Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

15 Մարտ 1921. Թալէաթի Ահաբեկումը. Որպէսզի Դատուի Եւ Պատժուի Հայասպան Թուրք Պետութիւնը

March 15, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ն. ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Մարտ 15ը հա­յոց սե­րունդ­նե­րու ազ­գա­յին յի­շո­ղու­թեան մէջ անջն­ջե­լիօ­րէն դրոշ­մո­ւած է իբ­րեւ Օրն Ար­դա­րա­հա­տուց­ման, Օ­րը՝ Թա­լէա­թի ա­հա­բեկ­ման։

Յատ­կա­պէս ­Մարտ 15ին, ա­մէն տա­րի, մեր սե­րունդ­նե­րու շրթնե­րէն, հպար­տու­թեան եւ ո­գե­ւո­րու­թեան ան­սանձ զե­ղու­մով, բարձ­րա­ձայն կը հնչէ ­Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ծան­րա­գոյն ո­ճի­րին թիւ 1 պա­տաս­խա­նա­տո­ւին՝ ­Թա­լէա­թի ա­հա­բեկ­ման նուի­րո­ւած ժո­ղովր­դա­յին սրտա­բուխ «­Գի­նի լից» եր­գը.

Աշ­խարհ պա­տեց հա­յի ա­հը,
Գե­տին ըն­կաւ թուր­քի գա­հը,
Քեզ պատ­մեմ ­Թա­լէա­թին մա­հը,
Գի­նի լից, ըն­կեր ջան, գի­նի լից,
Խ­մո­ղաց ա­նուշ:

Դաշ­նակ­ցու­թիւն ժո­ղով ա­րեց,
Շուն ­Թա­լէա­թին մահ ո­րո­շեց,
Թեհ­լի­րեա­նի բախ­տը բա­ցո­ւեց,
Գի­նի լից, ըն­կեր ջան, գի­նի լից,
Խ­մո­ղաց ա­նուշ:

Թա­լէաթ փա­շան փա­խաւ ­Պեր­լին,
Թեհ­լի­րեա­նը հա­սաւ ե­տին
Զար­կաւ ճակ­տին, փռեց գե­տին,
Գի­նի լից, ըն­կեր ջան, գի­նի լից,
Խ­մո­ղաց ա­նուշ:

Շուն ­Թա­լէա­թին գցին հո­րը,
Լուր ղրկե­ցին պոռ­նիկ մօ­րը,
Կեց­ցէ հա­յոց կա­մա­ւո­րը,
Գի­նի լից, ըն­կեր ջան, գի­նի լից,
Խ­մո­ղաց ա­նուշ:

Յի­շա­տակդ միշտ փա­ռա­ւոր,
Շի­րի­միդ լոյս Ք­րիս­տա­փոր,
Մա­յիս 28 շնոր­հա­ւոր,
Գի­նի լից, ըն­կեր ջան, գի­նի լից,
Խ­մո­ղաց ա­նուշ:

Այ­սօր կը լրա­նայ 98ա­մեա­կը ա­րիւ­նի եւ ար­հա­ւիր­քի ամ­բողջ պատ­մու­թիւն մը խտաց­նող ու խորհր­դան­շող ար­դա­րա­հա­տոյց այդ ա­հա­բեկ­չու­թեան։

Սողոմոն Թեհլիրեան

15 ­Մարտ 1921ին, ­Պեր­լի­նի ­Չար­լո­թըն­պըրկ թա­ղին մէջ, օր-ցե­րե­կով, ­Սո­ղո­մոն ­Թեհ­լի­րեան ա­նու­նով 25ա­մեայ հայ ե­րի­տա­սարդ մը ա­հա­բե­կեց ­Մեհ­մէտ Թա­լէաթ փա­շան՝ Ա­ռա­ջին Աշ­խար­հա­մար­տի ըն­թաց­քին Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թեան ներ­քին գոր­ծոց ե­ղեռ­նա­գործ նա­խա­րա­րը։

Իր ­Ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նի մի­ջազ­գա­յին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան տխրահռ­չակ դէմ­քե­րէն է Թա­լէաթ, որ իբ­րեւ թրքա­կան պե­տու­թիւ­նը կա­ռա­վա­րող Իթ­թի­հա­տա­կան Ե­ռա­պե­տու­թեան գլխա­ւոր ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը ոչ միայն Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թիւ­նը մխրճեց ան­հե­ռանկար ու կոր­ծա­նա­րար Աշ­խար­հա­մար­տին մէջ, այ­լեւ՝ աշ­խար­հա­սա­սան պա­տե­րազ­մի թո­հու­բո­հէն «օգ­տո­ւե­լով»՝ հրա­հան­գեց գոր­ծադ­րու­թիւ­նը հայ ժո­ղո­վուր­դի բնաջնջ­ման ցե­ղաս­պա­նա­կան ա­հա­ւոր ծրագ­րին։

Ինչ­պէս Իթ­թի­հա­տա­կան ղե­կա­վա­րու­թեան բո­լոր ան­դամ­նե­րը, նոյն­պէս եւ ­Թա­լէաթ Պոլ­սէն փա­խուստ տո­ւաւ՝ Ա­ռա­ջին Աշ­խար­հա­մար­տի ա­ւար­տին չա­րա­չար պար­տու­թիւն կրած թրքա­կան պե­տու­թեան յան­ցա­գոր­ծու­թիւն­նե­րուն հա­մար անձ­նա­պէս հա­շո­ւե­տո­ւու­թեան կան­չո­ւե­լու եւ դա­տո­ւե­լու ան­խու­սա­փե­լի պար­տա­ւո­րու­թե­նէն խու­սա­փե­լու հա­մար։

Թա­լէաթ հաս­տա­տո­ւե­ցաւ ­Պեր­լի­նի ­Չար­լո­թըն­պըրկ թա­ղը, ծպտո­ւե­ցաւ ու ինք­նա­թուղթ փո­խեց, որ­պէս­զի ոչ ոք գտնէր իր թագս­տո­ցը եւ ինք կա­րե­նար այդ­պէ՛ս, օ­րէն­քէ եւ ար­դա­րա­դա­տու­թե­նէ խոյս տո­ւած, «վա­յե­լել» իր յան­ցա­գործ կեան­քին «մեղ­քի պտուղ­ներ»ը։

Մեծ հա­ւա­նա­կա­նու­թեամբ ­Թա­լէաթ թե­րեւս կա­րե­նար խու­սա­փիլ ­Դաշ­նա­կից­նե­րու եւ մին­չեւ իսկ իր կոր­ծա­նա­րար իշ­խա­նու­թեան հե­տե­ւան­քով ծանր կո­րուստ կրած թուր­քե­րու հե­տապն­դում­նե­րէն կամ «ար­դա­րա­դա­տու­թե­նէն»։ ­Բայց ­Թա­լէա­թի ձեռ­քե­րուն վրայ մէ­կու­կէս մի­լիոն ան­մեղ հա­յե­րու ցե­ղաս­պա­նու­թեան ա­րիւն կար եւ դեռ չէր չոր­ցած բիւ­րա­ւոր հայ նա­հա­տակ­նե­րու՝ հայ մայ­րե­րու եւ ե­րե­խա­նե­րու, հայ կոյ­սե­րու եւ ա­լե­հեր­նե­րու ա­րիւ­նը։

Եւ յա­նուն հայ ժո­ղո­վուր­դին ու մէ­կու­կէս մի­լիոն մեր նա­հա­տակ­նե­րուն՝ Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը ո­րո­շեց մա­հա­պա­տի­ժի են­թար­կել մեծ ջար­դա­րա­րը, հե­տապն­դեց ու գտաւ ­Թա­լէա­թը եւ ­Սո­ղո­մոն ­Թեհ­լի­րեա­նը ու­ղար­կեց ­Պեր­լին, որ­պէս­զի հրէ­շի թագս­տոց-բնա­կա­րա­նին առ­ջեւ գե­տին փռէ հայ ժո­ղո­վուր­դի թիւ 1 ցե­ղաս­պա­նին։

Այս­պէ՛ս. 1919ի աշ­նան, Ե­րե­ւա­նի մէջ գու­մա­րո­ւած Հ.Յ.Դ. 9րդ Ընդ­հա­նուր ­Ժո­ղո­վին, տրո­ւե­ցաւ ո­րո­շու­մը ցե­ղաս­պա­նու­թեան պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րու մա­հա­պա­տի­ժին։ Ար­մէն ­Գա­րո­յի եւ ­Շա­հան ­Նա­թա­լիի գլխա­ւո­րու­թեամբ կազ­մո­ւե­ցաւ յա­տուկ ­Մար­մին՝ ծրագ­րե­լու, կազ­մա­կեր­պե­լու եւ գոր­ծադ­րե­լու հա­մար ­Դաշ­նակ­ցու­թեան ո­րո­շու­մը։ Եւ կեանք ա­ռաւ հայ ժո­ղո­վուր­դին դէմ թրքա­կան պե­տու­թեան գոր­ծադ­րած ցե­ղաս­պա­նու­թեան գլխա­ւոր պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը ա­հա­բե­կե­լու «­Նե­մե­սիս» (յու­նա­կան դի­ցա­բա­նու­թեան Վ­րէ­ժի չաս­տո­ւա­ծին ա­նո­ւան հե­տե­ւո­ղու­թեամբ) գոր­ծո­ղու­թիւ­նը։

Ճա­կա­տագ­րի դա­սա­ւո­րու­մով՝ մինչ այդ աշ­խար­հին ու հայ ժո­ղո­վուր­դին ան­յայտ դաշ­նակ­ցա­կա­նի մը՝ ­Սո­ղո­մոն ­Թեհ­լի­րեա­նի վստա­հո­ւե­ցաւ ի­րա­գոր­ծու­մը ­Հայ­կա­կան Ար­դա­րա­հա­տուց­ման։
Եւ հայ ժո­ղո­վուր­դի ար­դա­րա­դատ՝ վրի­ժա­ռու բա­զու­կը խորհր­դան­շող ա­նու­նը դար­ձաւ Սո­ղո­մոն ­Թեհ­լի­րեան։

Ազ­գա­յին ­Հե­րո­սի դափ­նեպ­սա­կին ար­ժա­նա­ւո­րա­պէս տի­րա­ցած դաշ­նակ­ցա­կան ա­հա­բե­կի­չը ծնած է 2 Ապ­րիլ 1896ին, Ա­րեւմ­տեան ­Հա­յաս­տա­նի ­Դա­րա­նա­ղեաց (­Կա­մախ) գա­ւա­ռի ­Վա­րի ­Բա­գա­ռիճ գիւ­ղը, Երզն­կա­յի մեր­ձա­կայ­քը։ ­Հայ­րը՝ թրքա­կան իշ­խա­նու­թեանց կող­մէ երկ­րէն աք­սո­րո­ւած եւ ­Սեր­պիա հաս­տա­տո­ւած ­Խա­չա­տուր Թեհ­լի­րեան տա­րի­նե­րով պանդխ­տու­թեամբ հո­գաց ապ­րուս­տը Երզն­կա մնա­ցած իր կնոջ եւ հինգ զա­ւակ­նե­րուն, ո­րոնց կրտսերն էր ­Սո­ղո­մոն։

Սո­ղո­մոն իր ու­սու­մը ստա­ցաւ Երզն­կա­յի նախ ­Բո­ղո­քա­կա­նաց, ա­պա՝ «Եզ­նի­կեան» վար­ժա­րան­նե­րուն մէջ, իսկ 1912ին ա­ւար­տեց տեղ­ւոյն ­Կեդ­րո­նա­կան վար­ժա­րա­նը, ուր իր ա­ռա­ջին ծա­նօ­թու­թիւ­նը ու­նե­ցաւ դաշ­նակ­ցա­կան գոր­ծիչ­նե­րու հետ եւ փա­րե­ցաւ Դաշ­նակ­ցու­թեան։

1913ին ­Սո­ղո­մոն ինք եւս մեկ­նե­ցաւ ­Սեր­պիա՝ հօր ու ա­նոր միա­ցած ըն­տա­նի­քին մօտ, որ­պէս­զի տա­րի մը ետք անց­նէր ­Գեր­մա­նիա՝ բարձ­րա­գոյն ուս­ման հե­տե­ւե­լու հա­մար։ Բայց 1914ին պայ­թած Ա­ռա­ջին Աշ­խար­հա­մար­տը լրիւ փո­խեց կեան­քի ու­ղին նաեւ 18ա­մեայ ­Սո­ղո­մո­նի։ 1914ի աշ­նան, ծնող­քէն գաղտ­նի, ան ան­ցաւ ­Սո­ֆիա (­Պուլ­կա­րիա), ուր կը հա­ւա­քագ­րո­ւէին ­Կով­կաս կա­մա­ւոր եր­թա­լու պատ­րաստ ­Պալ­քա­նեան թե­րակղ­զիի պան­դուխտ թէ ու­սա­նող հայ ե­րի­տա­սարդ­նե­րը։ Ս­կիզ­բը ըն­թացք չտրո­ւե­ցաւ ­Սո­ղո­մո­նի կա­մա­ւոր ար­ձա­նագ­րո­ւե­լու դի­մու­մին, բայց ան յա­ջո­ղե­ցաւ, հօ­րը քա­նի մը նա­մակ­ներ ղրկե­լէ ետք, ստա­նալ ծնո­ղին գրա­ւոր թոյլ­տո­ւու­թիւ­նը իր կա­մա­ւոր ար­ձա­նագ­րո­ւե­լուն։

Հոկ­տեմ­բեր 1914ին, ­Սո­ղո­մոն հա­սաւ ­Թիֆ­լիս եւ միա­ցաւ ­Սե­պու­հի կա­մա­ւո­րա­կան վաշ­տին, որ մաս կը կազ­մէր Անդ­րա­նի­կի հրա­մա­նա­տա­րու­թեան տակ գոր­ծող Կա­մա­ւո­րա­կան Ա­ռա­ջին ­Գուն­դին։ Ե­րեք տա­րո­ւան կա­մա­ւո­րա­կան ծա­ռա­յու­թիւ­նը ամ­բող­ջա­պէս թրծեց ­Սո­ղո­մոն ­Թեհ­լի­րեան դաշ­նակ­ցա­կան մար­տի­կի կեր­պա­րը։ Ա­րեւմ­տա­հա­յաս­տա­նի ժա­մա­նա­կա­ւոր ա­զա­տագ­րու­թեան հետ, ­Սո­ղո­մոն հնա­րա­ւո­րու­թիւ­նը­ ու­նե­ցաւ այ­ցե­լե­լու նաեւ Երզն­կա, ո­րուն քա­րու­քանդ վի­ճակն ու ա­մա­յու­թիւ­նը խո­րա­պէս ցնցե­ցին զինք այն­քան ծան­րօ­րէն, որ իր կեն­սա­գիր­նե­րէն ­Կա­րօ Գէոր­գեա­նի վկա­յու­թեամբ՝ «ու­շա­թափ կ­’իյ­նայ գե­տին։ Ար­դա­րեւ, Երզն­կա­յի եւ շրջա­կայ­քի ամ­բողջ հա­յու­թեան հետ, նաեւ իր գեր­դաս­տա­նին 85 ան­դամ­նե­րը — մայ­րը, եր­կու եղ­բայր­նե­րուն կի­ներն ու զա­ւակ­նե­րը եւ մօ­տիկ ազ­գա­կան­նե­րը — սպան­նո­ւած էին 1915ին։ Իսկ ի­րենց տու­նը դար­ձած էր թրքա­կան հան­րա­կա­ցա­րան»։

Սե­փա­կան ըն­տա­նի­քին, հա­րա­զատ­նե­րուն եւ ամ­բողջ հա­յու­թեան սպանդն ու հայ­րե­նի օ­ճա­խին եւ Ա­րեւմ­տա­հա­յաս­տա­նի ա­ւե­րու­մը ան­հուն ցա­սու­մով ու վրէժխնդ­րու­թեամբ հա­մա­կե­ցին ­Սո­ղո­մոն ­Թեհ­լի­րեա­նի ողջ էու­թիւ­նը։ ­Խո­րա­պէս ցնցիչ այդ փոր­ձա­ռու­թիւ­նը հե­տա­գա­յին հիմք ծա­ռա­յեց, ­Թա­լէա­թի ա­հա­բե­կու­մէն ետք, ­Թեհ­լի­րեա­նի դա­տա­վա­րու­թեան ըն­թաց­քին դա­տա­պաշ­տան ­Քըրթ ­Նայ­մէ­յը­րի (­Քո­լո­նեը հա­մալ­սա­րա­նի ի­րա­ւա­գի­տու­թեան դա­սա­խօս) կա­ռու­ցած պաշտ­պա­նո­ղա­կա­նին։

1917ին, ­Կով­կա­սեան ճա­կա­տի փլու­զու­մէն եւ ռու­սա­կան զօր­քե­րու նա­հան­ջէն ետք, Թեհ­լի­րեան ան­ցաւ ­Կով­կաս։ Շր­ջե­ցաւ հիւ­սի­սա­յին Կով­կա­սի եւ Խ­րի­մի քա­ղաք­նե­րուն մէջ՝ նո­ւի­րո­ւե­լով ա­րեւմ­տա­հայ գաղ­թա­կա­նու­թեան հետ այդ ա­փե­րը ին­կած որ­բե­րու հա­ւաք­ման ու պատս­պար­ման աշ­խա­տան­քին։ Այդ պայ­ման­նե­րուն մէջ, ժա­մա­նա­կին թա­ւա­լու­մին հետ փո­խա­նակ սպիա­նա­լու, ­Թեհ­լի­րեա­նի սիրտն ու հո­գին խո­ցած վէր­քե­րը ա­ւե­լիով բոր­բո­քե­ցան։ ­Թեհ­լի­րեան ու­ղար­կո­ւե­ցաւ ­Պո­լիս, ուր Հ.Յ.Դ. Կ. ­Կո­մի­տէի ո­րո­շու­մով 1920ի Ապ­րի­լին կա­տա­րեց ա­հա­բեկ­չա­կան իր ա­ռա­ջին գոր­ծո­ղու­թիւ­նը՝ մա­հա­պա­տի­ժի են­թար­կե­լով ­Պէ­շիկ­թա­շի տխրահռ­չակ թա­ղա­պետ ­Յա­րու­թիւն Մկր­տի­չեա­նը, որ գլխա­ւոր մեղ­սա­կի­ցը ե­ղած էր 24 Ապ­րիլ 1915ի հայ մտա­ւո­րա­կա­նու­թեան ձեր­բա­կա­լու­թեան։

Ա­հա­բե­կու­մէն ետք ան պար­տա­ւո­րո­ւե­ցաւ անց­նիլ ­Փա­րիզ, ուր ապ­րուս­տի ա­պա­հով­ման հա­մար կօշ­կա­կա­րու­թիւն սոր­վե­ցաւ։ ­Բայց քա­նի մը ա­միս ետք կան­չո­ւե­ցաւ Ո­ւա­շինկ­թըն, Մ.­Նա­հանգ­ներ, ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան դես­պան Ար­մէն ­Գա­րո­յի կող­մէ, որ կը ղե­կա­վա­րէր «­Նե­մե­սիս»ի գոր­ծադ­րու­թիւ­նը։

Ու­շագ­րաւ ման­րա­մաս­նու­թիւն է եւ «­Նե­մե­սիս»ի ար­խի­ւին հրա­պա­րա­կու­մէն ետք ծա­նօթ փաստ է, որ իթ­թի­հա­տա­կան պա­րագ­լուխ­նե­րու ա­հա­բե­կիչ­նե­րուն ընտ­րու­թիւ­նը կա­տա­րո­ւած է վի­ճա­կաձ­գու­թեամբ եւ այդ­պէս է, որ ­Սո­ղո­մոն ­Թեհ­լի­րեա­նին վի­ճա­կո­ւե­ցաւ բախ­տը ­Թա­լէա­թի ա­հա­բե­կու­մին։

Ար­մէն ­Գա­րո­յի յանձ­նա­րա­րա­կա­նով՝ ­Թեհ­լի­րեան 1920ի ­Դեկ­տեմ­բե­րին ու­ղե­ւո­րո­ւե­ցաւ Ժը­նեւ, ուր­կէ ան­ցաւ ­Պեր­լին (­Գեր­մա­նիա), ի գործ դնե­լու հա­մար ­Թա­լէա­թի ա­հա­բեկ­ման ծրա­գի­րը։
Ջար­դա­րար պա­րագ­լու­խը Ա­լի ­Սա­լէհ ­Պէյ ան­ցագ­րով ու ծպտո­ւած կ­’ապ­րէր ­Պեր­լի­նի Հայ­տէն­պէրկ փո­ղո­ցի վրայ։ ­Թեհ­լի­րեան, իբ­րեւ ու­սա­նող, սե­նեակ մը վար­ձեց ­Թա­լէա­թի տան ճիշդ դի­մա­ցը, ուր­կէ տե­ւա­կան հսկո­ղու­թեան տակ ա­ռաւ ցե­ղաս­պան ճի­ւա­ղին շար­ժում­ներն ու կեն­ցա­ղը՝ ի­րենց յե­տին ման­րա­մաս­նու­թեամբ։ Եւ 15 ­Մարտ 1921ի ա­ռա­ւօ­տեան ժա­մը 10ին, երբ ­Թա­լէաթ իր բնա­կա­րա­նէն դուրս գա­լով կը յա­ռա­ջա­նար մայ­թէն, ­Թեհ­լի­րեան հան­դի­պա­կաց մայ­թէն փո­ղո­ցը կտրեց, դէմ առ դէմ մօ­տե­ցաւ ջար­դա­րա­րին եւ ճակ­տէն՝ ատր­ճա­նա­կի մէկ գնդա­կով գե­տին փռեց զայն։

Ան­ցորդ­նե­րը յար­ձա­կե­ցան ­Թեհ­լի­րեա­նի վրայ, խոշ­տան­գե­ցին զայն՝ ա­ռանց գիտ­նա­լու, թէ ին­չո՛ւ օր-ցե­րե­կով բա­րե­համ­բոյր տես­քով այդ ե­րի­տա­սար­դը ա­հա­բե­կած եւ ան­շունչ գե­տին փռած էր ան­ծա­նօթ ան­ցոր­դը…
Ա­հա թէ ինչ­պէ՛ս կը նկա­րագ­րէ, ­Թեհ­լի­րեան ինք, հա­յոց պատ­մու­թեան մէջ յա­ւեր­ժա­ցած Պա­հը ­Թա­լէա­թի ա­հա­բեկ­ման.

«Ա­ռա­ւօ­տը սո­վո­րա­կա­նից շուտ ե­լայ. ա­րե­ւի շա­ղե­րը ար­դէն հա­սել էին դի­մա­ցի շէն­քի պա­տու­հա­նին: ­Հա­զիւ էի ա­ւար­տել թէյս եւ ու­զում էի բազ­կա­թո­ռը մօ­տեց­նել պա­տու­հա­նի եզ­րին, երբ յան­կարծ դի­մա­ցի շէն­քի պատշ­գա­մում տե­սայ ­Թա­լէա­թին: Քա­րա­ցայ. նա՞ էր ար­դեօք: Ա­յո՛… ­Նա մէկ-եր­կու քայլ ա­ռաջ ան­ցաւ, ու­շա­դիր զննեց մայ­թը, նախ՝ վեր, ա­պա՝ վար, ու կար­ծես ի՜նչ մտքե­րի ծան­րու­թեան տակ՝ գլու­խը կա­խեց: Ըստ ե­րե­ւոյ­թին թե­թեւ չէր կեան­քը, գոր­ծած ան­պա­տում ոճ­րից յե­տոյ: Յա­մե­նայն դէպս, թէեւ ան­ցել էր հինգ-վեց տա­րի, բայց վա­խը ան­բա­ժան էր մնա­ցել նրա­նից։ Իր լայն ու­սե­րին կրում էր եր­կու հրա­պա­րա­կա­յին մա­հավ­ճիռ­ներ. ­Պոլ­սոյ պա­տե­րազ­մա­կան ա­տեա­նի եւ ­Հայ ­Յե­ղա­փո­խա­կան ­Դաշ­նակ­ցու­թեան:

Ա­ռա­ջի­նը, նրա հա­մար, հա­ւա­նա­բար ու­նէր բա­րո­յա­կան նշա­նա­կու­թիւն. փո­խա­նակ վեր հա­նե­լու իր «ազ­գա­նո­ւէր, մեծ գոր­ծը, հա­րա­զատ երկ­րի մէջ հա­րա­զատ­նե­րը դա­տա­պար­տում էին նրան մա­հուան, իբ­րեւ սո­վո­րա­կան ոճ­րա­գոր­ծի: ­Բայց ժա­մա­նա­կը կա­րող էր այդ «թիւ­րի­մա­ցու­թիւ­նը» պար­զել. ա­պա­գայ սե­րունդ­նե­րը կը հաս­կա­նա­յին կա­տա­րած գոր­ծի ար­ժէ­քը, ե­թէ… ե­թէ չլի­նէր Հ. Յ. ­Դաշ­նակ­ցու­թեան դա­տավ­ճի­ռը: Այ­նո­ւա­մե­նայ­նիւ, չկա­րո­ղա­ցաւ այդ կու­սակ­ցու­թեան բո­լոր ղե­կա­վար­նե­րին բնաջնջել: Բայց ո՞վ մնաց իր ճա­նա­չած­նե­րից: ­Փաս­տօ­րէն մէկ հո­գի՝ ­Գա­րե­գին ­Փաստր­մա­ճեա­նը: Չէ՞ր յի­շում ար­դեօք իր վեր­ջին զրոյ­ցը նրա հետ… Լ­ծա­կի պէս հաստ դաս­տա­կը վեր տա­րաւ, ձեռ­քով ճա­կա­տը շփեց, ներս մտաւ: ­Նա­յե­ցի ժա­մա­ցոյ­ցին. տաս էր, Ուհ­լանտ գնա­լու իր սո­վո­րա­կան ժա­մը: ­Զէն­քը ա­ռի վրաս, պատ­րաստ դուրս գա­լու: ­Յան­կարծ նա յայտ­նո­ւեց դրան մօտ ու փղի պէս ծան­րօ­րէն սկսեց վար իջ­նել: Երբ դուրս ե­լայ փո­ղոց, դի­մա­ցի մայ­թով ար­դէն բռնել էր Ուհ­լան­տի ու­ղին: ­Սա­ռը դա­տո­ղու­թիւ­նը ինձ ա­սում էր, որ այս ան­գամ ան­կա­րող պի­տի լի­նի ա­զա­տո­ւել ձե­ռիցս. բայց եւ յու­զու­մը բազ­մա­լե­զու ա­ղա­ղակ­նե­րով փո­թոր­կում էր ինձ.- «­Հա­սի՛ր, վա­զի՛ր, ան­ցի՛ր միւս մայ­թը ու, շե­ղա­կի կռնա­կից, մէջ­քի՛ն, գլխի՛ն, շո՛ւտ, ան­ցի՛ր փո­ղո­ցը»… ­Մայ­թից ի­ջայ փո­ղոց՝ յե­տե­ւը անց­նե­լու հա­մար, բայց յան­կարծ մի բան յետ մղեց ինձ. հա­զար ան­գամ պար­զո­ւած բա­ցո­րոշ բա­նը այդ պա­հին մէ­կէն ի մէկ կաս­կա­ծե­լի թո­ւաց. նա՞ է ար­դեօք… «Ան­ցի՛ր դի­մա­ցը, դի­մա՛­ցը, դի­մա՛­ցը, ուղ­ղա­կի ճա­կա­տի՛ն, շո՛ւտ, շո՛ւտ, շո՛ւտ, վա­զի՜ր»… Դի­մա­ցի մայ­թով հա­ւա­սա­րո­ւե­ցի նրան, ա­րագ քայ­լե­րով բա­ւա­կան յա­ռա­ջա­ցայ. ան­ցայ նոյն մայ­թը, ուս­կից գնում էր նա: ­Յետ դար­ձայ: ­Մօ­տե­նում էինք ի­րար: ­Նա գա­լիս էր ճե­մե­լու ձե­ւով՝ ձեռ­նա­փայ­տը ան­փոյթ ճօ­ճե­լով:

Մի կարճ տա­րա­ծու­թիւն մնա­ցած՝ զար­մա­նա­լի ան­դոր­րու­թիւն հա­մա­կեց էու­թիւնս: Հա­ւա­սա­րո­ւե­լու վրայ, ­Թա­լէա­թը շեշ­տա­կի նա­յեց ինձ. աչ­քե­րի մէջ առ­կայ­ծեց մա­հո­ւան սար­սու­ռը: ­Վեր­ջին քայ­լը բե­կուեց. մի քիչ թե­քո­ւեց, որ խու­սա­փի, բայց զէն­քը դուրս քա­շելս ու գլխին պար­պելս մէկ ե­ղաւ… ­Թա­լէա­թը հա­րո­ւա­ծից կար­ծես ցցո­ւեց ու մի ակն­թարթ հզօր մար­մի­նը պրկո­ւեց ձիգ, բայց ե­րե­րուն. ա­պա՝ սղո­ցո­ւած կաղ­նու բու­նի պէս ե­րե­սի վրայ տա­պա­լո­ւեց թնդիւ­նով… Բ­նաւ չէի կա­րող ե­րե­ւա­կա­յել, որ այդ­պի­սի դիւ­րու­թեամբ գե­տին պի­տի փռո­ւի գա­զա­նը: ­Մի վայր­կեան մղում ու­նե­ցայ բո­լոր գնդակ­նե­րը պար­պե­լու մէջ­քին, բայց փո­խա­նակ կրա­կե­լու, ատր­ճա­նակս նե­տե­ցի: ­Սեւ, թանձր ա­րիւ­նը վայր­կեա­նա­պէս լճա­ցաւ ­Թա­լէա­թի գլխի շուրջ. կար­ծես ջար­դո­ւած ա­նօ­թից մա­զութ էր դուրս թափ­ւում… ­Բայց լճա­ցող ա­րիւ­նը կար­ծես դիւ­թել էր ինձ: …­Մայ­թի վրայ նոյն դիր­քում ըն­կած էր հրէ­շը: …­Հա­մա­կո­ւած էի հո­գե­կան այն­պի­սի մի ներ­քին գո­հու­նա­կու­թեամբ, ո­րի նմա­նը չէի ապ­րել եր­բեք: Ար­ճի­ճի պէս վրաս ծան­րա­ցած տե­ւա­կան մղձա­ւան­ջը չքա­ցել էր յան­կարծ: Ա­մէն բան փո­խո­ւել էր կար­ծես. կաշ­կան­դո­ւած հո­գիս ա­զատ ու լայ­նար­ձակ թռչում էր. կար­ծես էու­թեամբ ձեր­բա­զա­տո­ւած՝ մտքերս շրջան էին ա­նում աշ­խար­հի բո­լոր ծա­նօթ ան­կիւն­նե­րում…» (­Մի­նա­խո­րեան ­Վա­հան, «­Սո­ղո­մոն ­Թեհ­լի­րեան. ­Վեր­յի­շում­ներ», «­Յու­սա­բեր», ­Գա­հի­րէ, 1956)։

Շա­հան ­Նա­թա­լի կը վկա­յէ, որ ­Սո­ղո­մոն ­Թեհ­լի­րեա­նին յանձ­նա­րա­րած էր ա­հա­բե­կու­մէն ետք փա­խուստ չտալ եւ յանձ­նո­ւիլ գեր­մա­նա­կան իշ­խա­նու­թեանց, որ­պէս­զի աշ­խար­հով մէկ դա­տո­ւէր եւ իր հետ դա­տա­վա­րու­թեան են­թար­կէր ­Թուր­քիոյ ցե­ղաս­պա­նա­կան ո­ճի­րը։ Թեհ­լի­րեան ձեր­բա­կա­լուե­ցաւ եւ աղմ­կա­լից դա­տա­վա­րու­թեան ար­ժա­նա­ցաւ։ Գեր­մա­նա­կան դա­տա­րա­նը հաս­տա­տեց, որ ա­հա­բե­կու­մի են­թար­կո­ւած «զո­հը»՝ ­Թա­լէաթ իս­կու­թեան մէջ զոհ չէր, այլ՝ դա­հիճ էր ու, ա­ւե­լի՛ն, դահ­ճա­պետ էր, ո­րուն ու­սե­րուն կը ծան­րա­նար ամ­բողջ ժո­ղո­վուրդ մը ցե­ղաս­պա­նու­թեան են­թար­կած ըլ­լա­լու պե­տա­կան յան­ցա­գոր­ծու­թեան ծան­րա­գոյն պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւ­նը։

Փաս­տօ­րէն ­Սո­ղո­մոն ­Թեհ­լի­րեան կրկնա­կիօ­րէն պատ­մու­թիւն խտաց­նող խորհր­դա­նիշ դար­ձաւ 15 ­Մարտ 1921ի իր ­Հա­րո­ւա­ծով եւ ­Ցե­ղաս­պան ­Թուր­քը խորհր­դան­շող ­Թա­լէա­թի ա­հա­բե­կու­մով։ ­Նախ՝ մարմ­նա­ւո­րեց հա­յոց Ար­դար ­Դա­տաս­տա­նին վճի­ռը գոր­ծադ­րող բա­զու­կը։ Ա­պա՝ խորհր­դան­շեց ա­ռա­ջին մի­ջազ­գա­յին ճա­նա­չումն ու դա­տա­պար­տու­մը հայ ժո­ղո­վուր­դին դէմ ­Թուր­քիոյ գոր­ծադ­րած ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան։

Հա­յաս­պա­նու­թեան ո­ճի­րի դա­տա­կան մի­ջազ­գա­յին ար­ծարծ­ման ա­ռըն­չու­թեամբ կ­’ար­ժէ նոյն­քան կա­րե­ւո­րու­թեամբ նշել, որ ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւն բա­ռը իր ժա­մա­նա­կա­կից ի­մաս­տով գոր­ծա­ծու­թեան յանձ­նած ­Ռա­ֆա­յէլ ­Լեմ­քին ուղ­ղա­կի ներշն­չո­ւե­ցաւ նոյ­նինքն Թեհ­լի­րեա­նի դա­տա­վա­րու­թե­նէն։ ­Լեմ­քին յայտ­նա­գոր­ծեց ի­րա­ւա­գի­տա­կան «­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւն» եզ­րը իբ­րեւ պա­տաս­խան՝ անձ­նա­պէս իր եւ ընդ­հան­րա­պէս մարդ­կու­թեան խիղ­ճը տան­ջող այն մեծ հար­ցա­կա­նին, թէ ին­չո՞ւ մէկ մար­դու ա­հա­բեկ­ման հա­մար կը դա­տո­ւէր ­Թեհ­լի­րեան ա­նուն հայ ե­րի­տա­սար­դը, մինչ ան­դին դատ ու դա­տաս­տա­նի են­թար­կո­ւած չէր մէ­կու­կէս մի­լիոն ան­մեղ հա­յե­րու ցե­ղաս­պա­նու­թեան գլխա­ւոր պա­տաս­խա­նա­տու ­Թա­լէա­թը…

Մարտ 15ը այս ա­ռու­մով եր­րա­կի՛ յի­շա­տա­կու­թեան ար­ժա­նի ­Պահ է հա­յոց սե­րունդ­նե­րու ազ­գա­յին յի­շո­ղու­թեան մէջ։

 

Նախորդը

Ակնարկ. Համակարգում Իտլիպի Մէջ` Վերահսկողութեան Եւ Արտօնութեան Միջեւ

Յաջորդը

«Էն. Պի. Էյ.» Ռոքեթց Պարտուեցաւ Իր Հիւրէն` Ուորիըրզէն, 106-104 Արդիւնքով

RelatedPosts

Սփիւռքի Ազգային Զօրաշարժի Խորհրդաժողովի Կլոր Սեղաններու Համառօտագիրներ (Գ.)
Անդրադարձ

Սփիւռքի Ազգային Զօրաշարժի Խորհրդաժողովի Կլոր Սեղաններու Համառօտագիրներ (Դ.)

October 8, 2026
Երբ Օրէնքը Զէնքի Կը Վերածուի
Անդրադարձ

Երբ Օրէնքը Զէնքի Կը Վերածուի

October 8, 2026
Համեստ Նուիրատուութիւն Մը` Ազգային Պարտաւորութեան Մեծ Ճամբուն
Անդրադարձ

Համեստ Նուիրատուութիւն Մը` Ազգային Պարտաւորութեան Մեծ Ճամբուն

October 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.