Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Յղած Ցաւակցագիրը Վիգէն Ստեփանեանի Ընտանիքին

January 21, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի Հանրապետութեան արուեստի վաստակաւոր գործիչ պրն. Վիգէն Ստեփանեանի ընտանիքին,

Խոր ցաւով իմացանք պրն. Վիգէն Ստեփանեանի անակնկալ մահուան գուժը: Այս տխուր առիթով, մեր վշտակցութիւնը կը յայտնենք ձեզի եւ անոր անմիջական բոլոր հարազատներուն:

Համոզուած ենք, որ ազգի ազնիւ զաւակի, հաւատարիմ բարեկամի եւ մշակոյթի անխոնջ գործիչի անունն ու յիշատակը միշտ վառ պիտի մնան բոլորիս սրտերուն մէջ:

Ան 1993-2004 տարիներուն  Համազգային Հայ կրթական եւ մշակութային Միութեան պատմութեան մէջ ունեցած է նշանակալից ներդրում: Համազգայինի մէջ անոր ունեցած գործունէութենէն մեծագոյնը հանդիսացաւ Լիբանանի մանկական թատրոնի աշխարհը, երբ իր եւ օրուան Համազգայինի Շրջանային վարչութեան գործակցութեամբ, յառաջացաւ մանկական «Արեգ» թատերախումբը, որ դարձաւ թատերական մարդուժի պատրաստութեան դարբնոց: «Արեգ»-ը օրին, գեղարուեստի միւս դպրոցներուն հետ, Նոր տարուան առիթով մանկական ելոյթներ տալով, մեծ խանդավառութիւն ստեղծեց լիբանանահայ մշակութային կեանքին մէջ:

Ասկէ անկախ, դարձեալ պրն. Վիգէնին եւ վարչութեան ճիգերով, իրականացաւ նաեւ «Արեգ» թատերախումբին ճամբորդութիւնը դէպի Հայաստան եւ Արցախ, ուր մեր երեխաները ելոյթներ ունեցան ու մեծ խանդավառութիւն ստեղծեցին:

Բազմաշնորհ արուեստագէտը Համազգայինի բոլոր հանդիսութիւններուն վրայ ձգած է իր իւրայատուկ դրոշմը` կազմակերպչական, բեմական յարդարումի եւ ընդհանրապէս ելոյթներու գեղարուեստական յղացքին մէջ:

19 յունուար 2021-ին լիբանանահայ գաղութը կորսնցուց վաստակաշատ արուեստագէտ մը: Իր մահը սուգի կը մատնէ իր բոլոր աշակերտները, գործակիցները, ինչպէս նաեւ Համազգայինի Լիբանանի մեծ ընտանիքը: Իր աշակերտները, ինչպէս նաեւ մենք եւ համայն հայութիւնը միշտ պիտի յիշենք պրն. Վիգէնը իր գործերուն եւ աշակերտներուն ընդմէջէն, որոնք այսօր դերասաններ եւ բեմադրիչներ են արդէն` «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբին մէջ, թէ այլուր:

Պրն. Ստեփանեան Լիբանանի մշակութասէր հանրութեան ներկայացուց վաւերական աշխատանքներ եւ գործակցեցաւ հայրենի եւ լիբանանցի մեծանուն դէմքերու հետ: Յատկանշական էր, օրինակ` Վարուժան Խտըշեանի բեմադրութեամբ եւ Սօս Սարգսեանի հետ միասին անոր ներկայացումը:

Համազգայինի ընտանիքը առիթը ունեցաւ իր երախտագիտութիւնը յայտնելու մեծ արուեստագէտին, Հայաստանի մէջ, շուրջ երկու տարի առաջ, «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբին ճամբով` զինք պարգեւատրելով ներկայացումներէն մէկուն աւարտին: Յարգա՛նք իր մեծ վաստակին եւ ներդրումին:

Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի:

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԼԻԲԱՆԱՆԻ
ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

Երեքշաբթի, 19 յունուար 2021

Նախորդը

Ազրպէյճանին Յանձնուած «Սիտնէյ»-ն ու Սփիւռքահայերի Յոյսերը

Յաջորդը

Հաւաքական Աշխատանքով Եւ Կամքով

RelatedPosts

Առաջնորդական Պատգամ 2018-2019 Կրթական Տարեշրջանի  Վերամուտին Առիթով
Անդրադարձ

Հայ Դպրոցը Պէտք Ունի Իր Արձանագրած Յաջողութիւնները Նշմարող Ու Գնահատող Ջատագովներու

October 10, 2026
Համազգային Հայ Կրթական Եւ Մշակութային Միութիւնը Կը Հրապարակէ Իր Նշանաբանը` «Լոյսով Լոյսին»
Անդրադարձ

Թարգմանչաց Պատգամը` Ազգային Արժէքային Համակարգի Վերանորոգման Եւ Մեր Գոյերթի Հրամայական

October 10, 2026
Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Իմ Սիւնակը-Ձեր Աշխարհը. Փոխան Երախտիքի Զարմանալի Եւ Տխուր Խօսքեր Հայրենիքէն (Կրթական Վերամուտ Եւ Թարգմանչաց)

October 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.