Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ «ԿՈՄԻՏԱՍ» ՄԱՍՆԱՃԻՒՂ. ՇԱՀԵԿԱՆ ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ` «ՀԱՅ ԹԱՏՐՈՆԸ ԴԷՊԻ Ո՞ՒՐ» ՆԻՒԹՈՎ

March 29, 2011
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Դասախօսական երեկոյէն պահ մը (Լուսանկարը` ԱԼԵՔՍ ԿԻՒՐԻՒՆԼԵԱՆի)

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Կոմիտաս» մասնաճիւղին, երէկ` երկուշաբթի, 28 մարտ 2011-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Համազգայինի «Նշան Փալանճեան» կեդրոնի մասնաճիւղի ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ դասախօսութիւն` «Հայ թատրոնը դէպի ո՞ւր նիւթով: Օրուան բանախօսն էր հայրենի վաստակաւոր բեմադրիչ-դերասան Դաւիթ Յակոբեան:

Կազմակերպիչ յանձնախումբին անունով Սեդա Խտըշեան ներկաներուն բարի գալուստ մաղթելէ ետք ամփոփ կէտերու մէջ ներկայացուց Դաւիթ Յակոբեանի կենսագրութիւնը եւ գործունէութիւնը: Ան յայտնեց, որ Յակոբեան 2010-ին արժանացած է Հայաստանի նախագահի մրցանակին` այլ շքանշաններու կողքին: Ան Լիբանանի մէջ 3 տարի գործած է Համազգայինի հովանիին տակ ղեկավարելով «Արեգ» մանկապատանեկան, «Գ. Իփեկեան» եւ պատանիներու թատերախումբերը:

Ս. Խտըշեան նկատել տուաւ, որ ներկայիս Դաւիթ Յակոբեան Հայաստանի մէջ ունի իր սեփական թատրոնը. ան միաժամանակ բեմադրիչ-դերասան է Համազգայինի թատերախումբին մէջ:

Դաւիթ Յակոբեան խօսեցաւ Հայաստանի մէջ թատրոնի դիմագրաւած դժուարութիւններուն մասին: Սահմանելով թատրոնը` Յակոբեան նկատել տուաւ, որ թատրոնը հասարակական այն շերտն է, որ կ՛անդրադառնայ այդ հասարակութեան, ժողովուրդին եւ հաւաքականութեան վիճակին, ինչպէս նաեւ քաղաքական, բարոյական եւ կրթական վիճակները խտացուած ձեւով կը փոխանցէ: Ան նկատել տուաւ, որ թատրոնին էութեան մէջ բան չէ փոխուած, եթէ համեմատենք անցեալին հետ` աւելցնելով, որ ներկայիս գոյութիւն ունին թատրոններ, որոնք լուրջ հարց ունին: Յակոբեան յայտնեց, որ ներկայիս Հայաստանի մէջ կը գործեն 16 պետական թատրոններ: Ան հաստատեց, որ պատմութիւնը կը վկայէ, որ մշակոյթի գործիչները հասարակական հաւաքական ազատութիւնը կը սպաննեն եւ անոնք կը փնտռեն տեղեր, ուր կայ գիտակցութեան, հոգեբանութեան, էութեան, փիլիսոփայութեան ճնշում:

«Ճնշումը յաղթահարելով նոր միտքեր, նոր իտէալներ եւ նոր տաղանդներ կը ծնին եւ ծաղկում կ՛ապրին», հաստատեց բանախօսը` աւելցնելով, որ թատրոնը լաւ վիճակի մէջ կ՛ըլլայ այն ատեն միայն, երբ գաղութը լաւ վիճակի մէջ է: Ան շեշտեց, որ խեղճ գաղութ մը չի կրնար ունենալ աշխուժ մշակութային կեանք, իսկ խեղճ պետութիւնը չի կրնար ունենալ աշխուժ թատերական կեանք: Ան նկատել տուաւ, որ թատրոնը Հայաստանի մէջ նոր սկսած է աշխուժանալ եւ թատերական գործիչներ բոլոր դժուարութիւնները դիմագրաւելով կ՛աշխատին ու կը ստեղծեն:

Դ. Յակոբեան նկատել տուաւ որ ներկայիս Հայաստանի պետութեան մէջ կը պատահին հետաքրքրական բաներ, որոնք յոյս կը ներշնչեն աշխատելու թատրոնին մէջ: Ան ընդգծեց, որ կառավարութեան հովանաւորութեամբ ստեղծուած է «Լոյս» հիմնադրամը, որուն միջոցով համալսարանական ուսանողը կրնայ ուսանիլ երկրէն դուրս համալսարանի մը մէջ եւ ծախսը պետութիւնը կը հոգայ:

Այս երեւոյթը դրական է, որովհետեւ հայաստանցի պատանիները այս ձեւով կը կրթուին, ապա կը վերադառնան հայրենիք: Ան նկատել տուաւ նաեւ, որ Հայաստանի թատրոնները իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն միջազգային փառատօններու` արժանանալով մրցանակներու: Եզրափակելով իր խօսքը` Դաւիթ Յակոբեան նկատել տուաւ, որ վաստակաւոր բեմադրիչ-դերասաններու գործն է օգնել երիտասարդ նոր սերունդի ներկայացուցիչներուն, որպէսզի յաջողութիւն գտնեն թատերական կեանքին մէջ:

Աւարտին ներկաները լուսաբանական հարցումներ ուղղեցին բանախօսին:

 

Նախորդը

ՀՅԴ ԼԵՄ. «ՔԱՂԱՔԱԿԱՆԱՑԱԾ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԻՒՆԸ» ՆԻՒԹՈՎ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՉԱԿԱՆ ՍԵՄԻՆԱՐՆԵՐ

Յաջորդը

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԱՏԱՆ ՄԷՋ ԼԻԲԱՆԱՆ – ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԲԱՐԵԿԱՄԱԿԱՆ ԸՆԿԵՐԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՀԻՄՆԱԴԻՐ ԱՆԴԱՄՆԵՐՈՒՆ ԵՐԿՐՈՐԴ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Քուէյթի Թեմի Ազգային Վարչութիւնը
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Քուէյթի Թեմի Ազգային Վարչութիւնը

November 23, 2026
Զրոյց-Բանախօսութիւն. «Միսաք Մանուշեան. Դիմադրողի Մը Ուղին՝ Որբանոցէն Մինչեւ Պանթէոն»
Գաղութային

Զրոյց-Բանախօսութիւն. «Միսաք Մանուշեան. Դիմադրողի Մը Ուղին՝ Որբանոցէն Մինչեւ Պանթէոն»

November 21, 2026
Արամ Ա. Կաթողիկոս Այցելեց Լիբանանի  Հանրապետութեան Նախագահ Զօր. Ժոզեֆ Աունի
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Այցելեց Լիբանանի Հանրապետութեան Նախագահ Զօր. Ժոզեֆ Աունի

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.