«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցան երեք ճակատումներ:

Քիչ մը երկար սպասելէ ետք, Քլիվլենտ Քաւալիրզ արձանագրեց տարեշրջանի իր երկրորդ յաղթանակը (11 պարտութիւններու կողքին), երբ 113-89 արդիւնքով պարտութեան մատնեց իր հիւրը` Շարլոթ Հոռնեթցը: Ճորտըն Քլարքսըն (Քաւալիրզ) նշանակեց 24 կէտ:
Հիուսթըն Ռոքեթց տասը կէտի տարբերութեամբ` 109-99 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Տենվըր Նակեթցի դաշտէն:
Վերջապէս, երէկուան երրորդ եւ վերջին մրցումին, Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ արձանագրեց իր 12-րդ յաղթանակը (երեք պարտութեան կողքին), երբ 110-103 արդիւնքով յաղթեց իր հիւրին` Աթլանթա Հոքսին:
Ուորիըրզէն Քեւին Տիւրանթ նշանակեց 29 կէտ:
Ստորեւ` այսօրուան յայտագիրը.
Օրլանտօ Մեճիք – Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզ
Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ – Քլիվլենտ Քաւալիրզ
Պոսթըն Սելթիքս – Շիքակօ Պուլզ
Պրուքլին Նեթց – Մայեմի Հիթ
Թորոնթօ Ռեփթըրզ – Տիթրոյիթ Փիսթընզ
Միլուոքի Պաքս – Մեմֆիս Կրիզլիզ
Մինեսոթա Վուլվզ – Նիւ Օրլինզ
Օքլահոմա Սիթի – Նիւ Եորք Նիքս
Տալաս Մավըրիքս – Եութա Ճեզ
Ֆէոնիքս Սանզ – Սան Անթոնիօ Սփըրզ
Լոս Անճելըս Լէյքըրզ – Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ


