ՏՈՔԹ. ՍԱՐԳԻՍ ԱՏԱՄ
Բազմաթիւ քրիստոնեայ ազգեր մեր ժողովուրդը կ՛անուանեն «ԽԱՉԱՊԱՇՏ» ժողովուրդ այո՛, շատ ճիշդ է, մենք խաչապաշտ ժողովուրդ ենք, որովհետեւ մեզի համար «ԽԱՉԸ» սրբութիւն է, փրկութիւն, արդարութիւն, իմաստութիւն, ապաստարան ու չարիքներու եւ վտանգներու դէմ մեր պաշտպանը, մեր վահանն է:
Մենք օրը, աշխատանքը, ճաշը, ճամբորդութիւնը եւ այլ բաներ կը սկսինք խաչակնքելով: Եկեղեցի մուտք գործելու եւ եկեղեցիիէն դուրս ելլելու ատեն, անկողին մտնելու ատեն, մենք մեզի վտանգի մը, չարիքի մը, աղէտի մը, փորձանքի մը դէմ յանդիման գտնուած զգալու ատեն կը խաչակնքենք: Մենք կը պաշտենք ոչ թէ խաչին ֆիզիքական երեւոյթը, խաչին ձեւը եւ կամ խաչ առարկան, այլ կը պաշտենք խաչին սուրբ խորհուրդը, ան մեզի համար մեր Տէրը, Աստուածը կը խորհրդանշէ:
Մարդկային կեանքի պատմութեան մէջ խաչակնքման սովորութիւնը այնքան հին է, որքան` քրիստոնէութիւնը եւ յատուկ է բոլոր ուղղափառ եկեղեցիններուն:
Հին ատեն, Հռոմէական կայսութեան ժամանակ խաչը կը համարուէր անարգ մահուան, նախատինքի, չարչարանքի միջոց:
Քրիստոս գամուելով խաչին վրայ` մեր փոխարէն յանձն առաւ մահը եւ իր զօրութեամբ մահուան գործիքը վերափոխեց յաւիտենական կեանքի խորհրդանիշի:
Խաչը մեզի համար կը կոչուի փրկութիւն, սրբութիւն, արդարութիւն եւ իմաստութիւն:
Քառաթեւ ձեւով խաչը մեզի համար կը խորհրդանշէ Քրիստոսի չորս բարերարութիւնները: Խաչի վերի մասը ցոյց կու տայ «երկինքի արքայութեան բացուիլը», ներքեւի մասը` «դժոխքի աւերումը», աջ կողմը` «շնորհներու բաշխումը», իսկ ձախ կողմը` «թողութիւն»-ը:
Քառաթեւ խաչը կը խորհրդաշնէ նաեւ չորս առաքինութիւնները: Վերի մասը նշան է սիրոյ, վարի մասը` խոնարհութեան, աջը` հնազանդութեան, իսկ ձախը` համեստութեան:
Մենք կը խաչակնքուինք հետեւալ ձեւով. նախ կը միացնենք մեր աջ ձեռքի բութամատը, ցուցամատը եւ միջնեմատը, մեր աջ ձեռքի ճկոյթը եւ մատնեմատը միասին կը սեղմենք դէպի մեր ափը, այս կը խորհրդանշէ Քրիստոսի կատարեալ Աստուած եւ կատարեալ մարդ ըլլալը: Մեր աջ ձեռքը նախ կը տանինք մեր ճակատին` ըսելով «Յանուն Հօր», յետոյ մեր աջ ձեռքը վար իջեցնելով` կը տանինք մեր կուրծքին վարի մասը ըսելով` «եւ Որդւոյ», մեր աջ ձեռքը կը տանինք մեր կուրծքին ձախ կողմը ըսելով` «եւ Հոգւոյն», ապա կուրծքին աջ կողմը` ըսելով, «Սրբոյ» (ռուսերը եւ յոյները ձեռքը հակառակ կողմ կը տանին) եւ մեր աջ ձեռքի մատները բանալով, կը դնենք մեր սրտին վրայ:
Խաչակնքուելու ատեն հարկաւոր է մեր գլուխը քիչ մը դէպի վար ծռելով խոնարհիլ, որ կը նշանակէ Աստուծոյ կամքին մեր հնազանդութիւնը եւ հպատակութիւնը յայտնել:
Մենք կը խաչակնքուինք «Յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ» ըսելով:
Այս խօսքերով ամէն անգամ մենք կ՛արտայայտենք մեր հաւատքը Ս. Երրորդութեան եւ մէկ աստուածութեան հանդէպ:
Խաչի նշանով մենք կ՛արտայայենք նաեւ մեր հաւատքը Տիրոջ մարդեղութեան եւ փրկագործութեան հանդէպ:
Երբ կը խաչակնքենք մեր աջ ձեռքը վերէն վար իջեցնելով, ապա ձախէն աջ տանելով` կը յիշենք, որ Աստուած երկնքէն երկիր իջաւ եւ մարդիկ ձախէն դէպի աջ տարաւ, այսինքն` խաւարէն դէպի լոյս, մահէն դէպի կեանք:
Աղօթելէն, ճաշի, գործի սկսելէն առաջ, եկեղեցի մտնելու եւ եկեղեցիէն դուրս ելլելու ատեն կը խաչակնքենք եւ կը յիշենք խաչը: Այս յիշողութիւնը մեզի կու տայ հոգեւոր մեծ օգուտ եւ զօրութիւն:
Ըստ Գրիգոր Տաթեւացիի, երբ խաչակնքուելու ատեն մեր ձեռքը վեր կը բարձրացնենք, ըսել կ՛ուզենք, որ մեր միտքը եւ էութիւնը գամուած է խաչին վրայ եւ թող ասկէ ետք Քրիստոսի միտքը գրաւէ մեզ:
Երբ մեր աջ ձեռքը կը տանինք մեր կուրծքի ներքեւի մասը, կ՛ուզենք ըսել, որ մեր մարմինը չէ, որ պիտի թելադրէ մեզի, այլ Քրիստոս կը թելադրէ իր կամքը մեզի:
Ձախ եւ աջ տանելով մեր ձեռքը` կ՛ուզենք ըսել, որ մեր ձեռքերն ալ նոյնպէս խաչուեցան, որոնք չար գործելու համար արդէն անպիտան են եւ միայն բարին պիտի գործեն: Մեր մատները բացած ձեռքը տանելով դէպի մեր սիրտ ըսելով «Ամէն»` կը հաստատենք, որ մենք այդ բոլորին համաձայն ենք:


