Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանի Հայ Համայնքի Ընկերային Ծառայողներու Միութեան Հանդիպում

October 31, 2018
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ուրբաթ, 26 հոկտեմբեր 2018-ին, երեկոյեան ժամը 6:30-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ կայացաւ Լիբանանի մէջ գործող Հայ համայնքի ընկերային ծառայողներու եւ  հայ թէ օտար բարեսիրական հաստատութիւններու մէջ հայ համայնքի գործող անդամներու հանդիպումը: Սոյն հանդիպումը իրենց ներկայութեամբ պատուեցին Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ արք. Ալեէմէզեան եւ Լիբանանի ընկերային ծառայողներու սենտիքայի նախագահ Նատիա Պատրան: Մասնակցեցաւ աւելի քան 35 հոգի:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Հայ համայնքի ընկերային ծառայողներու միութեան ատենապետ Քրիստին Սարգիսեան: Ան խնդրեց մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգել վերջերս անակնկալօրէն մահացած ընկերային ծառայող Քրիստափոր Օգնայեանի անմեռ յիշատակը: Ապա բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ առաջնորդ սրբազան հօր ու Նատիա Պատրանին ծանօթացուց ընկերային հաստատութիւններու գործունէութիւնը առհասարակ Լիբանանի տարածքին:

Լիբանանի ընկերային ծառայողներու սենտիքայի նախագահ Նատիա Պատրան իր սրտի խօսքը արտասանեց: Ան ուրախութիւն յայտնեց այս հանդիպման կայացման համար  եւ քաջալերեց ընկերային ծառայողները իրենց մասնագիտական մօտեցումներուն գծով: Նատիա Պատրան խօսեցաւ Ընկերային ծառայողներու սենտիքայի աշխատանքներուն մասին եւ հրաւիրեց, որ բոլորը անդամագրուին սենտիքային: Ան լուսարձակի տակ առաւ ընկերային ծառայողներու դերը եւ շեշտեց, որ անոնց ձայնը պէտք է  լսելի դառնայ եւ ներկայութիւնը առաւել եւս փաստուի կառավարութեան մէջ:

«Զուարթնոց» կեդրոնի տնօրէն Վարդի Օհանեան – Գէորգեան ներկայացուց «Զուարթնոց» կեդրոնի գործունէութիւնը համայնքին մէջ` յատուկ կարիքներու ծառայութեան դիտանկիւնէն: Ան յայտնեց, որ մօտ օրէն «Զուարթնոց» կեդրոնը պիտի փոխադրուի նախկին Ազգային Աքսոր Գասարճեան վարժարան, ուր արդէն շինարարական աշխատանքները ընթացքի մէջ են:

Հուսկ սրտի խօսքով հանդէս եկաւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ արք. Ալեէմէզեան: Ան գնահատեց ընկերային ծառայողներու գործունէութիւնը տարբեր կազմակերպութիւններու մէջ, ըլլան անոնք հայկական թէ օտար: Առաջնորդ սրբազանը նշեց, որ ընկերային ծառայութեան եւ քրիստոնէութեան միջեւ հասարակաց եզր կայ, որ նոյնինքն ծառայութիւնն է: Ան յայտնեց, որ Ազգային առաջնորդարանը բաց է բոլորին դիմաց, եւ գործակցութեան բարձր տրամադրութեամբ ողջունեց բոլորը:

Ապա քննարկուեցան լիբանանահայ ընկերութիւնը յուզող ընկերային զանազան հարցեր:

Աւարտին յիշատակի խմբանկար մը առնուեցաւ եւ պատշաճ հիւրասիրութեամբ վերջ գտաւ Հայ համայնքի ընկերային ծառայողներու միութեան շահեկան հանդիպումը:

 

Նախորդը

ՀՅԴ Բիւրոյի Անդամ Յակոբ Խաչերեանին Խօսքը` Արեւմտեան Ամերիկայի Մէջ Տեղի Ունեցած ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակի Ձեռնարկին

Յաջորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոսի Ունեցած Հանդիպումները` Պեռնի Մէջ

RelatedPosts

Գաղութային

January 31, 2026
39 Տարի Առաջ, Այսօր.  Դաշնակցութեան Նուիրեալներ Զոհ Կ՛երթան Անարգ Ոճիրի Մը
Գաղութային

31 Յունուար 1986-ի Նահատակները, Ու Պայքարը Կը Շարունակուի

January 31, 2026
«Ազդակ»-ի 83-րդ Առցանց Լսարան.  Արցախի Վերջին Պատերազմը. Ծալքեր,  Պատճառներ, Արդիւնքներ
Գաղութային

«Ազդակ»-ի 83-րդ Առցանց Լսարան. Արցախի Վերջին Պատերազմը. Ծալքեր, Պատճառներ, Արդիւնքներ

January 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.