Կազմակերպութեամբ Լիբանանի Քոնկ ֆու-ուու շուի ֆետերասիոնին, Շեպիպեթ Շիահի մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցաւ 18 տարեկանէն վեր Լիբանանի Քինտայի ախոյեանութիւնը, որ կը հանդիսանայ 2018-2019 տարեշրջանի առաջին հանգրուանը:
Առաջին դիրքը գրաւեց հիւրընկալ ակումբը` Շեպիպեթ Շիահ, որ ապահովեց 48 կէտ:
Երկրորդ հանդիսացաւ Պետական անվտանգութեան ուժերու կառոյցի խումբը, որ ապահովեց 34 կէտ:
Իսկ լաւագոյն եռեակը ամբողջացուց Սանթրալ Ժունիէ (15 կէտ):
Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը` ներկայութեամբ Լիբանանի Քոնկ ֆու-ուու շուի ֆետերասիոնի նախագահ Ժորժ Նասիրի եւ այլ անդամներու:



