28 նոյեմբերին Փարիզ Սեն Ժերմեն իր դաշտին վրայ կը հիւրընկալէ Լիվըրփուլը` «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին ծիրին մէջ:
«Լա Կազեթթա Տելլօ Սփոր» կը յայտնէ, որ ֆրանսական կազմի պրազիլցի յառաջապահ Նէյմար, որ վիրաւոր է, պիտի բացակայի այդ մրցումէն` նկատի ունենալով, որ անոր ապաքինման համար կը պահանջուի շուրջ 2 շաբաթ:
Իսկ ֆրանսացի յառաջապահ Քիլիան Մպափէի մասնակցութիւնը եւս կասկածելի է այդ մրցումին:
2 ֆութպոլիստներն ալ վիրաւորուեցան 20 նոյեմբերին` իրենց երկիրներու ֆութպոլի ազգային խումբերուն հետ իրենց կատարած մրցումներուն («Ազգերու լիկա»):



