Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայկազեան Համալսարանը Նշեց Իր Հիմնադիրներու Տօնը. Տեղի Ունեցաւ «Ստեփան Փիլիպոսեան» Վերանորոգուած Ուսանողական Կեդրոնի Պաշտօնական Բացումը

October 17, 2018
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայկազեան համալսարանը երկուշաբթի, 15 հոկտեմբեր 2018-ին, պաշտօնական հանդիսութեամբ մը նշեց իր Հիմնադիրներու 63-րդ տօնը` յայտարարելով ուսումնական տարեշրջանի պաշտօնական սկիզբը: Ձեռնարկին ներկայ էին Լիբանանի եւ Սուրիոյ մէջ աւետարանական համայնքի նախագահ վեր. Սելիմ Սահիունի, զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան, կիներու հարցերու պետական նախարար Ժան Օղասապեան, երեսփոխան Յակոբ Թերզեան, Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան, «Եու.Էս.Էյտ»-ի կրթական գրասենեակի տնօրէն Պրուս ՄքՖարլընտ, համալսարանի հոգաբարձուներու խորհուրդի անդամներ,  քաղաքական եւ դիւանագիտական անձնաւորութիւններ, համալսարանի դասախօսական կազմը, պաշտօնէութիւնը, ուսանողներու հոծ բազմութիւն մը եւ հիւրեր: Օրուան հիւր բանախօսն էր Լիբանանի Կարմիր խաչի նախագահ տոքթ. Անթուան Զողպի:

Ձեռնարկին ընթացքին կատարուեցաւ «Ստեփան Փիլիպոսեան» վերանորոգուած ուսանողական կեդրոնին պաշտօնական բացումը:

Խօսք առաւ Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան: Ան ըսաւ. «Ուսանեցէ՛ք եւ սորվեցէ՛ք ծառայել», եւ խօսքը ուղղելով ներկաներուն ու կեդրոնանալով Հայկազեան համալսարանի նշանաբանին մէջ տեղ գտած ծառայութեան իմաստին վրայ նշեց. «Յաղթելու հիմնական պատճառը ծառայութեան խորքային իմաստի ամբողջական ընկալումն է, որովհետեւ ծառայութեամբ մենք կ՛ընկալենք, ուշադրութեան կեդրոն կը դարձնենք այլոց»:

Վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան գոհունակութեամբ նշեց, որ Հայկազեան համալսարանի ուսանողութեան մէկ երրորդը ծառայութեան զանազան մարզերու մէջ է: Ան յատկապէս վկայակոչեց «Տիզըրթ Սթրիմզ Սթիւտընթց Քլապ» ուսանողական ակումբի մարդասիրական, ծառայողական աշխատանքները ամբողջ տարուան ընթացքին:

Ելոյթ ունեցաւ օրուան բանախօս, Լիբանանի Կարմիր խաչի նախագահ տոքթ. Անթուան Զողպի, որ իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ Հայկազեան համալսարանի արժէքներուն, որոնք տարիներու ընթացքին փոխանցուած են ուսանողութեան եւ ծառայած են միասնականութեան, փոխադարձ յարգանքի, քաղաքացիական գիտակցութեան ամրապնդման, ծառայասիրութեան եւ այլ մարդկային արժէքներու մշակոյթի տարածման:

Տոքթ. Անթուան Զողպի անդրադարձաւ Կարմիր խաչի մարդասիրական արժէքներուն` ներկայացնելով այն արժէքներու մշակոյթը, որ կը նոյնանայ  նաեւ Հայկազեան համալսարանի ջամբած դաստիարակութեան հետ, ըսելով. «Մեր տարածած գործը, առանց խտրականութեան ծառայութիւնները, մեր երկրի ժողովուրդի բոլոր շերտերուն օգնութեան հասնիլը, առանց քաղաքական բաժանումներու եւ ենթակայութիւններու աշխատելու սկզբունքը օգնած է բոլորին վստահութիւնը ունենալու մեր կազմակերպութեան նկատմամբ»:

Բացման հանդիսութիւնը սկսաւ համալսարանի հոգեւոր տեսուչ վեր. Ուիլպըրթ Վան Սանէի աղօթքով: Գեղարուեստական բաժինով հանդէս եկան Հայկազեան համալսարանի ուսանողներ Նարէ Աշքարեան եւ Վահան Սաղճեան:

Հանդիսութիւնը վերջ գտաւ «Ստեփան Փիլիպոսեան» վերանորոգուած ուսանողական կեդրոնի բացումով:

Նշենք, որ կեդրոնը 1930-40-ականներուն կը կոչուէր «Ուեպ Հաուս» եւ անիկա  առաջին կառոյցը եղած է Հայկազեան համալսարանի ուսումնական առաքելութեան սկզբնաւորութեան: Անիկա գործածուած է միսիոնար Էլիզապեթ Ուեպի կողմէ հայ աղջիկներու ուսումնական նպատակներուն համար: Վերանորոգումը կատարուած է «Թուրփանճեան ընտանիքի կրթական ֆոնտ»-ի, «Սրբուհի եւ Ճոն Քոնթէ ֆոնտ»-ի, Տաւիտ եւ Քրիսթինա Սիկելի եւ Օպեժի-Կիւրենլի ընտանիքներու նուիրատութիւններով:

Ջերմ մթնոլորտի եւ Հայկազեան համալսարանի ուսանողներու կողմէ համաշխարհային երգիչ Շարլ Ազնաւուրի երգերու նուագով տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն ու շնորհաւորանքներու փոխանակում:

 

Նախորդը

Քաղաքական Անդրադարձ. Արաբական ՕԹԱ՞ն Մը

Յաջորդը

Համազգայինի Հիմնադրութեան 90-ամեակի Ձեռնարկներ

RelatedPosts

Գաղութային

January 31, 2026
39 Տարի Առաջ, Այսօր.  Դաշնակցութեան Նուիրեալներ Զոհ Կ՛երթան Անարգ Ոճիրի Մը
Գաղութային

31 Յունուար 1986-ի Նահատակները, Ու Պայքարը Կը Շարունակուի

January 31, 2026
«Ազդակ»-ի 83-րդ Առցանց Լսարան.  Արցախի Վերջին Պատերազմը. Ծալքեր,  Պատճառներ, Արդիւնքներ
Գաղութային

«Ազդակ»-ի 83-րդ Առցանց Լսարան. Արցախի Վերջին Պատերազմը. Ծալքեր, Պատճառներ, Արդիւնքներ

January 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.