Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արցախեան Ազատ Հայրենիք Կուսակցութեան Պատուիրակութիւնը Գերմանիոյ Ընտրութիւններուն Դէտի Առաքելութիւն Կատարած Է

September 5, 2019
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Այլընտրանք Գերմանիոյ համար կուսակցութեան հրաւէրով, 1 սեպտեմբերին Պրանտենպուրկ երկրամասին մէջ կայացած խորհրդարանական ընտրութիւններուն դէտի առաքելութիւն կատարելու նպատակով Գերմանիոյ դաշնակցային հանրապետութիւն այցելած են Արցախի Ազատ հայրենիք կուսակցութեան «Հայրենիք» խորհրդարանական խմբակցութեան երեսփոխան Գագիկ Պետրոսեան եւ միեւնոյն կուսակցութեան բանբեր Վահրամ Պօղոսեան:

Ազատ Հայրենիք կուսակցութեան մամլոյ ծառայութենէն «Արմէնփրես»-ին յայտնած են, թէ Արցախի պատուիրակութեան անդամներուն  աշխատանքային օրակարգը կիրակի օր սկսած է Պունտեսթակի երեսփոխան Շթեֆեն Քոթրէի ուղեկցութեամբ այցելելով շարք մը ընտրական տեղամասեր` հետեւելու համար ընտրական հոլովոյթին:

Այնուհետեւ անոնք Պրանտենպուրկի երկրամասային խորհրդարանի շէնքին մէջ հանդիպում ունեցած են Այլընտրանք Գերմանիոյ համար կուսակցութեան խմբակցութեան ղեկավար Անտրէաս Քալիպիցի հետ, որ շնորհակալութիւն յայտնած է հրաւէրը չմերժելուն եւ Գերմանիա այցելելուն համար` նշելով, որ նման փոխադարձ այցելութիւններ մեծապէս պիտի նպաստեն փոխադարձ կապերու ամրապնդման: Արցախեան պատուիրակութեան անդամները, կարեւոր նկատելով միացեալ աշխատանքային օրակարգի ձեւաւորումը եւ որոշակի ուղղութիւններով գործողութիւններու ծաւալումը, ընդգծած են, որ ընտրական հոլովոյթները կը պահանջեն շարունակական զարգացում եւ այս իմաստով գերմանական փորձառութենէն կրնան լաւ օրինակներ քաղել:

Արցախեան Ազատ Հայրենիք կուսակցութեան պատուիրակութեան անդամները Պրանտենպուրկի մայրաքաղաք Փոցտամի Այլընտրանք Գերմանիոյ համար կուսակցութեան կեդրոնին մէջ առանձնազրոյց ունեցած են կուսակցութեան համահիմնադիր եւ Պունտեսթակի մէջ կուսակցութեան խմբակցութեան համանախագահ Ալեքսանտր Կաուլանտի հետ:

Ողջունելով արցախեան պատուիրակութեան առաքելութիւնը` գերմանական քաղաքական դաշտի ամէնէն փորձառու գործիչներէն համարուող Կաուլանտ վստահեցուցած է, որ անկախ Արցախի քաղաքական կարգավիճակէն, երկու քաղաքական ուժերուն միջեւ համագործակցութեան մեծ ներուժ կը տեսնէ:

Սեպտեմբեր 1-ին Պրանտենպուրկ եւ Սաքսոնիա երկրամասերուն մէջ միաժամանակ տեղի ունեցած ընտրութիւններուն Այլընտրանք Գերմանիոյ համար կուսակցութիւնը ստացած է աննախադէպ բարձր արդիւնքներ` երկու խորհրդարաններուն մէջ ալ դառնալով երկրորդ քաղաքական ուժը:

Ի տարբերութիւն այլ կուսակցութիւններու, Այլընտրանք Գերմանիոյ համար կուսակցութեան ստացած քուէներու համեմատութիւնը, բաղդատմամբ 2014-ին կայացած ընտրութիւններուն, նկատելի աճ արձանագրած է:

 

 

Նախորդը

Թուրքիոյ Իշխող Կուսակցութեան Բանբերը Դատապարտած Է Լիբանանի Նախագահ Զօր. Միշել Աունի Յայտարարութիւնները

Յաջորդը

Մովսէս Աբէլեան Նշանակուած Է ՄԱԿ-ի Մէջ Բազմալեզուութեան Հարցերու Համակարգող

RelatedPosts

Աւելի Քան 100 Քոնկրեսականներ Կը Պահանջեն  Կասեցնել Պաքուին Ամերիկեան  Զինուորական Աջակցութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Աւելի Քան 100 Քոնկրեսականներ Կը Պահանջեն Կասեցնել Պաքուին Ամերիկեան Զինուորական Աջակցութիւնը

October 9, 2026
«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները  Հանդիպած Են Հայաստանի Մէջ Միացեալ Նահանգներու  Գործերու Ժամանակաւոր Հաւատարմատար Տէյվիտ Ալենի Հետ
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Հանդիպած Են Հայաստանի Մէջ Միացեալ Նահանգներու Գործերու Ժամանակաւոր Հաւատարմատար Տէյվիտ Ալենի Հետ

October 9, 2026
ՀՅԴ Երիտասարդականը Մասնակցեցաւ Ընկերվար  Երիտասարդներու Միջազգային Միութեան Պալքանեան  Եւ Սեւծովեան Շրջանային Յանձնախումբի Նիստին
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ Երիտասարդականը Մասնակցեցաւ Ընկերվար Երիտասարդներու Միջազգային Միութեան Պալքանեան Եւ Սեւծովեան Շրջանային Յանձնախումբի Նիստին

October 8, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.