Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«ՀՈԳԵՄՏԱՒՈՐ ԿԱԶՄԱՒՈՐՈՒՄԸ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՄԻԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ԿԵԱՆՔԻՆ ՈՒ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԵԱՆ ԿԱՐԵՒՈՐ ԱՌԱՋՆԱՀԵՐԹՈՒԹԻՒՆՆԵՐԷՆ ՄԷԿՆ Է» Կ՛ԸՍԷ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

January 20, 2012
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վերոնշեալ շեշտաւորումով Արամ Ա. կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան վանաբնակ միաբաններուն յիշեցուց հոգեմտաւոր կազմաւորման կարեւորութիւնը միաբանութեան ծառայական կեանքին մէջ: Վեհափառը ըսաւ. «Կ՛ապրինք զարգացման արագ ընթացքի մէջ գտնուող աշխարհի մը մէջ: Մեր ժողովուրդի ծառայութեան լծուած հոգեւորականը իրաւունք չունի հեռու մնալու այն զարգացումներէն ու նուաճումներէն, որոնք տեղի կ՛ունենան մեր շուրջը աննախատեսելի արագութեամբ: Ներկայ սերունդին հետ խօսելու համար, ժողովուրդի կարիքներուն ու մտահոգութիւններուն ընդառաջելու համար ներկայ աշխարհի մարտահրաւէրներուն դիմաց Աստուծոյ խօսքը քարոզելու համար, հոգեմտաւոր զարգացումը կենսական է»: Շարունակելով իր խօսքը` վեհափառը ըսաւ. «Հոգեւորականին համար միայն մտաւոր զարգացումը բաւարար չէ. մտաւորին պէտք է ընկերանայ հոգեւորը: Հոգեւոր ու մտաւոր կազմաւորումը զիրար կ՛ամբողջացնեն: Հոգեւորականը յատուկ կարեւորութիւն պէտք է տայ ինքնաշխատութեան ու ինքնազարգացման` զանոնք վերածելով մնայուն ընթացքի իր կեանքին մէջ»:

Յայտնենք, որ վեհափառը կը շարունակէ յատուկ կարեւորութիւն ընծայել Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբաններուն հոգեմտաւոր զարգացման` այս գծով զանազան ազդու միջոցներու դիմելով: Այսպէս, ներկայ տարեշրջանին Հայկազեան համալսարանին հետ գործակցաբար, վանաբնակ երիտասարդ միաբաններու անգլերէնի յատուկ դասընթացքները կը շարունակուին ամերիկացի դասատուի մը գլխաւորութեամբ, երկու վանաբնակ միաբաններ կը հետեւին անգլերէն դասընթացքի լեզուագիտութեան նոյն կեդրոնին մէջ, միաբան մը ֆրանսերէնի` Ֆրանսական մշակութային կեդրոնին մէջ, այլ միաբան մը գերմաներէնի` գերմանական «Կէօթէ» հաստատութեան մէջ, ուրիշ միաբան մը արաբերէնի` Քասլիքի համալսարանին մէջ: Յայտնենք նաեւ, որ երկու միաբաններ շուտով պիտի սկսին հետեւիլ երաժշտանոցի դասընթացքներու: Իսկ թեմերուն մէջ ծառայող միաբաններէն երկուքը Քանատայի մէջ կը շարունակեն իրենց համալսարանական ուսումը, իսկ այլ միաբան մը Յունաստանի մէջ սկսած է իր համալսարանական ուսման: Երէց միաբաններէն արդէն իսկ ոմանք իրենց համալսարանական ուսումը աւարտած են ու տիրացած համապատասխան վկայականներու:

Այս դրական երեւոյթը ողջունելով` վեհափառը յիշեցուց միաբաններուն, որ «ուսումը ինքնանպատակ պէտք չէ դառնայ, այլ ան պէտք է վերածուի ծառայութեան: Ուսումնական մարզին մէջ մեր ձեռք ձգած յաջողութիւնները պէտք է ի սպաս դնենք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան առաքելութեան կենսագործման` ի խնդիր մեր եկեղեցւոյ պայծառացման, մեր հայրենիքի ծաղկման ու մեր ազգային պահանջատիրութեան հզօրացման»:

 

 

Նախորդը

ՄԱՐԱՇԻ ԱՂԷՏԻ 92-ԱՄԵԱԿ. ՄԱՐԱՇԻ ՍԱՆՃԱՔ – ՏՕՆԵՐ

Յաջորդը

«ԱԶԴԱԿ»-Ի ՖՈՆՏԻՆ

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Քուէյթի Թեմի Ազգային Վարչութիւնը
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Քուէյթի Թեմի Ազգային Վարչութիւնը

November 23, 2026
Զրոյց-Բանախօսութիւն. «Միսաք Մանուշեան. Դիմադրողի Մը Ուղին՝ Որբանոցէն Մինչեւ Պանթէոն»
Գաղութային

Զրոյց-Բանախօսութիւն. «Միսաք Մանուշեան. Դիմադրողի Մը Ուղին՝ Որբանոցէն Մինչեւ Պանթէոն»

November 21, 2026
Արամ Ա. Կաթողիկոս Այցելեց Լիբանանի  Հանրապետութեան Նախագահ Զօր. Ժոզեֆ Աունի
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Այցելեց Լիբանանի Հանրապետութեան Նախագահ Զօր. Ժոզեֆ Աունի

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.