Հինգշաբթի, 19 դեկտեմբերին տեղի ունեցած է Թուրքիոյ նախկին վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլուի հիմնած Ապագայ կուսակցութեան հիմնադիր խորհուրդի նիստը, որուն ընթացքին ընտրուած են կուսակցութեան գործադիր խորհուրդի, բարոյագիտութեան եւ կարգապահական յանձնախումբերու անդամները: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Կազեթէ Տուվար» օրաթերթը:
Նիստի ընթացքին 132 անձերու քուէարկութեան հիմամբ կուսակցութեան նախագահ ընտրուած է Թուրքիոյ նախկին վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլու:
60 հոգիներէ բաղկացած գործադիր խորհուրդի անդամ ընտրուած է նաեւ կուսակցութեան համահիմնադիրներէն լրագրող Էթիեն Մահչուփեան:
Մահչուփեան Տաւութօղլուի իբրեւ վարչապետ պաշտօնավարման ընթացքին տեւաբար վարած է անոր գլխաւոր խորհրդականի պաշտօնը:



