Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուրք Ընդդիմադիր Երեսփոխանը Թուրքիոյ Խորհրդարանին Մեծամօրի Հիւլէական Կայանին Վերաբերեալ Առաջարկ Ներկայացուցած Է

December 13, 2019
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ գլխաւոր ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան Չոնկուլտաքի երեսփոխան Տենիզ Եաւուզ Եըլմազ առաջարկած է հետաքննել Հայաստանի Արմաւիր մարզին մէջ գտնուող Մեծամօրի հիւլէական կայանի վտանգները: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Էն.Թէ.Վէ.» կայքը:

Թուրք երեսփոխանը կը նշէ, որ 1977-ին կառուցուած հիւլէական կայանը, որ կը գտնուի Երեւանէն 36, իսկ Թուրքիոյ Իգտիր քաղաքէն 16 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ, Թուրքիոյ եւ շրջանային երկիրներու անվտանգութեան համար մեծ կարեւորութիւն կը պարունակէ:

Եաւուզ Եըլմազ յիշեցուցած է Չեռնոպիլի դէպքը եւ նշած, որ Մեծամօրը 200 անգամ աւելի հզօր է քան Հիրոշիմայի եւ Նակազաքիի վրայ նետուած հիւլէական ռումբերը:

Երեսփոխանը 40 այլ երեսփոխաններէ ստորագրուած առաջարկը ներկայացուցած է խորհրդարան:

«Պարզելու, թէ Մեծամօրի խնդիրը մեր երկրին եւ դրացի երկիրներուն վրայ ինչպիսի՛ կործանիչ հետեւանքներ կրնայ ունենալ եւ այդ խնդիրին միջազգային ընտանիքի ուշադրութիւնը հրաւիրելու համար, մենք` Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան անունով, 40 երեսփոխաններու ստորագրութեամբ խորհրդարանական հետաքննութեան առաջարկ ներկայացուցած ենք», յայտարարած է Եաւուզ Եըլմազ:

 

Նախորդը

«Հակառակ Դիրքորոշումներու Տարբերութեան` Ղարաբաղի Հարցին Մէջ Փոխըմբռնման Հասնիլը Կարելի Է» Կ՛ըսէ Զախարովա

Յաջորդը

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Նամակ Մը Յղեց Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի Ղեկավարութեան

RelatedPosts

Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարը Ընդունեց Հնդկաստանի Բանակի Ընդհանուր Հրամանատարը
Գլխաւոր լուրեր

Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարը Ընդունեց Հնդկաստանի Բանակի Ընդհանուր Հրամանատարը

February 3, 2026
«Մինչեւ Հայաստանի Մէջ Յունիսին Նախատեսուած Ընտրութիւնները, Մենք Կրնանք Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել»  Կ՛ըսէ Հասանկիւլիեւ
Գլխաւոր լուրեր

«Մինչեւ Հայաստանի Մէջ Յունիսին Նախատեսուած Ընտրութիւնները, Մենք Կրնանք Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել» Կ՛ըսէ Հասանկիւլիեւ

February 3, 2026
Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է
Գլխաւոր լուրեր

Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.