Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ Քանատայի Կեդրոնական Կոմիտէի Յայտարարութիւնը` Հայ Դատի Յանձնախումբի Օթթաուայի Շէնքի Գնման Առիթով

February 13, 2021
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի վերանկախացումէն ի վեր Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան համար,Հայ դատի գծով իր գործունէութեան մէջ հիմնական սկզբունք եղած է քաղաքական օժանդակութեամբ սատարել հայրենի պետութեանց եւ այդ իմաստով, սփիւռքի դաշնակցական կառոյցներու քաղաքական կարողականութիւնը ի սպաս դրած է Հայաստանի եւ Արցախի պետականութեանց վերելքին:

Մինչեւ վերանկախացման անկիւնադարձը, 1965-էն ի վեր գործող Քանատայի ՀՅԴ Հայ դատի յանձնախումբի աւելի քան կէս դարու առաքելութիւնը ունեցած է պահանջատիրական եւ Ցեղասպանութեան ճանաչման ուղղուածութիւն, առաւել` քանատահայութիւնը շահագրգռող հարցերու բարձրաձայնման վարքագիծ, միաժամանակ հանդիսանալով կամուրջը հայ համայնքին եւ Քանատայի պետական կառոյցներուն միջեւ:

Ներկայիս արդէն իսկ բազմաճիւղ գործունէութիւն ծաւալող Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբի գլխաւոր նպատակակէտերուն մէջ ընդգրկուած են Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման ամրագրումն ու անցումը դէպի հատուցման փուլ,  Հայաստանի Հանրապետութեան հզօրացման ու բարգաւաճման ուղղուած նախաձեռնութիւնները, Արցախի ինքնորոշման իրաւունքի հետապնդումը եւ քանատահայութեան իրաւունքներու յանձանձումը:

Այս ծիրին մէջ, 2006 թուականի Օթթաուայի իր գրասենեակի բացումէն ի վեր, Հայ դատի յանձնախումբը, մինչեւ օրս Քանատայի մայրաքաղաքին մէջ կը շարունակէ պահանջատիրական, բանակցային-յարաբերական ու տեղեկատուական իր առաքելութիւնը:

Այսօր, յատկապէ՛ս 2020 թուականի արցախեան պատերազմէն ետք, երբ ականատեսը կ՛ըլլանք, թէ ինչպէ՛ս հայութեան հանդէպ Ցեղասպանութիւնը տարբեր բնոյթներով կը շարունակուի տակաւին, երբ թուրք-ազրպէյճանական յարձակողապաշտութեան զոհ կը դառնայ Արցախի բնակչութիւնը, երբ տակաւ կը սեղմուի հայրենիքի շրջափակման օղակը, երբ կը շարունակուին պետական մեր սահմանները ձեւազեղծելու ոտնձգութիւնները, առաւել քան երբեք հրամայական դարձած է առաւել թափ տալ Հայ դատի մեր գործունէութեան ու Օթթաուայի մէջ անոր զգալի ներկայութեան:

Վերոնշեալ մարտահրաւէրներու դիմագրաւման համար, առաւել եւս, նկատի ունենալով ՀՅԴ Քանատայի կառոյցի իրերայաջորդ շրջանային ժողովներու ընթացքին ընդունուած յստակ բանաձեւերը, ՀՅԴ Քանատայի Կեդրոնական կոմիտէն, 2021 թուականի փետրուարի 1-ին, Օթթաուայի քաղաքակեդրոնի մերձակայութեամբ, պաշտօնական պայմանագրութեամբ գնեց եռայարկ շէնք մը, որ շուտով պիտի դառնայ Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբի նստավայրն ու աշխատանքային-գրասենեակային կայքը:

Մեր համոզումն է, որ Քանատայի մայրաքաղաքէն ծաւալ ստանալիք Հայ դատի յառաջիկայ աշխատանքին` յաւելեալ խթան պիտի հանդիսանայ այս նոր ձեռքբերումը, եւ Քանատայի տարբեր քաղաքներու մէջ գործող Հայ դատի յանձնախումբերու հետ համատեղ ջանքերով զգաստ ու պատրաստ պիտի ըլլանք դիմագրաւելու հայութեան ու Հայոց աշխարհի նոր մարտահրաւէրները:

ՀՅԴ ՔԱՆԱՏԱՅԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ

 

Նախորդը

Րաֆֆի Ճիկերեանի Յիշակատին. Ճատրակը Իբրեւ Մարտահրաւէր Րաֆֆի Ճիկերեանի Յիշակատին. Ճատրակը Իբրեւ Մարտահրաւէր

Յաջորդը

Սփիւռքի Օրակարգային Վերանայման Անհրաժեշտութիւնը

RelatedPosts

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու
Գաղութային

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու

October 27, 2026
Ընթացք Առաւ Համազգայինի «Օշական» Գիրքի Ակումբի Գործունէութիւնը
Գաղութային

Համազգայինի «Օշական» Ակումբի Երկրորդ Հանդիպումը Քննարկեց Յակոբ Պարոնեանի «Քաղաքավարութեան Վնասները» Հատորը

October 27, 2026
Կրծքագեղձի Քաղցկեղի Մասին Իրազեկման Հանդիպում
Գաղութային

Կրծքագեղձի Քաղցկեղի Մասին Իրազեկման Հանդիպում

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.