«Football Italia» կը յայտնէ ըսելով, որ Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութիւնը կրնայ մնալ անաւարտ, եթէ խմբային փորձերուն վերսկսումէն ետք ի յայտ գան «Քորոնա» ժահրի նոր պարագաներ:
Իտալիոյ առողջապահութեան փոխնախարար՝ Սանտրա Ցամփա կատարեց հետեւեալ յայտարարութիւնը.
«Եթէ ոեւէ մէկը խումբերուն յանձնէ «Քորոնա» ժահրի դրական պատասխան, այժմէն իսկ կու գանք ըսելու, որ տարեշրջանը պիտի չվերսկսի: Եթէ դուք չէք ուզեր տարեշրջանը աւարտել, այդ մէկը աւարտողը պիտի ըլլայ՝ «Քորոնա»-ն:
«Ֆութպոլ սիրելը կը նշանակէ հոգ տանիլ այդ ոլորտին մէջ աշխատող մարդոց մօտ: Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան վերսկսման մասին խօսիլը՝ տնտեսական է» :
Նշենք, որ այժմ իտալական խումբերը թէեւ սկսած են իրենց փորձերուն, սակայն՝ անհատական ծրագիրներով:



