Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մշակութային Արձագանգ. «Քֆարնահում» Իրական Կեանքէ Առնուած Ժապաւէնը Իր Բազմակողմանի Մարդկային Երեսներով Արժանացաւ Քաննի Շարժապատկերի Միջազգային Փառատօնի Մրցանակին

December 3, 2018
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԿԱՐՕ ԱՂԱԶԱՐԵԱՆ

Մենք կ՛ապրինք այնպիսի ընկերութեան մը մէջ, ուր մարդկային նուազագոյն իրաւունքներն անգամ չեն յարգուիր: Անիրաւութեան դէմ մեր պոռթկումը երբեմն նոյնիսկ անարձագանգ կը մնայ, որովհետեւ սահմանուած օրէնքները լոկ չակերտներու մէջ սահմանափակուած են: Բեմերէն կը խօսուի մարդու իրաւունքներու, մանուկներու իրաւունքին մասին, բայց անոնց գործադրութիւնը դժբախտաբար մեր ընկերութեան մէջ չի կիրարկուիր: Այսօր ականջալուր կ՛ըլլանք մանուկներու չարաշահման (child abuse), երբ ընտանիքներէն ոմանք տնտեսական պայմաններու բերումով, ուրիշներ` դիտաւորեալ, իրենց անչափահաս զաւակները կը զրկեն իրենց տարրական իրաւունքէն` ուսումէն եւ կը մղեն տաժանակիր աշխատանքի` այս ձեւով խախտած ըլլալով ՄԱԿ-ի Մարդկային իրաւունքներու հռչակագիրը: Այս առումով, հարկ է լուսարձակի տակ առնել այս հռչակագիրը, զոր Լիբանան որդեգրած է 1991-ին, ըստ որուն, «մանուկը իրաւունք ունի բարօր կեանքի, ընտանեկան առողջ մթնոլորտի, մտքի, կրօնի, խղճի, ազատ կարծիքի արտայայտութեան, տարրական ուսման, յատուկ ինքնութեան: Պէտք չէ խտրութիւն դնել մանուկներու միջեւ, առիթ պէտք է տալ ձիրքերու զարգացման, զանոնք պաշտպանել թմրեցուցիչէ, չարչարանքէ, պատերազմէ, բռնաբարումէ…»: Ի զուր եւ պատահական չէ ՄԱԿ-ի այս հռչակագիրը` ի մտի ունենալով, որ աւելի քան 100 միլիոն երեխաներ այսօր կ՛ապրին առանց ընտանիքի եւ քաղաքներու փողոցներուն մէջ` իրենց կեանքին կարեւոր մասը թեւակոխելով առանց դոյզն իսկ վայելելու իրենց հօրն ու մօր սէրը եւ ապահովութիւնը:

Եւ ահա Լիբանանի շարժապատկերի սրահներու մէջ ցուցադրուող լիբանանցի բեմադրիչ Նետին Լապաքիի «Քֆարնահում» ժապաւէնը, իր ոչ արհեստավարժ դերասաններու խաղարկութեամբ, այլ իրենց ապրած առօրեայ կեանքի բեմադրումով, ընտանեկան ապառողջ մթնոլորտի եւ  մանուկին նուազագոյն իրաւունքի բացակայութեան` եկաւ ապացուցելու, որ տակաւին մեր շրջապատին մէջ կան այսպիսի վատ ընտանեկան մթնոլորտ եւ  իրաւազրկուած երեխաներ:

«Քֆարնահում» Ժապաւէնին նիւթին անդրադառնալէ առաջ հարկ է ստուգաբանել Քֆարնահում անունը:

Ուրկէ՞ Եկած Է «Քֆարնահում» Անունը

Քֆարնահում կամ հայերէն տառադարձութեամբ` Կափառնայումը պատմական գիւղ մըն է Քրիստոսէ առաջ: Անիկա բազմաթիւ դէպքերու թատերաբեմը դարձած է: Պատմական Քֆարնահում գիւղը կը գտնուի Պաղեստինի հիւսիսը, Տիբերիոյ լիճի ափին եւ Գալիլիոյ ծովուն հիւսիս-արեւմուտքը: Այս բառին ստուգաբանութիւնը մեզի ցոյց կու տայ, որ Քֆարնահում բառը բաժնուած է երկու մասի: Քֆար կը նշանակէ կողմ, իսկ Նաում, այն մարգարէն է որ ապրած է Քրիստոսէ առաջ 17-րդ դարուն: Ան հեղինակն է Հին կտակարանի մարգարէական գիրքերէն մէկուն:

Քֆարնահում յիշուած է բազում անգամներ Նոր կտակարանի` Մատթէոսի աւետարանին մէջ, ուր տեղի ունեցած են բազմաթիւ հրաշքներ, ինչպէս` անդամալոյծին բժշկութիւնը եւ հարիւրապետի ծառային բժշկութիւնը:

Քրիստոսի քաղաք  եւ սրբավայր կ՛ընդունուի Կափառնայումը, որովհետեւ Յիսուս հոն անցուցած է իր երկրաւոր կեանքի կարեւոր փուլերը եւ այստեղ է, որ տուած է իր նշանաւոր լերան քարոզը:

Բեմադրիչը այս անուան ընտրութիւնը կը հաստատէ անով, որ այս գիւղը Պաղեստինի մէջ կը գտնուի եւ ֆրանսերէն լեզուի մէջ կը նշանակէ աղմուկ, իրարանցում: Ան այս ժապաւէնին անունը լաւագոյնս բնորոշած է` ներկայացնելու ընտանիքի մը իրական ողբերգական պատմութիւնը:

«Քֆարնահում» Ժապաւէնը` Իրական Կեանքի Թատերականացումը

120 վայրկեան տեւողութեամբ լիբանանցի բեմադրիչ Նետին Լապաքիի «Քֆարնահում» ժապաւէնը կը պատմէ 12 տարեկան Զէյն անունով պատանիի մը մասին, որ դատարանը իր ծնողքին դէմ դատ բացած է` բողոքելով իր աշխարհ գալուն, իր ունեցած վատ մանկութեան եւ կեանքի ահաւոր դէպքերը դիմագրաւելու պարտաւոր ըլլալուն դէմ: Այս պատանին պատերազմէն փախած սուրիացի գաղթական ընտանիքի մը զաւակն  էր, որ կ՛ապրէր Պէյրութի արուարձաններէն մէկուն մէջ:

Հոգերով լեցուն եւ մանկութիւն չունեցած պատանի Զէյնը դատարանին մէջ ծնողքին դէմ դատ բանալու տեսարանէն անմիջապէս ետք յետադարձ ակնարկ մը կը կատարուի լուսարձակի տակ առնելու համար իրաւազրկուած այս պատանիին կեանքը: Խեղճ պայմաններու մէջ, չափազանց չքաւոր Զէյնը բազմանդամ ընտանիքի մը զաւակն էր եւ ուսումէ զուրկ էր, ինչ որ իրաւունքն է իւրաքանչիւր երեխայի: Կ՛ապրէր ապառողջ ընտանիքի մը մէջ, ուր կը տիրէին բռնութիւն, բրտութիւն, ծեծ, անտեսում: Իր անչափահաս քոյրը (11 տարեկան), որ իրեն ամէնէն մօտիկ անձն էր ընտանիքին մէջ, կը սիրահարի թաղեցի խանութպանին: Զէյնը, պատանի ըլլալով` բաւարար հասունութիւն ունէր կեանքի սկզբունքներուն եւ արտասովոր երեւոյթներուն հանդէպ: Առիթով մը, երբ տեսաւ իր քրոջ անհանգիստ վիճակը (արիւնահոսութիւն), գիտցաւ, թէ ան արդէն արբունքի շրջան բոլորած է, եւ կրնայ ծնողներուն կողմէ հարուստի մը կինը դառնալու լաւ «որս» ըլլալ: Ուստի, ան ուզեց փախցնել իր քոյրը` փրկելու համար ստոյգ ոճիրէ (կանխահաս ամուսնութիւն):

Սակայն ընտանիքին արդարացումը, թէ այսպիսի բախտ վիճակուած է իր քրոջ, Զէյնին ստիպեց լքել իր «հօրենական» տունը եւ փնտռել վայր մը` հեռու այս անհանդուրժելի մթնոլորտէն: Ան հանդիպեցաւ ճաշարանի մէջ աշխատող, ապօրինի կեցութիւն ունեցող եթովպիացիի մը` Եուրտանոսին, որուն ապօրինի զաւակին` Եունասին հոգատարութիւնը ստանձնեց պարզապէս աւելի ապահով երդիքի մը տակ ապրելու համար: Եւ ահա Զէյնը դարձեալ կը գտնուի նոր մարտահրաւէրի դիմաց, երբ Եուրտանոս չի կրնար ապահովել հարկ եղած գումարը` իր զաւակին պետական արձանագրութիւն կատարելու եւ զեղծարարի մը լարած թակարդին մէջ կ՛իյնայ ու կը պատահի անսպասելին. ան կը ձերբակալուի: Զէյնը, որ ոչ մէկ դահեկան ունէր` եթովպիացիին զաւակին հոգ տանելու, կը ստիպուի իր ապրած խրճիթին առարկաները, պնակները ծախելու, որպէսզի կարենայ սնունդ հայթայթել, կաթ գնել երեխային: Զէյնը դարձեալ անապահով մթնոլորտի մէջ է, շրջապատուած` թմրեցուցիչ գործածող մարդոցմով: Ի վերջոյ Զէյնը չի կրնար իր պատասխանատուութենէն վեր եղող երեխայի մը հոգատարութեան ծանր բեռը վերցնել եւ կը ստիպուի Եունասը վաճառել կիրակնօրեայ շուկայի մէջ գտնուող զեղծարարի մը, որ մանուկներու առեւտուր կ՛ընէր, ու տուն կը վերադառնայ: Հոն արդէն կը սպասէր իրեն այլ պատուհաս մը. իր սիրած եւ պաշտպանած քոյրը արդէն կնքած էր իր մահկանացուն` կանուխ յղութեան անհեթեթ պատճառով:

Ի՞նչ պէտք էր ընէր Զէյնը: Զո՞վ դատէր կամ որմէ՞ վրէժ լուծէր: Իր ծնողքէ՞ն, թէ՞ այդ անգութ ամուսինէն: Ան իր վրէժը լուծեց իր քրոջ ամուսինէն, երբ իմացաւ քրոջ մահուան փոթորկալի լուրը, տունէն առաւ մեծ դանակը եւ գնաց ու դանակոծեց քրոջ ամուսինը` այս ձեւով ինքզինք գտնելով բանտի խուցերուն մէջ: Դատավարութիւն եւ ի՜նչ դատավարութիւն: Մէկ կողմէ` զաւակի մը կողմէ ծնողքին դէմ բացուած, միւս կողմէ` դանակոծեալին կողմէ Զէյնին դէմ իբրեւ ոճրագործութեան հայց: Պատահեցաւ անսպասելին, երբ լիբանանեան հեռատեսիլի  կայանի մը ցուցադրած «Բռնութեան եւ մանուկներու չարաշահման» յայտագիրի ընթացքին հեռաձայնային խօսակցութիւն ունեցաւ Զէյնը հաղորդավարին հետ եւ պարզեց իր ահաւոր վիճակն ու բանտարկութիւնը: Յայտագիրը վարողը եւ բեմադրիչ Նետին Լապաքի փաստաբանի մը հետ փութացին բանտ եւ ազատեցին զինք բանտի խուցէն` յանձնելու համար մարդկային նուազագոյն իրաւունքները յարգող եւ մարդկային արժէքները արժեւորող ընտանիքի մը, որոնց յարկին տակ պիտի յարգուէր մանուկներու իրաւունքները եւ այսօր Զէյնը փոխադրուած է աւելի ապահով քաղաք ու հանգստաւէտ ընտանեկան մթնոլորտ, ուր ան նաեւ ուսում պիտի ստանայ:

Այս ժապաւէնը պահ մը հանդիսատեսները կարծես փոխադրեց դէպի իրականութիւն մը, ինչը անոնք ապրեցան իւրաքանչիւր դէպքի հետ: Մէկ խօսքով, ականատես դարձան մանուկներու չարաշահման ահարկու երեւոյթին: Սակայն իր ունեցած վատ անդրադարձէն բացի` բազմաթիւ զգաստացնող դասեր կան, որոնք կը նախազգուշացնեն հանրութիւնը մանուկներուն զգացումները յարգելու իմաստով:

Ժապաւէնին Դերասանները Ոչ Արհեստավարժ Են

Բեմադրիչ Լապաքիին իսկ վկայութեամբ, այս ժապաւէնին դերասանները դերասանութիւն չկատարեցին նկարահանման համար, այլ անոնք բեմադրեցին իրենց ցաւալի ապրուած  առօրեան` անուղղակի պատգամ յղելով հանդիսատեսներուն եւ աշխարհին: Հոն տեսանք չարաշահուած մանուկներու կեանքը, օտարահպատակ աշխատողներուն դժուարութիւնները, թմրեցուցիչի գործածութիւնը եւ շատ մը ընկերային նիւթեր… Լապաքին նաեւ յայտնեց, որ շարժապատկերը միայն ժամանցի եւ ուրախութեան համար չէ, այլ` օգնելու, մտածելու անտեսուած մանուկներուն, անոնց ապրած հոգեբանական բարդ վիճակին եւ, ի վերջոյ, լոյս սփռելու բոլոր այն յոռի երեւոյթներուն վրայ, որոնց զոհը երեխաներն են առհասարակ:

«Քֆարնահում»-ը` Միջազգային Մրցանակակիր

Քաննի շարժապատկերի միջազգային 71-րդ փառատօնի ընթացքին լիբանանցի Նետին Լապաքիի լիբանանեան «Քֆարնահում» ժապաւէնը արժանացաւ դատական կազմին գնահատականին` 27 տարի ետք դարձեալ Լիբանանին ապահովելով ոսկեայ մրցանակը: Սակայն այս փառատօնին մեծագոյն յաջողութիւնը մարդասիրութիւնն էր, որ նուաճուեցաւ ոչ արհեստավարժ դերասաններու իրական խաղարկութեամբ: Բրիտանական «Տէյլի Թելեկրաֆ» թերթի լրագրող Ռոպին Քոլին «Քֆարնահում» ժապաւէնը ընկերային-իրական բարեյաջող ժապաւէն նկատած է, ուր բացայայտօրէն գերակշռած են գուրգուրանքը, պոռթկումը, տխրութիւնը, բայց նաեւ յոյսը գոյութիւն ունի:

«Քֆարնահում» ժապաւէնը դիտելէ ետք հանդիսատեսներուն արժեւորումը առաջին հերթին կ՛երթայ դերասաններուն, որոնք յանդգնութեամբ եւ անվախօրէն ներկայացուցին իրենց առօրեայ դաժան կեանքը` հրաւիրելով բոլորը զգաստութեան: Երկրորդ արժեւորումը` բեմադրիչ Նետին Լապաքիին, որ իր բացառիկ կարողութեամբ լիբանանեան շարժապատկերը դարձեալ բարձրացուց միջազգային բեմահարթակ, երբ արժանացաւ Քաննի միջազգային 71-րդ փառատօնի դատական կազմի մրցանակին:

«Քֆարնահում» ժապաւէնին ցուցադրութեան զուգահեռ, մեր մտասեւեռումը դարձեալ կ՛ուղղուի ՄԱԿ-ին, որ 1954-ին հաստատեց Մանուկներու օրը` պաշտպանելու համար աշխարհի մանուկները` ծանր եւ վտանգաւոր աշխատանքէ: Պէտք է միշտ մտաբերենք, որ մանուկները ազգին ապագան պիտի կերտեն: Ուստի, պէտք է մեր աչքին լոյսին նման խնամենք զիրենք` ուրախ եւ առողջ մանկութիւն մը շնորհելով անոնց:

 

 

 

 

Նախորդը

Լիբանանի Անկախութեան 75-ամեակի Նշում Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճի Մէջ

Յաջորդը

Նախապայմանը Եւ Ռազմաշունչ Սպառնալիքները Նոյն Ծիրին Մէջ Են

RelatedPosts

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի».  «Լեցուն Կեանք»
Անդրադարձ

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի». «Լեցուն Կեանք»

February 2, 2026
Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)
Անդրադարձ

Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)

February 2, 2026
Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան
Անդրադարձ

Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.