«Պատմութեան հին էջերէն թշնամութիւն ստեղծելն ու նոր հարցեր յառաջացնելը ներկայ աշխարհին մէջ անընդունելի է եւ հեռու` ապագայի միասնական կառուցման տեսլականէն»
ՌԵՃԵՓ ԹԱՅԻՊ ԷՐՏՈՂԱՆ
… Եւ դեռ այս բանաձեւը վաւերացուեցաւ` հակառակ Էրտողանի եւ իր հլու կամակատարներու Հայոց ցեղասպանութիւնը մերժող եւ դրժող 1915.gov.tr կայքի հաստատման, որուն դիմաւորող էջին վրայ տեղադրուած են այս խօսքերը, բնականաբար` սուլթանամէտ նախագահին նկարով:
Յերիւրածոյ եւ խեղաթիւրող տեղեկութիւններով, փաստաթուղթերով, արխիւներով եւ լուսանկարներով լեցուն այս կայքը հիմնելով` Էրտողանի վարչամեքենան կը կարծէր եւ դեռ ալ կը կարծէ, որ պիտի կարենայ համոզել օտարը:
«Թայմինկ»-ն ալ յիշատակելի էր: Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող թիւ 150 բանաձեւը միաձայնութեամբ ընդունուեցաւ ամերիկեան ծերակոյտին կողմէ այն օրերուն (դեկտեմբեր 9) երբ 1948-ին Ռաֆայէլ Լեմքինի մտայղացած ՄԱԿ-ի Ցեղասպանութեան հռչակագիրի ու Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի օրը կը նշուէր:
Այդ օրերուն, երբ հաւաքներ կը կատարուէին թէ՛ կրթական եւ թէ՛ գիտական միջոցներով ցեղասպանութեան յանցագործութեան կանխարգիլման հիմնահարցերն ու մարտահրաւէրները ուսումնասիրելու, «Այլեւս երբեք»-ի դրօշը պարզելու եւ կանխելու որեւէ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹՒՒՆ… Այդ օրերուն է, որ ծերակոյտը, ի վերջոյ, առանց անձնական քմահաճոյքներու, մութ հաշիւներու ետին թաքնուած «ո՛չ»-ի եւ «վեթօ»-ներու` ընդունեց բանաձեւը:
Ծերակուտական Մենենտես յամառօրէն կառչած էր այդ բանաձեւը շարունակական հերթականութեամբ առաջադրելու: Նախապէս անոր ներկայացուցած բանաձեւին դէմ ելած էին յաջորդաբար` Լինզի Կրահամ, Տէյվիտ Փըրտու եւ Քեւին Քրէյմըր, որոնց կեցուածքին մասին կարելի է երկար հետազօտութիւններ կատարել եւ եզրակացութիւններու յանգիլ:
Այսպէս, Ներկայացուցչական տունէն ետք ծերակոյտն ալ պատշաճօրէն հաստատեց Հայոց ցեղասպանութեան ժխտման մերժումը, նաեւ` պաշտօնական ճանաչումն ու յիշատակութիւնը: Աւելի՛ն. վայրագութիւններու կանխարգիլման օժանդակելու համար այս բանաձեւով կանաչ լոյս տրուեցաւ` աջակցելու Հայոց ցեղասպանութեան մասին դաստիարակութեան:
Հուսկ, ժամանակն է, որ գործադիր իշխանութիւնը միանայ օրէնսդիր մարմինին եւ Սպիտակ տունն ալ` առանց երկմտանքի եւ յետին հաշիւներու, իր կարգին ճանչնայ այս բանաձեւը:



