Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԼՕԽ-Ի 2012-Ի ՊԱՏԻ ՕՐԱՑՈՅՑԸ . ԾԱՆՕԹԱՑՈՒՄ ՀԱՅ ԳԵՂԱՆԿԱՐԻՉՆԵՐՈՒ

December 14, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ

Նախորդ տարիներուն նման, լիբանանահայ օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութիւնը ժողովուրդին ներկայացուց 2012 տարուան պատի օրացոյցը:

Կողքը կը ներկայացնէ ԼՕԽ-ի խորհրդանշանը` «Ժողովուրդէն` ժողովուրդին» լոզունգով, որ ԼՕԽ-ի առաքելութեան նպատակն է եւ գործելակերպը:

12 ամիսներէն իւրաքանչիւրը կը ներկայացնէ հայ գեղանկարիչի մէկ ստեղծագործութիւնը, ընդհանրապէս` բնութեան գեղեցկութիւնը արտայայտող: Հոն կը տեսնենք ծաղկեփունջեր գունագեղ վրձինով գեղեցկացած, դէմքեր, նաթիւր մորթեր եւ այլ տեսարանները: Սփիւռքահայ եւ հայրենի գեղանկարիչներու ստեղծագործութիւններն են, գեղանկարիչներ, որոնք ճանաչում գտած են միջազգային սալոններու կամ կալըրիներու մէջ ցուցադրուած իրենց գործերով: Գեղանկարիչներու գործերուն ընտրութիւնը կատարած է լիբանանահայ գեղանկարչուհի եւ գեղանկարչութեան դասատու, մանկավարժ Մարալ Փանոսեան: Ան ներկայացուցած է գործերը` Շարթի, Գրիգոր Նորիկեանի, Ժանսեմի, Յակոբ Յակոբեանի, Մարտիրոս Սարեանի, Կալենցի, Արշիլ Կորքիի, Փոլ Կիրակոսեանի, Ռոպերթ Էլիբէկեան, Գերօ Անթոյեան, Գրիգոր Խանճի, Յակոբ Կոջոյեան:

Գունաւոր օրացոյցը տպուած է Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան մէջ:

Ուսանելի եւ մտային զարգացման նպաստող հրատարակութիւն մըն է, տրուած ըլլալով, որ օրացոյցի վերջին կողքին վրայ արձանագրուած է 12 ամիսներու անուններուն ստուգաբանութիւնը, ծագումը, ընդհանրապէս` լատինական պատմութենէն քաղուած: Աշխարհագրութիւն, եւրոպական, յունա-հռոմէական պատմութենէն քաղուած գիտելիքներ` ընդհանուր զարգացման նպաստող:

Նմանօրինակ հրատարակութիւններ միայն պատէն կախուած մնալու համար չեն: Կարելի չէ անտեսել կամ անտարբեր մնալ` մէկ կողմ նետելով: Օրացոյցները ընդհանրապէս ունին խորհուրդ մը` տարին շնորհաւորելու, մաղթանք փոխանցելու, նաեւ կապուած մնալու այն հաստատութեան հետ, դպրոց ըլլայ թէ եկեղեցի, միութիւն կամ կուսակցութիւն, հայրենակցական մարմին կամ բարեսիրական հաստատութիւն: Այս պարագային Լիբանանահայ օգնութեան խաչը մեզի կը ծանօթացնէ մեր արուեստագէտներէն 12-ը: Եթէ այդ անուններուն ծանօթ ենք, հարկ է յիշեցում մը մոռացութեան մշուշին դիմաց: Կարելի է տարուան վերջը նկարչական շրջանակի մը մէջ զետեղել եւ մնայուն ներկայութիւն դարձնել` մեր տուները գեղեցկացնելով:

Ջանադիր ու քրտնաջան աշխատանք կ՛ենթադրեն նման ձեռնարկներ. կայ պրպտումը, ճանչնալը, գիտութիւնը: Այս պարագային ԼՕԽ-ը իր ներկայութիւնը կը փաստէ, կը յիշեցնէ, թէ պատրաստ է ծառայելու ժողովուրդին, կամաւոր աշխատանքով, «Ժողովուրդէն` ժողովուրդին» դիպուկ բանաձեւումով:

Նոր տարուան սեմին նոր դուռերուն դիմաց յայտնուող օրացոյց առաջարկողներուն յայտնենք մեր շնորհակալութիւնը, իսկ եթէ տրամադիր չենք ընդունելու ներկայացուածը, բարեհաճ վերաբերումով արտայայտենք մեր զգացումները:

Լիբանանահայ օգնութեան խաչի 5000 անդամուհիները ուրախութեամբ ընդունեցին իրենց ընծայուած այս նուէրը, նուազագոյն մասնակցութեամբ, նաեւ առաւելագոյն ոգեւորութեամբ:

Շնորհաւոր Նոր տարի:

 

 

Նախորդը

ԻՆՉՊԷ՞Ս ԲԱՐԵԼԱՒԵԼ ԿԵԱՆՔԸ ՊՈՒՐՃ ՀԱՄՈՒՏԻ ՄԷՋ

Յաջորդը

ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՆԱՀԱՏԱԿՈՒԱԾ ԵՒ ՄԱՀԱՑԱԾ ՆՈՒԻՐԵԱԼՆԵՐՈՒՆ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ ՀՈԳԵՀԱՆԳՍՏԵԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԵԱՆ ՅԱԿՈԲ ՀԱՒԱԹԵԱՆԻ ԱՐՏԱՍԱՆԱԾ ԽՕՍՔԸ

RelatedPosts

Տոքթ. Բաբգէն Փափազեանի Արխիւէն.  Առինքնողը Դաշնակցութեան Մէջ
Անդրադարձ

Տոքթ. Բաբգէն Փափազեանի Արխիւէն. Առինքնողը Դաշնակցութեան Մէջ

November 27, 2026
ՀՅ Դաշնակցութեան Ծրագիրը Եւ Ռազմավարական Սկզբունքները
Անդրադարձ

ՀՅ Դաշնակցութեան Ծրագիրը Եւ Ռազմավարական Սկզբունքները

November 27, 2026
Գաղափարներու Բերդը «Արմատախիլ» Ընելու Ծիծաղաշարժ Մտմտուքներ (ՀՅ Դաշնակցութեան 136-Ամեակ)
Անդրադարձ

Գաղափարներու Բերդը «Արմատախիլ» Ընելու Ծիծաղաշարժ Մտմտուքներ (ՀՅ Դաշնակցութեան 136-Ամեակ)

November 27, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։