Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Փրեմիեր Լիկ»-ի 12-րդ հանգրուանի ծիրին մէջ տեղի ունեցած Մանչեսթըր քաղաքի տերպիի մրցումը` Եունայթըտի եւ Սիթիի միջեւ, նախորդ շաբաթավերջին աւարտեցաւ 0-0 արդիւնքով հաւասարութեամբ:
Երկրին գործող ախոյեանը` Լիվըրփուլ, չկրցաւ յաղթանակ մը արձանագրել Ֆուլհեմի դաշտին վրայ, անոր հետ արձանագրելով 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը:
Լիվըրփուլ իր հաւասարութեան կոլը նշանակեց մրցումին 79-րդ վայրկեանին` շնորհիւ Մոհամետ Սալահի փենալթիին:
Լիվըրփուլ, որ այժմ ունի 25 կէտ, կոլ էվըրէյճի տարբերութեամբ ետ կը մնայ պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Թոթենհամէն:



