Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նշմար. Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումը Եւ Լիբանանահայերը

November 9, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՐԵՒ

Լիբանանի անձրեւները նախորդ շաբաթ տեղացին տառապած երկրին վրայ` նոր դժուարութիւններու եւ մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման դնելով արդէն իսկ բազում հարցերու ծանրութեան տակ մեծապէս կքած լիբանանցին: Արդարեւ,  տնտեսական սուր տագնապը, «Քորոնա»-ն, Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումը, անգործութիւնը, «Քորոնա»-ին պատճառով ստեղծուած հիւանդանոցային անել կացութիւնը, դեղորայք ապահովելու դժուարութիւնը, երեւակայական սղաճը, լիբանանեան դրամանիշի արժեզրկումը, լիբանանցիին առօրեային մաս կազմող ջուրի եւ ելեկտրականութեան տագնապներուն կողքին, կը սպառնան լիբանանցիին ապրելու եւ գոյատեւելու վճռակամութեան:

Պայթումէն առաջ եւ ետք

Սովորաբար օրհնաբեր նկատուող անձրեւները Լիբանանի մէջ տարբեր ձեւով ընկալուեցան յատկապէս այս տարի. արդարեւ, անոնք անել կացութեան մատնեցին մասնաւորապէս Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն վնասուած բնակարաններուն վիրաւոր եւ թափառական – գաղթական բնակիչները: Տխուր է Պէյրութի պատկերը:  Հակառակ անոր որ պայթումէն արդէն երեք ամիսներ անցած են, սակայն տակաւին կան բնակարաններ, որոնց բնակիչները կերպընկալներով փորձած են փակել իրենց պատուհաններն ու դռերը` պաշտպանուելու համար տեղացող անձրեւէն եւ մօտալուտ փոթորիկէն:

Մեր թաղի տեղացի բնակիչները թաքուն նախանձով դիտեցին ու կը դիտեն հայ բնակիչներուն բնակարաններուն մէջ կատարուող շինարարական նորոգութիւնները: Անոնք նաեւ բարձրաձայն կը հաստատեն, որ հայերը նեղութեան պարագային միշտ իրարու օգնող առաջին անձերը կ՛ըլլան:

Արդարեւ, պայթումի սարսափը չթօթափած, մեր հայկական կազմակերպութիւնները արդէն իսկ լծուած էին աշխատանքի, անոնք տիրական ներկայութիւն էին Պէյրութի մէջ` օժանդակելու բնակարաններու մաքրութեան աշխատանքին: Մաքրութեան աշխատանքները չամբողջացած, կոմիտէութիւններ, Ազգային առաջնորդարան, Հայ բարեգործական ընդհանուր միութիւն, հայ բարերար անհատներ, հայ երիտասարդներէ կազմուած խումբեր ստանձնեցին հայ բնակարաններու անմիջական անհրաժեշտութիւն ներկայացնող բաժիններուն նորոգութիւնը: Յաջորդող շաբաթներուն «Լիբանանահայութեան վերականգնումի մարմին»-ին կատարած նիւթական կարեւոր օժանդակութիւնը ալ աւելի դրական ազդեցութիւն ունեցաւ վերանորոգութեան աշխատանքներուն յառաջացման: Սոյն օժանդակութիւնը կատարուեցաւ թէ՛ Պէյրութի, եւ թէ Պուրճ Համուտի մէջ վնասուած բնակարաններուն անմիջական նորոգութիւնները կատարելու համար: Ապա, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնն ալ իր կարգին նիւթապէս օժանդակեց Պէյրութի եւ Պուրճ Համուտի մէջ բնակող եւ պայթումէն տուժած ՀՄԸՄ-ականներուն:

Վարձքը կատա՛ր բոլոր կազմակերպութիւններուն, մարմիններուն, անհատ բարերարներուն, որոնք անտէր չձգեցին իրենց հայրենակիցները` երկվայրկեանի մը մէջ շատ ծանր կացութեան մէջ յայտնուած…

Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն տուժած բնակիչներուն թէ՛ նիւթական, եւ թէ հոգեկան իրավիճակը երկար ժամանակի կը կարօտի բուժուելու: Անկարելի է, որ լիբանանցին կարենայ մոռնալ 4 օգոստոս 2020-ին ապրած սարսափը: Պայթումին ահեղ ձայնը եւ արիւնլուայ ժողովուրդը, վախէն սարսափած եւ վիրաւոր երեխաները, հարազատ կորսնցուցած եւ այդ ցաւով տանջուող քաղաքացին եւ բազում այլ պատկերները յաւերժ փորագրուած պիտի մնան մեր յիշողութեան մէջ: Սակայն, անձրեւի առաջին կաթիլներուն հետ եկէք հաստատենք, որ արդարօրէն եւ հպարտութեամբ մեր գաղութը եւ աշխարհասփիւռ հայութիւնը փաստեցին, թէ հայերը իսկապէս թիկունք եւ նեցուկ են իրարու: Ճիշդ էր մեր արաբ դրացիներուն նկատողութիւնը, անոնք իրաւունք ունին նախանձով եւ զմայլանքով դիտելու մեզ եւ հաստատելու. «Դո՛ւք` հայերդ տարբեր էք»:

 

 

 

Նախորդը

Լռութեամբ Օգնենք Հայ Զինուորին

Յաջորդը

Թուրքիա Ֆրանսան «Աւազակային» Պետութիւն Կ՛որակէ

RelatedPosts

Առաջնորդական Պատգամ 2018-2019 Կրթական Տարեշրջանի  Վերամուտին Առիթով
Անդրադարձ

Հայ Դպրոցը Պէտք Ունի Իր Արձանագրած Յաջողութիւնները Նշմարող Ու Գնահատող Ջատագովներու

October 10, 2026
Համազգային Հայ Կրթական Եւ Մշակութային Միութիւնը Կը Հրապարակէ Իր Նշանաբանը` «Լոյսով Լոյսին»
Անդրադարձ

Թարգմանչաց Պատգամը` Ազգային Արժէքային Համակարգի Վերանորոգման Եւ Մեր Գոյերթի Հրամայական

October 10, 2026
Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Իմ Սիւնակը-Ձեր Աշխարհը. Փոխան Երախտիքի Զարմանալի Եւ Տխուր Խօսքեր Հայրենիքէն (Կրթական Վերամուտ Եւ Թարգմանչաց)

October 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.