Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հարիւր Դէմք` Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան Հիմնադրութեան Հարիւրամեակին

November 30, 2018
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ

Մուրատ Պետրոսեան

Մուրատ Պետրոսեան (Ցրօնքցի Մուրատ). Հայ ազգային-ազատագրական շարժման գործիչ, ֆետայի, ՀՅԴ կուսակցութեան անդամ:

Ծնած է 7 ապրիլ 1884-ին, Մշոյ հիւսիսարեւելեան կողմը` Քոսուր լերան արեւմուտքը:

Սասունի 1894-ի դէպքերէն ետք մինչեւ 1896  քիւրտերը սկսած էին կողոպտել հայկական գիւղերը: Այդ օրերուն Ցրօնք ունեցաւ իր կազմակերպական խումբը: Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը այդ շրջանին մեծ աշխատանքի լծուած էր, շուտով Ցրօնք կ՛ուղարկէ զինական խումբեր: 1900-ին Մուրատ կ՛ընտրուի գիւղի խումբի խմբապետ եւ 1901-ին կը մասնակցի Առաքելոց վանքի պատմական մեծ կռիւին` Անդրանիկի, Գէորգ Չաւուշի, Կայծակ Վաղարշակի կողքին:

1902-ին Մուրատ կ՛ընտրուի ենթակոմիտէի անդամ, իսկ 1903-ի մայիսին Կեդրոնական կոմիտէի կողմէ կը նշանակուի թռուցիկ խումբի խմբապետ: Վրայ կը հասնի Սասնոյ ապստամբութիւնը. Մուրատ իր շուրջը հաւաքած մօտ 20-25 կտրիճներով կը մեկնի Սասուն` Գէորգ Չաւուշին օգնելու: Ան կը մասնակցի 1909-ին Սուրբ Կարապետի Ռայոնական ժողովին, ապա կ՛անցնի Կարին, Կովկաս, Փարիզ, Լոնտոն ու Միացեալ Նահանգներ: Քանի մը տարի ետք ծայր կ՛առնէ Համաշխարհային Ա. պատերազմը, Մուրատ կը դիմէ տեղւոյն ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէին` զինք Կովկաս ուղարկելու: 1915 օգոստոսին շուրջ 300 հոգիով կը հասնին Կովկաս, ուր կը մասնակցի զանազան կռիւներու: Վիրաւորուելով` կը փոխադրուի Երեւան:

Մասնակից կը դառնայ մայիսեան կռիւներուն` զօրավար Սեպուհի կողքին: 1920-ին` Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան անկախութեան 2-րդ տարեդարձին առիթով կայացած հանդիսութեան Մուրատ իր զօրամասով կը տողանցէ:

Խորհրդային կարգերու հաստատումէն ետք Մուրատ եւ իր զինակիցները ստոյգ մահէ կ՛ազատին, վիրաւոր Մուրատ 12 հազար տարագիրներու հետ կը հասնի Թաւրիզ, ապա` Հալէպ, ուր կը լծուի որբահաւաքի աշխատանքին:

Մուրատ Պետրոսեան կը վարակուի թոքախտէ եւ կը փոխադրուի Պէյրութ, ուր կը մահանայ 16 յունիս 1927-ին: Անոր մարմինը կ՛ամփոփուի Ֆըրն Շըպպեքի Ազգային գերեզմանատան մէջ:

Մինաս Պէրպէրեան

Գրականագէտ, պետական գործիչ, ՀՅԴ կուսակցութեան անդամ:

Ծնած է 16 ապրիլ 1871-ին, Նոր Նախիջեւան (այժմ` Տոնի Ռոստով, ՌԴ): Սորված է տեղի դպրոցի, ապա Մոսկուայի Լազարեան ճեմարանի մէջ: 1894-ին աւարտած է Մոսկուայի համալսարանի իրաւաբանական բաժինը: 1894-1895 թուականներուն եղած է ուսուցիչ Էջմիածնի Գէորգեան ճեմարանի մէջ, 1907-ին` տեսուչ: Թիֆլիսի մէջ աշխատած է իբրեւ դրամատան կառավարիչ:

1893-ին Եուրի Վեսելովսկիի հետ հրատարակած է «Արմիանսքիէ Պելլէթրիսթի» ժողովածուի առաջին հատորը: Երկրորդ հատորը, 1894-ին լոյս տեսնելէ յետոյ, ցարական գրաքննութեան կողմէ արգիլուած է: 1913-ին Փեթերսպուրկի մէջ քաղաքական հայեացքներու համար դատուած է եւ քանի մը տարիով աքսորուած է Ֆինլանտա: Եղած է Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան կուսակցութեան անդամ: Հետագային ալ` Հայ ժողովրդական կուսակցութեան (ՀԺԿ) անդամ:

1914-ին ընտրուած է քարտուղար Ազգային Բիւրոյի:

1917-էն յետոյ Արեւմուտքի մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւնները մեծապէս ազդեցին հայութեան վրայ, յատկապէս` քաղքենի մտաւորականութեան վրայ: Միայն Հայ ժողովրդական կուսակցութիւնը փոխեց իր վերաբերմունքը նորանկախ Հայաստանի նկատմամբ. սկսած է ծրագիրներ մշակել Հայաստանի իշխանութեան համախոհական (քոալիսիոն) վերակազմութեան վերաբերեալ: Այդ նպատակով 1918 հոկտեմբերի վերջը Երեւան ժամանած են ՀԺԿ ներկայացուցիչները` Մինաս Պէրպէրեանի եւ Սամսոն Յարութիւնեանի գլխաւորութեամբ: Նշենք, որ Պէրպէրեան լքած էր Թիֆլիսի իր շահաւէտ պաշտօնը ու հանգստաւէտ կեանքը եւ հաստատուած էր Երեւան` ծառայելու հայրենիքին: Նպատակը ՀՅԴ-ի հետ բանակցիլն էր համախոհական կառավարութիւն կազմելու վերաբերեալ: Թիֆլիսի եւ Երեւանի ժողովրդականներու տրամադրուածութիւնը համապատասխանած է իրար, անոնք ամուր կանգնելով Հայաստանի հողի վրայ`  պաշտպանած են համերաշխութեան եւ համագործակցութեան գաղափարները:

Այնուհետեւ Մ. Պէրպէրեան կը յաջողի համոզել ՀԺԿ միւս ղեկավարները` համախոհական կառավարութեան ստեղծման անհրաժեշտութեան մէջ:

Այսպիսով, Մինաս Պէրպէրեանը կ՛ըլլայ համախմբական կառավարութեան «խնամակալը». վերջապէս, 4 նոյեմբեր 1918-ին Հայաստանի Խորհուրդի նիստին, ՀՅԴ ու ՀԺԿ կուսակցութիւններու պատգամաւորներու քուէարկութեամբ, ընդունուած է Յ. Քաջազնունիի կառավարութեան հրաժարականը եւ կրկին Քաջազնունիի ալ յանձնարարուած է կազմել նոր կառավարութիւն: Նոյն նիստին ալ կազմուած է կառավարութիւնը` ներառելով ժողովրդականներ: Իսկ Մինաս Պէրպէրեանը Հայաստանի Խորհուրդին կողմէ կը նշանակուի Հայաստանի առաջին պետական վերահսկիչը` սոցիալ-յեղափոխականներու (Էսէռներու) ու սոցիալ-դեմոկրատականներու ձեռնպահութեամբ:

Պէրպէրեանի ժրաջան աշխատանքը, յատկապէս «խնամակալի» կեցուածքը մեծ յառաջխաղացք էր նորանկախ Հայաստանի տագնապալի օրերուն: Առ այդ, 1919-ին սկիզբը Հայաստան յաջողեցաւ հետզհետէ դուրս գալ դժոխային իրավիճակէն:

«Գրական ակնարկներ» խորագրով («Արարատ» ամսագրին մէջ) հրատարակած է ռուս եւ հայ դասականներուն նուիրուած յօդուածներու շարք: Թարգմանութիւններ  կատարած է ռուսերէնէ հայերէն եւ հակառակը, նպաստած է երկու ժողովուրդներու գրական կապերու ամրապնդման:

Մինաս Պէրպէրեանը բծաւոր տիֆի պատճառով մահացած է 11 յունուար 1919-ին, Երեւան:

Տէր Տաճատ Քահանայ Պօղոսեան

Տէր Տաճատ քահանայ Պօղոսեան, աւազանի անունով` Սարգիս, ծնած է 1891-ին, Ապարանի շրջանի Տանակիրմազ (Նիկաւան) գիւղը: Անոր պապերը մազապուրծ փրկուած են թրքական կոտորածէ, գաղթած են Արեւմտեան Հայաստանէն` Էրզրումէն: Ան ամուսնացած է 1915-ին: Ունեցած է հինգ զաւակ:

Տէր Տաճատ 1916-ին ձեռնադրուած է քահանայ երջանկայիշատակ Գէորգ Ե. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի ձեռամբ:

Տէր Տաճատ քահանայ ծառայած է ռուսական բանակին մէջ, ծանօթ է զինատեսակներուն եւ մասամբ տիրապետած է մարտավարութեան կանոններուն:

1918-ին Հայաստանի անկախութեան համար տարուած ճակատամարտերուն` Բաշ Ապարանի ինքնապաշտպանութեան դժուար օրերուն, մինչեւ աշխարհազօրայիններու օգնութեան հասնիլը, տէր Տաճատ քահանայի համագիւղացիներէ կազմուած մահապարտներու փոքրաթիւ ջոկատը (40-50 մարդ) քանի մը օր ու գիշեր կանգնեցուցած է թուրք հրոսակներու յառաջխաղացքը դէպի Երեւան:

Տէր Տաճատ ռազմական ու մեծ ճարպիկութեամբ մղած է ինքնապաշտպանութեան գործունէութիւնը, պէտք է յայտնել, որ ան գիշերային յարձակումներէն մէկու ժամանակ հնարամտութեամբ ռուսերէն հրամաններ կ՛արձակէ, թուրքերը խուճապի կը մատնուին` կարծելով, որ ռուսական բանակի հետ կը կռուին, հետեւաբար կը դիմեն փախուստի` լքելով մեծ քանակութեամբ զինամթերք, գնդացիր եւ այլն:

Թշնամիին դէմ դնելու համար տէր Տաճատին առաջին օգնութեան հասնողները եղած են շրջակայ գիւղերու քահանայ հայրերու եւ եզիտիներու ջոկատները: Անոնցմէ իւրաքանչիւրը ջոկատին մէջ ունէր հարիւրէ աւելի զինեալ մարտիկ: Այնուհետեւ հասած են նաեւ աշխարհազօրայիններու հիմնական խումբերը:

Աշխարհազօրայիններու Բաշ Ապարան հասնելէ ետք, իմանալով վերոնշեալ տէր Տաճատի հնարամիտ կեցուածքները թշնամիին հանդէպ` ճակատամարտի ընդհանուր հրամանատար Դրոն շնորհակալութիւն յայտնած է տէր Տաճատին եւ անոր նուիրած է «Մաուզեր» տիպի ատրճանակ: Այդ ատրճանակը տէր Տաճատին համար եղած է անբաժանելի ընկեր:

Արդ, անուրանալի եղած է տէր Տաճատի աւանդը Բաշ Ապարանի ճակատամարտին, որ պսակուած է թուրքերու դէմ տարած փայլուն յաղթանակով:

Հայաստանի խորհրդայնացումէն ետք տէր Տաճատ պոլշեւիկեան  իշխանութիւններու կողմէ համարուած է Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան հարող անձնաւորութիւն, ազգայնամոլ եւ հակապետական անձ, որուն պատճառով  հետապնդուած է:

Թէեւ կը պակսին մանրամասն տեղեկութիւններ, սակայն ակնյայտ է, որ տէր Տաճատ եւ իր ընկերները պետական անվտանգութեան մարմիններու կողմէ պաշարուած են Սաղմոսաւան գիւղի մօտակայ քարայրի մը մէջ եւ քանի անգամ մերժած են զինաթափուելու եւ յանձնուելու առաջարկը: Բաւական դիմադրելէ ետք, 1931 մայիսին համայնավար զինուորներուն չյանձնուելու նպատակով տէր Տաճատը եւ տէր Խաչիկը իրարու փաթթուած եւ քարայրէն գահավիժած են Սաղմոսաւան գիւղի մօտակայ կիրճը: Այդպէս վերջ գտած է տէր Տաճատ քահանայ Պօղոսեանին ոդիսականը:

Սեդրակ Ջալալեան

Սեդրակ Ջալալեան (Սեթօ). հայ ռազմական, ազատագրական շարժման, հասարակական-քաղաքական գործիչ, ՀՅԴ կուսակցութեան անդամ, Ապարանի գաւառամասի գաւառապետ, Էջմիածնի գաւառի գաւառապետ, Երեւանի ոստիկանապետ:

Ծնած է Բաշ Ապարանի Քասախ գիւղը, 1884-ին, հարուստ ընտանիքի մէջ: Ուսումը ստացած էր Երեւանի ռուսական ուսումնարանին մէջ եւ այդ շրջանին ալ մտած էր Դաշնակցութեան շարքերը: Ան 20-22 տարեկանին արդէն աչքի զարնող յեղափոխական գործիչ էր: 1905-1906 թուականներուն, հայ-թրքական ընդհարումներու ժամանակ մասնակցած է Երեւանի, Նախիջեւանի, Տաւուշի ինքնապաշտպանութեան: Սեդրակ 1906-ին, իբրեւ ուսանող, կը մեկնի Ս. Փեթերսպուրկ: Տասը ամիս անց կը վերադառնայ Երեւան: Երկու անգամ կը ձերբակալուի եւ կը յաջողի բանտէն փախչիլ: 1908-ին Ս. Փեթերսպուրկի մէջ կը ձերբակալուի եւ կ՛աքսորուի Սիպերիա: Հինգ տարի կը մնայ հոն` բանտերու եւ արգելարաններու մէջ, ապա ազատելով` 1913-ին կը վերադառնայ Ս. Փեթերսպուրկ` շարունակելով համալսարանի իր ուսումը, 1917-ին իբրեւ իրաւաբան կ՛աւարտէ ուսումը: 1917-ին կը վերադառնայ ծննդավայրը եւ հոնկէ` Երեւան: Նշանակուած է Ապարանի գաւառամասի գաւառապետ:

1918-ին, երբ կը սկսին Հայաստանի անկախութեան կռիւները, Սեդրակ այդ մարտերուն կը մասնակցի իր ձիաւոր խումբով, Բաշ Ապարանի ճակատին վրայ:

15 մայիս 1918-ին թուրքերը կը մտնեն Գիւմրի եւ երկու ուղղութեամբ` Արագածի արեւմտեան լանջով դէպի Երեւան եւ Վանաձորի ուղղութեամբ, դէպի Կասպից ծով, կը յառաջանան Արեւելեան Հայաստանի խորքը: Հետեւաբար 17 մայիսին գաւառամասի գաւառապետ Սեդրակ Ջալալեանը, Երեւանի ոստիկանութեան աշխատակից Արսէն Տէր Պօղոսեանը, Ապարանի հոգեւոր հովիւ տէր Յովհաննէս քահանայ Տէր Մինասեանը Ապարանի գաւառամասի մէջ յատուկ դրութիւն կը յայտարարեն, աշխարհազօր կազմակերպելու համար զէնք կրելու ենթակայ 17 եւ աւելի տարիքի տղամարդիկը զօրակոչելն ու Ապարանի հիւսիսային բաժինը պաշտպանութեան գիծ կը ստեղծեն: 22 մայիսի երեկոյեան Ապարանի գաւառամասի Միրաք գիւղին մօտ նախօրօք ձեւաւորուած ճակատագծի վրայ թուրքերուն յառաջխաղացքը կասեցուցած են Սեդրակ Ջալալեանի կազմակերպած պաշտպանական գիծի աշխարհազօրայինները: Սկսած է ու մինչեւ 29 մայիսը այդ հատուածին վրայ շարունակուած է Ապարանի հերոսամարտը: Այդ մարտը աւարտած է հայերու փառահեղ յաղթանակով: Եւ անկախ անկէ, որ 23 մայիսին նորաստեղծ ռազմաճակատի հրամանատար նշանակուած է Դրաստամատ Կանայեանը, հերոսամարտի ամբողջ ընթացքին Սեդրակ Ջալալեանը շարունակած է մնալ ապարանցի աշխարհազօրայիններու կազմակերպիչը եւ յաղթանակի ապահովման մէջ ունեցած է իր կարեւոր ներդրումը:

Անկախութեան հռչակումէն ետք, Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան ներքին գործերու նախարար Արամ Մանուկեանը 1918-ի աշնան Սեդրակ Ջալալեանին Ապարանի գաւառամասի գաւառապետէն փոխադրած է Էջմիածնի գաւառապետ, իսկ 1919-ի սկիզբին` Երեւանի ոստիկանապետ: Սեդրակ, այս պաշտօնի վրայ, հաշուած օրերու ընթացքին, Երեւանի մէջ կարգ ու կանոն կը հաստատէ: 1920 նոյեմբերին Սեդրակ Ջալալեանին կը յանձնուի կառավարական պաշտօնէութիւնը երկրէն դուրս հանելու պարտականութիւնը:

Այնուհետեւ, Սեդրակ Ջալալեան ճիշդ քառասնամեակ մը` 1921-1961 տարիներուն, ապրեցաւ արտասահման: Մօտ 20 տարի մնաց Պուլկարիա – Ֆիլիպէ (այժմ` Փլովտիւ), Սոֆիա եւ Վառնա: Բ. Աշխարհամարտի պայթումէն ետք Գարեգին Նժդեհին հետ անցաւ Գերմանիա եւ գործակցեցաւ գերմանական ուժերուն հետ` պոլշեւիզմին դէմ մղուած պայքարին մէջ:

Զինադադարի կնքումէն ետք, 1945-ին Սեդրակ փոխադրուեցաւ հարաւային Գերմանիա եւ հաստատուեցաւ Շթութկարտ, ուր կեդրոնացած էր տարագիրներու բազմութիւնը: Այնտեղ տարիներով եղաւ Գերմանիոյ հայութիւնը ներկայացնող եւ Շթութկարտ գտնուող Ազգային կեդրոնական կոմիտէի նախագահը: Եւ երբ տարագիրները մեկնեցան, ինք ալ անոնց հետեւելով` 1951-ին գաղթեց Ամերիկա եւ հաստատուեցաւ Տիթրոյիթ:

Սեդրակ Ջալալեանը ունի շատ կարեւոր յօդուածներ «Սեթօ» ստորագրութեամբ:

Սեդրակ մահացաւ 14 հոկտեմբեր 1961-ին, Տիթրոյիթ:

(Շար. 16)

Նախորդը

Կեդրոնականցին Կը Վախնայ «Կատաստրոֆ»-Է

Յաջորդը

Ձեռագիրը Եւ Համակարգիչը

RelatedPosts

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի».  «Լեցուն Կեանք»
Անդրադարձ

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի». «Լեցուն Կեանք»

February 2, 2026
Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)
Անդրադարձ

Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)

February 2, 2026
Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան
Անդրադարձ

Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.