Ռիատիի Մանարայի դաշտին վրայ տեղի ունեցող Հուսամէտտին Հարիրիի անուան պասքեթպոլի 28-րդ միջազգային մրցաշարքին երկրորդ օրը, երէկ գիշեր Բ. խմբակին մաս կազմող ՀՄԸՄ յաղթանակով մը սկսաւ մրցաշարքը, երբ 17 կէտի հանգիստ յաղթանակով մը` 87-70 արդիւնքով պարտութեան մատնեց ալճերիական Մուժամահ Փեթրոլին (19-20, 26-10, 24-33 եւ 18-17):
ՀՄԸՄ-ի կազմը Ա. կիսախաղի դադարին մեկնեցաւ 15 կէտի առաւելութեամբ մը (45-30):
ՀՄԸՄ-էն տապըլ-տապըլ մը իրագործեց Քրիս Ճոնսըն (22 կէտ, 11 ռիպաունտ), մինչ Սեմի Մոնրօ նշանակեց 19 կէտ:
Քարիմ Զէյնուն նշանակեց 14 կէտ, մինչ Ժերար Հատիտեան` 9:
Պէտք է ըսել, որ ՀՄԸՄ-ի բոլոր մարզիկներն ալ տպաւորիչ ելոյթ ունեցան եւ իրենք զիրենք պարտադրեցին իրենց մրցակիցին վրայ: Բաւական լաւ էր նաեւ խումբին ռիպաունտներուն թիւը` 49, մինչ մրցակիցինը` 27, ինչպէս նաեւ էսիսթները` 22, 11-ի փոխարէն:
Կ՛ակնկալուի, որ յաջորդ մրցումներուն եւս ՀՄԸՄ-ի մարզիկները շարունակեն իրենց նոյն այս խաղաոճը:
Ինչ կը վերաբերի այս մրցումէն առաջ կատարուած ճակատումին, Ռատեսի (Թունուզ) իր կարգին լաւ արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց եգիպտական Ահլիի դէմ` 75-60 արդիւնքով:



