Հովանաւորութեամբ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի, Լիբանանի դահուկարշաւի ֆետերասիոնը կը հիւրընկալէ փոքր երկիրներու դահուկարշաւի ախոյեանութիւնը` Արզի շրջանին մէջ:
19, 20 եւ 21 մարտին տեղի պիտի ունենան տղոց եւ աղջկանց կրտսերներու մրցումները` մասնակցութեամբ 9 երկիրներու:
Այդ երկիրներն են` Սերպիա, Արժանթին, Քոլոմպիա, Վենեզուելա, Էքուատոր, Մեքսիքա, Փորթուգալ, Թրինիտատ եւ Լիբանան:
Նշուեցաւ, որ շատ հաւանաբար այսօր կամ վաղը քանի մը երկիրներ եւս իրենց մասնակցութիւնը հաստատեն:


