Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անդրադարձ. Հայաստանի Հանրապետութիւն. 100-ամեակ. Մամուլին Մէջի Մշակութային Կեանքէն Նմուշներ` Հնագիտական, Գրական, Թատրոն Եւ Հանրային Գրադարաններ Բ.

May 13, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

Շարունակելով «Ջանփոլատեան» թատրոնի շէնքին պատմականը,Երեւանի առաջին այս պետական գաւառական ուսումնարանին մէջ, Խաչատուր Աբովեան 1843-1848 իբրեւ տեսուչ եւ ուսուցիչ պաշտօնավարած է: Ուրեմն 1842-1903` Գաւառական ուսումնարան, ապա 1907-1923` Ջանփոլատեան-«Իլիւզիոն» թատրոն, ապա ժամանակ մը` մալարիա հիւանդութեան 100 մշտական եւ 300 այցելու հիւանդներու բուժարան, կրկին թատրոն, վերջապէս 1923-2005 «Սպայից տուն»` ակումբ: Կառավարական որոշումով 2005-ին քանդուած է, այժմու Վազգէն Սարգսեան փողոցի «Փիացցա կրանտէ» առեւտրական կեդրոնին վայրը (1), (2):

Գաւառական ուսումնարան` 1842-1903, ապա Ջանփոլատեան-«Իլիւզիոն» թատրոն, ապա ժամանակ մը մալարիա հիւանդութեան բուժարան, կրկին թատրոն` 1907-1920, վերջապէս «Սպայից տուն» 1923-էն 2005: Այժմ` քանդուած, Վազգէն Սարգսեան փողոցի «Փիացցա կրանտէ» առեւտրական կեդրոնին վայրը:

Շէնքին մէջ զանազան այլ գործունէութիւններ տեղի ունեցած են, օրինակ` ««Կանանց եւ օրիորդաց միութիւնները» բացած են կարուձեւի աշխատանքի տուն, ուր աշխատելու նախապատուութիւնը կը տրուի զինուորներու կիներուն եւ աղջիկներուն: Զօրա-առողջապահական գլխաւոր վարչութիւնը նորաբաց «Աշխատանքի տան» արհեստանոցին մեծաքանակ ապսպրանք կատարած է» (3):

Օրուան մամուլին մէջ, Յովհաննէս Զարիֆեանի «Հայաստանի անդրանիկ տրամաթիքական դերասանական խումբ»-ին կողքին, կան Վարդան Միրզոյեանի եւ Մ. Լազարեանի «Հայ ժողովրդական թատերական ընկերութիւն»-ը, «Հայ թատերասէրների խումբ»-ը, իսկ «Էջմիածինի մէջ կազմուած է թատերական ընկերութիւն մը, որ պարբերաբար ներկայացումներով ելոյթ կ’ունենայ» («Յառաջ» 6-5-1920): «Դաւիթ Գուլազեանի (դերասան) նախաձեռնութեամբ  Ջանփոլատեանի եւ «Ապոլլօ» թատրոններուն մէջ շարք մը ներկայացումներ տեղի պիտի ունենան ի նպաստ ռազմաճակատին, առաջինը` 10-10-1920-ին տեղական դերասաններու եւ սիրողներու մասնակցութեամբ» («Յառաջ» 10-10-1920):

Մամուլին մէջ թատրոնի  եւ մշակութային եղելութիւններու մասին հանդիպած լրագրող-քննադատներն են` Ար. (Արշակ) Մեհրաբեան, Օննիկ, Գ. Շահինեան, Մարզօ, Գառնիկ, Ս. Ժա, եւ Սօսիլ:

«Զանգ»-ի «Ազգային թատրոն» խմբագրականը 6-4-1919

«Զանգ»-ի 6 ապրիլ 2019-ի «Ազգային թատրոն» խորագիրով խմբագրականէն (4) պատշաճեցումով կը մէջբերեմ. «…Ստեղծագործութեան բարձրագոյն բնագաւառը, ուր կ՛ապրի մարդկային հոգին, արուեստն է իր զանազան ճիւղերով: Որքա՛ն որ հանրային միտքը զբաղած ըլլայ գոյամարտի հնարքներ ճարելով, պէտք չէ անտեսէ արուեստն ու այդ մարզի աշխատողները, քանի որ արուեստը կեանքի պայքարի հզօր զէնքերէն մէկն է, թէեւ անոր արժէքը չէ ճանչցուած: Վայրենին նոյնիսկ իր թմբուկը ունի եւ պարզ զինուորը` իր փողահարը, որ կարգ կու տայ շարքերուն եւ կը պրկէ պայքարի ոգին:…Երկիրը պէտք է հովանաւորէ իր բնակչութեան ստեղծագործ ճիգերը:

«Մեր խօսքը այսօր թատրոնի մասին է, յատկապէս` թատերասրահի: Ճի՛շդ է, մեր պայմանները չեն ներեր, որ ամէն գիւղ ու աւան ժողովրդային տուն ունենայ եւ ամէն քաղաք` թատրոնի շէնք, որ իտէալ պիտի ըլլար, սակայն արգելք չէ, որ բարելաւենք կացութիւնը եւ վայելուչ սրահ մը տրամադրենք թատերական արուեստին:

«Մեր քաղաքը հոյակապ միջնակարգի կիսաւարտ շինութիւնը ունի, որ իր սրահները յարդարելով` կը դառնայ մեր խորհրդարանին միակ պատշաճ վայրը: Իսկ այսօրուան խորհրդարանի շէնքը յատկացնել մեր ազգային թատրոնին…»:

Ուրեմն այս խմբագրականով յստակ կը դառնայ, որ խորհրդարանին նստավայրը նախապէս թատրոն էր, հաւանաբար` «Բունիաթեան» անունով, որ դժբախտաբար բնաւ չի նշուիր օրուան մամուլին եւ յուշագրութիւններուն մէջ:

«Դերասան Անդրանիկի բեմական գործունէութեան 25-ամեայ յոբելեանը», «Զանգ», 6-4-1919

Նոյն թիւին մէջ, «Դերասան Անդրանիկի բեմական գործունէութեան 25-ամեայ յոբելեանը» խորագիրով թղթակցութիւն մը գրած է Գառնիկ (5), դժբախտաբար, ըստ  սովորութեան, առա՛նց յոբելեարի մականունին, որ պրպտումէ ետք յայտնուեցաւ, որ Սողոմոնեան է: Ստորեւ լրագրութենէն ամփոփ հատուածներ` արեւմտահայերէն:

«Հայ բեմական գործիչներէն առաջինը, թերեւս` միակը մեր գրական բեմական-հասարակական գործիչներէն, որուն յոբելեանը տօնուեցաւ Հայաստանի մէջ, 30 մարտ 1919-ի երեկոյեան խորհրդարանի դահլիճին մէջ, ընտանի, հարազատ հասարակութեան ներկայութեան: Երեկոյին յայտագիրը համեստ էր: Բեմադրուեցաւ յոբելեարին «Կոյր ջութակահարը», որ թոյլ գործ մըն է: Երկրորդ մասը գրական-երաժշտական էր, որ այնքան ալ հարուստ չէր: Արտասանութիւնները թոյլ էին, երգողներէն յաջող էին Շ. Տէր Յարութիւնեանը եւ Ս. Նաւասարդեանը: Երրորդ մասը կրկին ներկայացում էր` «Մկիչի հարսանիքը», որ անցաւ համով-հոտով` շնորհիւ յոբելեարին մասնակցութեան:

«… Նուագախումբին ընկերակցութեամբ վարագոյրը բարձրացաւ եւ հասարակութիւնը բուռն ծափերով ընդունեց յոբելեարը: Ողջոյնի խօսքեր ըսին կազմակերպիչ յանձնախումբի նախագահ տիկ. Եւանկիւլեանը, Երեւանի դերասանական սիրողներու կողմէ` բժ. Մելիքեանը, ընտանիքին կողմէ` տիկինը, «Զանգ»-ի կողմէ` Գ. Շահինեանը, (ռուսերէն գրուած) գրասէրներո՞ւ կազմակերպութեան մը կողմէ`Ա. Ղարիբեանը, աշակերտական բիւրոյի կողմէ Յ. Զարիֆեանը եւ դերասանական խումբին կողմէ` Ստեփանեան եւ Տ. Մանուչարեանը: Ապա կարդացուեցան հեռագիրներ զանազան հիմնարկներէ եւ անձերէ, վերջաւորութեան յոբելեարը շնորհակալական խօսք ուղղեց:

«Յոբելեարը ստացաւ թանկագին արծաթեղէն եւ ոսկեղէն նուէրներ: Բոլոր տոմսերը սպառած էին: Երեւանի պուրժուան (քաղքենի դասակարգ) եւ ազնուականութիւնը բարեհաճած էին տոմսեր գնել, սակայն տոմսերը յանձնած էին իրենց ծառաներուն կամ իրենց հասարակ մերձաւորներուն:

«Կը թուի, որ հայ բեմն ու գրականութիւնը յարգողը եւ պահողը պարզ ժողովուրդն է, եւ անոնք, որոնք բացակայեցան, արդէն հոն չէր իրենց տեղը: Գառնիկ»

«Աշխատանք»-ի 22 մայիս 1919-ի թիւին մէջ Օննիկ «Թատրոն» սիւնակին տակ արեւմտահայերէնով հետաքրքրական եւ որակաւոր գրախօսական կը կատարէ Լեռ Կամսարի «Կասկածին պտուղը» ներկայացումին (6), ստորեւ ամբողջ գրութիւնը` պատշաճեցուած:

«Յովհաննէս Զարիֆեանի թատերախումբը երկու անգամով բեմադրեց արեւմտահայ երիտասարդ երգիծաբան Լեռ Կամսարի «Կասկածին պտուղը» անտիպ կատակախաղը:

«Լեռ Կամսարը քանի մը տարիներէ ի վեր ծանօթ է հայ մամուլի ընթերցողներուն եւ արդէն արժանացած է ուշադրութեան եւ համակրանքին: Եւ իրօք, ան յաջողած է երգիծանքով բնութագրել մեր հանրային կեանքի մերթ սեղմ, մասնաւոր եւ երբեմն նաեւ լայն` ընդհանուր տրամադրութիւններն ու երեւոյթները: Բայց նկատելի է, որ երբ կը հետապնդէ աւելի ընդհանուր երեւոյթները, անկասկած միշտ կը յաջողի:

«Կասկածին պտուղը», դժբախտաբար, սահմանափակ միջավայր, կեանք ու արժէք ունի: Նիւթը` թէեւ ընդհանուր, սակայն գործողութեամբ հասարակ ու ապաշնորհ է: Գործողութիւնները չորս արարի մէջ տրամաբանական ելք, զարգացում ու վախճան չունին: Դէմքերը լրիւ ու կենդանի ըլլալէ հեռու` կը մերձենան անբնական ու հնարովի բնաւորութեանց: Սիմոնը (ամուսին) երբեմն խենթի ու երբեմն, ընդհակառակը, հաւասարակշիռ, դատող ու մտածող մարդու շարժուձեւ ունի: Յուլիան (կինը) սկիզբը յաջողած է  ու տրամաբանական  զարգացումով կը յայտնաբերուի մինչեւ երրորդ արարին վերջը, սակայն ետքը կ՛աղճատի, կը զրկուի իր ինքնատիպ  բնաւորութենէն, որպէսզի բաւարարութիւն տայ հեղինակին երկու թոյլ ցանկութիւններուն. նախ` խաղը, որ շատ երկարած ու ձգձգուած է, որպէսզի կերպով մը վերջանայ, եւ ապա անտեղի բարոյախօսական մը հրամցուի հասարակութեան: Մինչդեռ այդպիսով կատակախաղը կը դառնայ ոչ միայն անհամոզիչ եւ անբնական, այլեւ հիմնապէս կը կորսնցնէ իր խորհուրդը, իմաստն ու արժէքը: Քանի որ իրապէս, կասկածը, որ հետեւողականօրէն եւ բնականօրէն պէտք էր իր պտուղը տար, անպտուղ եւ չոր կը մնայ:

«Ալ ի՜նչ կասկածի պտուղ, երբ Յուլիան սիրահարի մը ու դաւաճանողի մը վայել ու բնական բաւարարութիւն չի տար Շաւարշին (սիրահարը) ու մոգական կուսութեամբ մերժելով զայն` յարգալիր կու գայ կենակցելու իր խենթուկ կողակիցին հետ:

«Երկրորդական եւ միջանկեալ դէմքերը` թէեւ կարճաշունչ, սակայն աւելի հետաքրքրական, բնական ու յաջողապէս ուրուագծուած են, ինչպէս, օրինակ, Յուլիային ծնողքը, սիրահար Շաւարշը եւ նախանձոտ դրացուհին:  Թէեւ վերջինս ալ մազեր կտրելու տեսարանին մէջ ու յետոյ Կ՛աղճատի ու անբնական բնաւորութիւն կը դառնայ:

«Անկախ կատակախաղի թոյլ հիւսուածքէն ու անբնական վախճանէն` առանձին տեսարանները յաջող են եւ անվիճելիօրէն կը ցուցադրեն հեղինակին տաղանդը` զուարթ եւ աշխուժ երգիծանքի մը, որ մինչեւ անգամ երբեմն վարակիչ, սուր ու ինքնատիպ հեգնանքի կը հասնի:

«Լեռ Կամսարի այս նոր աշխատութիւնը, բայց եւ այնպէս, թէեւ պարզ զաւեշտ մըն է եւ նոր համբաւ չի բերեր արդէն շնորհունակ հեղինակին, սակայն վերջին տարիներու անծիլ ու անբողբոջ հայ գրականութեան մէջ շնորհաւորելի նորոյթ եւ ինքնուրոյն ստեղծագործութեան առաջին քայլ մըն է:

«Թատերախումբը լեզուական արտայայտութեան մէջ թէեւ քիչ մը թերատ, սակայն հաւաքաբար խաղը յաջողութեամբ տարաւ»: Օննիկ»

17 փետրուար 2019
(Շար. 3)

————————-

(1)  https://hy.wikipedia.org/wiki/Սպայի_տուն

(2)  https://hy.wikipedia.org/wiki/Եսայի_Ջանփոլադեան

(3)  «Յառաջ» Բ. տարի, թիւ 245, 9 նոյեմբեր 1920, Երեւան, էջ 3:

(4)  «Զանգ» Գ. տարի, թիւ 39, 6 ապրիլ 1919, Երեւան, Ներքին գործոց նախարարութեան տպարան, էջ 2:

(5)  «Զանգ» Գ. տարի, թիւ 39, 6 ապրիլ 1919, Երեւան, Ներքին գործոց նախարարութեան տպարան, էջ 3-4:

(6)  «Աշխատանք», Դ. տարի, թիւ 23, 22 մայիս 1919, Երեւան, Ներքին գործոց նախարարութեան տպարան, էջ 3:

Նախորդը

Բաց Նամակ Պատգամաւոր Կարինէ Թուխիկեանին Եւ Մայրենիի Պաշտպաններուն

Յաջորդը

Շուշիի Գաղափարախօսութիւնը Հաստատուած Է Ցկեա՛նս

RelatedPosts

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի».  «Լեցուն Կեանք»
Անդրադարձ

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի». «Լեցուն Կեանք»

February 2, 2026
Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)
Անդրադարձ

Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)

February 2, 2026
Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան
Անդրադարձ

Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.