ԵՈՒ.Է.ԷՖ.Ա.-ի մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ անփոփոխ պահեց Եւրոպայի ֆութպոլի յոբելեանական ախոյեանութեան՝ ԵՒՐՕ-2020-ի անուանումը:
Նախորդ 17 մարտին Եւրոպայի 2020-ի ախոյեանութիւնը յետաձգուեցաւ մէկ տարիով:
Նշենք, որ Եւրոպայի 60-րդ ախոյեանութիւնը տեղի պիտի ունենայ 11 յունիսէն՝ 11 յուլիս, եւրոպական 12 քաղաքներու մէջ:



