Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բրիտանիոյ Վարչապետը Կը Զգուշացնէ «Պրեքզիթ»-ի Երկարատեւ Յետաձգումէն, Եթէ Խորհրդարանը Չվաւերացնէ Եւրոպական Միութեան Հետ Գոյացած Համաձայնութիւնը

March 18, 2019
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Բրիտանիոյ վարչապետ Թերեզա Մէյ խորհրդարանի անդամները զգուշացուց, որ եթէ չվաւերացնեն Եւրոպական Միութենէն դուրս գալու համար իր գոյացուցած համաձայնութիւնը, ապա «Պրեքզիթ»-ը պիտի դիմագրաւէ երկարատեւ յետաձգում մը, որ կրնայ ներառել Եւրոպական խորհրդարանի յառաջիկայ ընտրութիւններուն մասնակցութիւն:

Նշենք, որ բրիտանացի օրէնսդիրները արդէն երկու անգամ մերժած են Մէյի գոյացուցած համաձայնութիւնը:

Բրիտանիոյ վարչապետը «Պրեքզիթ»-ի կողմնակիցներուն ճշդեց պայմանաժամ մը` կա՛մ մինչեւ 21 մարտին նախատեսուած Եւրոպական խորհուրդի վեհաժողովը վաւերացնել իր գոյացուցած համաձայնութիւնը, կա՛մ ալ դէմ յանդիման գտնուիլ Եւրոպական Միութենէն դուրս գալու հոլովոյթը 30 յուլիսէն ետք յետաձգելուն հետ, ինչ որ կը պարունակէ Եւրոպական Միութենէն հեռանալու ամբողջ հոլովոյթի հաւանական ձախողութեան վտանգը:

Բրիտանիոյ վարչապետ Թերեզա Մէյ զգուշացուց, որ Բրիտանիան ստիպուած պիտի ըլլայ մասնակցիլ մայիսի վերջաւորութեան նախատեսուած Եւրոպական խորհրդարանի ընտրութիւններուն, եթէ «Պրեքզիթ»-ի բանակցութիւնները յաւելեալ ժամանակով յետաձգուին:

Նշենք, որ Եւրոպական Միութեան հետ 2,5 տարի տեւած տքնաջան բանակցութիւններէ ետք, վերջնական արդիւնքը կը շարունակէ մնալ ոչ յստակ: Արդարեւ, երկարատեւ յետաձգման, համաձայնութեամբ կամ առանց համաձայնութեան Եւրոպական Միութենէն դուրս գալու եւ մինչեւ իսկ «Պրեքզիթ»-ի շուրջ նոր հանրաքուէի մը ընտրանքները կը շարունակեն հաւասարապէս մնալ ի զօրու:

 

Նախորդը

Մաքրոն «Դեղին Բաճկոններ» Շարժումի Մասնակիցները Կը Մեղադրէ «Հանրապետութիւնը Ոչնչացնելու» Մտադրութեան Յանցանքով

Յաջորդը

Այսրյորդանանի Մէջ Երեք Իսրայէլացիներ Սպաննուեցան

RelatedPosts

Լաւրով Աթլանթայէն Յայտարարեց.  «Եթէ Զելենսքին Կ՛ուզէ Փութինի Հետ  Հանդիպում Ունենալ, Պէտք Է Մոսկուա Գայ»
Միջազգային

Լաւրով Աթլանթայէն Յայտարարեց. «Եթէ Զելենսքին Կ՛ուզէ Փութինի Հետ Հանդիպում Ունենալ, Պէտք Է Մոսկուա Գայ»

November 2, 2026
Այզենքոթ Համախոհական Կառավարութեան  Կազմութեան 4 Սկզբունքներ Կը Ճշդէ. Արաբական  Կուսակցութիւնները Առաջին Ընդառաջողները Դարձան
Միջազգային

Այզենքոթ Համախոհական Կառավարութեան Կազմութեան 4 Սկզբունքներ Կը Ճշդէ. Արաբական Կուսակցութիւնները Առաջին Ընդառաջողները Դարձան

November 2, 2026
Թուսք Ռուսիան Կը Մեղադրէ  Իր Հակառակորդներուն Աջակցելու Յանցանքով
Միջազգային

Թուսք Ռուսիան Կը Մեղադրէ Իր Հակառակորդներուն Աջակցելու Յանցանքով

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.