14-20 նոյեմբերին Երեւանի մէջ տեղի պիտի ունենայ ֆութպոլի միջազգային բարեկամական մրցաշարք մը, որուն իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն Հայաստանի, Գերմանիոյ, Փորթուգալի եւ Հոլանտայի 19 տարեկանէն վար ազգային խումբերը:
Հայաստանի հաւաքականը երէկ սկսաւ նախապատրաստուելու այս մրցաշարքին` Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի ակադեմիային մէջ:
Այս մրցաշարքը կ՛իյնայ 2019-ին Հայաստանի մէջ կատարուելիք Եւրոպայի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի նախապատրաստութեան ծիրին մէջ:



