Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանի Ողիմպիական Կոմիտէին Կեդրոնատեղիին Մէջ. Պաշտօնապէս Յայտարարուեցաւ Արեւմտեան Ասիոյ Կրտսերներու Աթլեթիզմի Ախոյեանութիւնը Հիւրընկալելու Մասին

August 10, 2019
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ինչպէս ծանօթ է, 15-18 օգոստոսին Լիբանան Ժամհուր վարժարանին մէջ կը հիւրընկալէ Արեւմտեան Ասիոյ կրտսերներու աթլեթիզմի 3-րդ ախոյեանութիւնը` հովանաւորութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի:

Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնը, Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէին կեդրոնատեղիին մէջ (Հազմիէ) յատուկ մամլոյ ասուլիս մը տալով, պաշտօնապէս յայտարարեց այս ախոյեանութիւնը հիւրընկալելու մասին:

Այս ախոյեանութեան (12-18 տարեկան երկսեռ մարզիկներ) իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն հետեւեալ 11 երկիրները. Պահրէյն, Քուէյթ, Սէուտական Արաբիա, Քաթար, Իրաք, Եմէն, Սուրիա, Յորդանան, Պաղեստին, Օման եւ Լիբանան: Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ ներողութիւն խնդրեցին անոր մասնակցիլ չկարենալնուն համար:

Մամլոյ ասուլիսին ներկայ գտնուեցան Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Ժան Համմամ եւ կոմիտէի այլ անդամներ, Ասիոյ աթլեթիզմի ֆետերասիոնի անդամ, Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնի նախագահ Ռոլան Սաատէ, միջազգային ողիմպիական դասախօս Ժիհատ Սալամէ, Ներքին ապահովութեան ուժերու մարզական բաժանմունքի ընդհանուր պատասխանատու գնդապետ-զօրավար Հիւսէյն Խաշֆէ, մարզական լրագրողներ, ախոյեանութեան մասնակցող լիբանանցի մարզիկները, անոնց մարզիչները, մարզական լրագրողներ եւ հրաւիրեալներ:

Առաջին խօսք առնողը հանդիսացաւ այս ախոյեանութեան թեքնիք տնօրէն, Արեւմտեան Ասիոյ աթլեթիզմի ֆետերասիոնի անդամ, Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնի գանձապահ Ուասիմ Հաուլի:

Ան յայտնեց, որ պատուիրակութիւնները Լիբանան պիտի սկսին հասնիլ շաբաթ, 10 օգոստոսէն սկսեալ: Անոնց ժամանումը պիտի ամբողջանայ չորեքշաբթի, 14 օգոստոսին, մինչ բացման պաշտօնական հանդիսութիւնը տեղի պիտի ունենայ հինգշաբթի, 15 օգոստոսին, յետմիջօրէի ժամը 16:00-ին, Ժամհուր վարժարանին մէջ:

Ան ըսաւ, թէ Լիբանանի ազգային խումբին մաս կը կազմեն 27 տղաք եւ 29 աղջիկներ:

Անոնց կարգին են երեք հայեր` Լէա Պուտաքեան, Սերժ Չոլաքեան եւ Շանթ Ահարոնեան:

Իսկ մազիչներուն կարգին է` Հրայր Տիսչեքենեան:

Ապա խօսք առաւ Ռոլան Սաատէ, որ խորին շնորհակալութիւն յայտնեց հանրապետութեան նախագահին` այս ախոյեանութիւնը հովանաւորելուն համար:

Սաատէ յայտնեց, որ բաւական մեծ դժուարութեամբ Լիբանան այս ախոյեանութիւնը հիւրընկալելու իրաւունքը ստացաւ` նկատի ունենալով, որ բոլոր կողմերն ալ Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնին նեցուկ կանգնեցան` յաջողցնելու համար այս ախոյեանութիւնը:

Իսկ Ժան Համմամ խօսքը ուղղելով մարզիկներուն ըսաւ, թէ ամէն ճիգ պէտք է թափուի, որպէսզի Լիբանան առաւելագոյն թիւով մետալներու տիրանայ եւ խլէ ախոյեանութեան տիտղոսը:

PROFOTO

Նախորդը

Համահայկական 7-րդ Ամառնային Խաղեր. Հայաստան. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի Ֆութսալի Խումբին Առաջին Մրցումը Եւ Առաջին Յաղթանակը

Յաջորդը

Մամլոյ Արձակուրդ

RelatedPosts

Աշխարհի Ախոյեան Դառնալէ Ետք`  Համլեթ Մանուկեանի Կարճ Հարցազրոյցը
Մարզական

Աշխարհի Ախոյեան Դառնալէ Ետք` Համլեթ Մանուկեանի Կարճ Հարցազրոյցը

October 27, 2026
Արշակ Կորեան Կոլ Նշանակեց
Մարզական

Արշակ Կորեան Կոլ Նշանակեց

October 27, 2026
Ծառուկեան Կը Ցանկայ  Ժորժ Սեն – Փիեռին Դէմ Մրցիլ
Մարզական

Ծառուկեան Կը Ցանկայ Ժորժ Սեն – Փիեռին Դէմ Մրցիլ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.