը:
«Նկատի ունենալով, որ չենք կրնար պայքարիլ ֆետերասիոնին անարդարութիւններուն դէմ, որոշեցինք վերջնականապէս դադրեցնել մեր ելոյթները», ըսաւ Գրիգորեան:
Նշենք, որ Լոռի իր բողոքը ներկայացուցած էր ֆետերասիոնին, որպէսզի Ալաշկերտի եւ Ուրարտուի դէմ իր կատարած մրցումներուն թեքնիք պարտութիւն տայ անոնց երկուքին, սակայն ցարդ ոչինչ յայտարարուած էր այս ուղղութեամբ:
Հանրապետական մարզադաշտին վրայ Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 18-րդ հանգրուանին գծով սկզբունքով երէկ տեղի պիտի ունենար Լոռի-Արարատ Երեւան մրցումը: Մրցումին մեկնարկը տուած իրաւարարին սուլիչէն անմիջապէս ետք, Լոռիի ֆութպոլիստները դաշտը լքելով հեռացան:
Նշենք, որ Լոռիէն առաջ իր ելոյթները դադրեցուց նաեւ Գանձասար-Կապան:
Այսպիսով, Հայաստանի ախոյեանութիւնը պիտի շարունակուի 8 խումբով:




