Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գիւմրիի «Վարդան Աճէմեան»-ի Անուան Պետական Տրամաթիքական Թատրոնը Շաբաթավերջին Կը Ներկայացնէ Երեք Թատերախաղ

November 8, 2018
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երեքշաբթի, 6 նոյեմբեր 2018-ին, կէսօրէ ետք ժամը 1:00-ին, Պէյրութի միջազգային օդակայան հասաւ երկար ժամանակէ ի վեր սպասուած Գիւմրիի «Վարդան Աճէմեան»-ի անուան պետական տրամաթիքական թատրոնը,  որ այս շաբաթավերջին «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ  պիտի ներկայացնէ «Հարսանիք թիկունքում», «Սիրոյ քեսթինկ» եւ «Երկնագոյն շան աչքերը» ներկայացումները:

Խումբի բեմադրիչ եւ գեղարուեստական պատասխանատու Լութֆիկ Յարութիւնեան «Ազդակ»-ի հետ ունեցած կարճ զրոյցի մը ընթացքին նկատել տուաւ, որ շատ սիրով  եւ մեծ պատասխանատուութեամբ ընդունած են Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի վարչութեան հրաւէրը` աւելցնելով, որ առաջին անգամ ըլլալով Գիւմրիի «Վարդան Աճէմեան»-ի անուան պետական տրամաթիքական թատրոնը Լիբանան կ՛այցելէ եւ հանդէս կու գայ թատերախաղերով, ինչ որ աննախադէպ է իրենց համար: Յարութիւնեան այս երեւոյթը շատ  մեծ պատիւ նկատեց եւ մաղթեց, որ լիբանանահայ հանդիսատեսը սիրէ, հասկնայ եւ ընկալէ ներկայացումները, եւ Լիբանան-Հայաստան կապը ըլլայ փոխադարձ:

Խօսելով «Հարսանիք թիկունքում» ներկայացման մասին` Յարութիւնեան բացատրեց, որ յիշեալ ներկայացումը նուիրուած է Արցախի քառօրեայ պատերազմին եւ Հայաստանի տարբեր մարզերուն մէջ ներկայացուած ու մեծ ընդունելութիւն գտած է: «Սիրոյ քեսթինկ»-ի մասին բեմադրիչը ըսաւ, թէ անիկա կատակերգութիւն է, իսկ «Երկնագոյն շան աչքերը» տարբեր փառատօներու մասնակցած յառաջդիմական ներկայացում է իր ոճով, ձեւով եւ բեմադրութեամբ:

Զրոյցի աւարտին Յարութիւնեան թատերախումբին անունով յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի վարչութեան, որ մեծ աշխատանք տարած էր ներկայացումներու յաջողութեան համար:

Գիւմրիի «Վարդան Աճէմեան»-ի անուան պետական տրամաթիքական թատրոնի դերասանուհի Անահիտ Քոչարեան իր կարգին յայտնեց, որ ասիկա խումբին   առաջին այցելութիւնն է Լիբանան, եւ իրենք շատ տպաւորուած են քաղաքով: Ան նկատել տուաւ, որ ինք դեր ստանձնած է «Հարսանիք թիկունքում» եւ «Սիրոյ քեսթինկ» ներկայացումներուն մէջ` յոյս յայտնելով, որ ինչպէս Հայաստանի, նոյնպէս ալ Լիբանանի մէջ հանդիսատեսը լաւապէս ընկալէ եւ գնահատէ ներկայացումները:

Արդարեւ, լիբանանահայ հանդիսատեսը ժամադրուած է «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ այս շաբաթավերջին այսօր` հինգշաբթի, 8 եւ կիրակի, 11 նոյեմբերին դիտելու «Հարսանիք թիկունքում», ուրբաթ, 9 նոյեմբերին` «Սիրոյ քեսթինկ», իսկ շաբաթ, 10 նոյեմբերին` «Երկնագոյն շան աչքերը» ներկայացումները:

Յայտնենք, որ «Ազդակ» խումբի բեմադրիչ եւ գեղարուեստական պատասխանատու Լութֆիկ Յարութիւնեանի հետ ունեցաւ հարցազրոյց մը, որ լոյս պիտի տեսնէ յառաջիկայ օրերուն:

 

 

Նախորդը

«Ասպարէզ»-ի 110-ամեակի Հանդիսաւոր Նշում

Յաջորդը

Զոհուած 4 Զինուորներուն Հոգիներուն Համար Հոգեհանգիստ Պիտի Կատարուի Անթիլիասի Մայր Տաճարին Մէջ

RelatedPosts

Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակի Հերթական Առցանց Նիստ
Գաղութային

«Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ի հերթական առցանց նիստ

February 2, 2026
Գաղութային

January 31, 2026
39 Տարի Առաջ, Այսօր.  Դաշնակցութեան Նուիրեալներ Զոհ Կ՛երթան Անարգ Ոճիրի Մը
Գաղութային

31 Յունուար 1986-ի Նահատակները, Ու Պայքարը Կը Շարունակուի

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.