ԳՕԳՕ ԿԱՐԱՊԵՏ
Մարդ արարածի նկարագրին վատագոյն դրսեւորումն է ուրիշին վնասելը, զիրար ցաւցնելը:
Շատ անգամ կը յիշուի, երբ բաղդատութեան կը դրուին անասունն ու մարդը, թէ միակ արարածը, միակ ապրող էակն է, որ կը ցաւցնէ իր նմանը, կը սպաննէ իր նմանը` զուտ հաճոյքի համար:
Իր մտքի զարգացման հոլովոյթին խաթարուած մէկ դիմագիծին որպէս դրսեւորում` մարդը կը սպաննէ, կը վնասէ` իր անձնական շահերէն մղուած. իր մոլորած ու աղաւաղուած եսը լաւագոյնս կրնայ դրսեւորուիլ ընկերային որեւէ խաւի պատկանող տնտեսական որեւէ վիճակի մէջ եղող կամ որեւէ մասնագիտութեան տէր մարդոց քով: Կրնաս ըլլալ քաղաքական դէմք կամ մեծահարուստ եւ քեզի համար յարմար տեսած գործելակերպովդ պատճառ ըլլալ հազարաւորներու խորտակման, անօթի, ծարաւ ու ռմբահարուած մահանալուն, հոգեմտաւորապէս, բարոյապէս քանդուելուն, կամ կրնաս ըլլալ համեստ աշխատաւոր մը եւ վնասես ուրիշին, պարզապէս որովհետեւ քեզի թուեցաւ, որ իրաւունք ունիս, կամ թէ` վնասելն է միակ ձեւը` դիմացինին պատգամդ հասցնելու կամ հակադարձելու:
Խաբուած իր անգիտակից եսէն` երբեմն մարդը կը կարծէ, որ ուրիշին վնասելը ի շահ իրեն է, մինչ իրաւ լաւ ըլլալը, մարդուն իրաւ շահիլը բոլորին լաւ ըլլալուն ու բոլորին համար շահաւէտ վիճակ ստեղծելուն մէջն է:
Եւ ահաւասիկ հանդէս կու գայ հանդէսներու առիթով միշտ ետեւ մնացող, քուլիսներու ետին գործող կամաւորը:
Եթէ մարդ արարածի նկարագիրի յոռեգոյն դրսեւորումն է ուրիշին վնասելը, նոյն այդ մարդու նկարագրի վսեմագոյն դրսեւորումն է ուրիշին օգնելը:
Զիրար չխաբենք: Ուրիշին օգնելը մեծապէս հոգեկան ու զգացական գոհունակութիւն կը պատճառէ օգնողին: Սակայն այդ անշահախնդիր ուժէն ու ժամանակէն եւ ընդհանրապէս կեանքէն ուրիշին տուողներուն շնորհիւ` կը փրկուին կեանքեր, կը սրբուին արցունքներ, կը ջերմանան սրտեր, կը չքանան մտահոգութիւններ, կը բուժուին վէրքեր, կը գծուին ժպիտներ:
Ի՜նչ լաւ է, որ կան կամաւորներ… Օրինակ` ԼՕԽ-ը:


