Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Երեք Տարի` Առանց Խստամբերականութեան

October 4, 2018
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ

Այս տարի կը լրանայ փորթուգալեան նախորդ ընտրութիւններու (տեղի ունեցած` 4 հոկտեմբեր 2015-ին) քառամեակը: Այս ընտրութեանց ընթացքին պարտութեան մատնուեցաւ նախկին կառավարութեան պահպանողական դաշինքը: Պահպանողական «Յառա՛ջ, Փորթուգալ» դաշինքը կազմուած էր երկու կուսակցութիւններէ` Ընկերային-ժողովրդավար կուսակցութիւն եւ Ժողովուրդի կուսակցութիւն: «Յառա՛ջ, Փորթուգալ» դաշինքը 2015-ին տեղի ունեցած ընտրութիւններուն ստացաւ քուէներուն 36,86 առ հարիւրը. ստեղծուած կացութիւնը նկատի ունենալով` Ընկերվարական կուսակցութիւնը ոչ պաշտօնական դաշինք մը կազմեց երկու այլ ձախ ուժերու` արմատական ձախ «Ձախ պլոք»-ին եւ կանաչ-ընկերվարական  «Միաւորուած ժողովրդավարական դաշինք»-ին (համայնավարներէ եւ կանաչներէ կազմուած նախընտրական դաշինք) հետ: Ընկերվարականները «Ձախ պլոք»-ին եւ «Միաւորուած ժողովրդավարական դաշինք»-ին հետ միասին ստացան քուէներուն 50,76 առ հարիւրը (Ընկերվարական կուսակցութիւն` 32,32 առ հարիւր, «Ձախ պլոք»` 10,19 առ հարիւր եւ «Միաւորուած ժողովրդավարական դաշինք»` 8,25 առ հարիւր):

Փորթուգալը բացասաբար ազդուեցաւ 2008-ի համաշխարհային տնտեսական ճգնաժամէն. Միջազգային դրամական ֆոնտի առաջարկներուն ենթարկուելով` պահպանողական կառավարութիւնը կիրարկեց լայնածաւալ խստամբերական միջոցներ, որոնք ընդգրկեցին առողջապահութեան, պետական դրամատան, պետական ապահովագրական եւ պետական ձայնասփիւռի ու պատկերասփիւռի սեփականաշնորհումները, առաւել` հանրային հատուածի աշխատանքներու կրճատումը: Յիշեալ նոր-ազատական խստամբերական միջոցները բարձրացուցին անգործութեան, աղքատութեան եւ արտագաղթի համեմատութիւնը, ինչպէս նաեւ նուազեցուցին ծննդաբերութիւնը:

Ըստ 4 հոկտեմբեր 2015-ին տեղի ունեցած ընտրութիւններու արդիւնքներուն, պահպանողական դաշինքը կորսնցուց իր խորհրդարանական մեծամասնութիւնը եւ, այսպիսով, առիթը տուաւ ընկերվարականներուն 26 նոյեմբեր 2015-ին կազմելու «Վստահութիւն եւ մատուցում»-ի («Վստահութիւն եւ մատուցում» խորհրդարանական ժողովրդավարական համակարգին մէջ կը նշանակէ առանց կառավարութեան կազմին մաս կազմելու` խորհրդարանին մէջ կառավարութեան նախաձեռնութիւններուն օգտին քուէարկել) հիման վրայ կառավարութիւն` «Ձախ պլոք»-ին եւ «Միաւորուած ժողովրդավարական դաշինք»-ին հետ միասին:

Հիմնական կէտերը, որոնց շուրջ կազմուեցաւ «Վստահութիւն եւ մատուցում»-ի ընկերվարական կառավարութիւնը, կ՛ընդգրկէին` վերջ տալ սեփականաշնորհման հոլովոյթին եւ պետական ծախսի նուազեցման, նուազագոյն աշխատավարձի բարձրացում եւ յաւելեալ ներդրումներ` առողջապահական եւ կրթութեան բնագաւառներուն մէջ, ինչպէս նաեւ նուազեցնել հարկերը` փոքր ձեռնարկութիւններուն եւ ցած աշխատավարձ ստացող աշխատաւորներուն վրայ:

Ընկերվարական վարչապետ Անթոնիօ Քոշթայի կառավարութիւնը յաջողեցաւ 3 տարիներու ընթացքին դուրս մղել Փորթուգալը տնտեսական ճգնաժամէն` բարձրացնելով կենսաթոշակները, կասեցնել պահպանողականներուն կողմէ իրականացուած սեփականաշնորհման ծրագիրները, եւ ամէնէն կարեւորը` վերջ գտաւ խստամբերականութիւնը, եւ անոր փոխարէն` պետութիւնը սկսաւ ներդրումներ կատարել հանրային ծառայողական մարզին մէջ: Նաեւ հարկերը աւելցան. հարկեր պարտադրուեցան թանկագին իրերու վաճառքի եւ սուղ կալուածներու սեփականատէրերուն վրայ:

Ըստ եւրոպական լրատուամիջոցներուն, Փորթուգալի տնտեսութիւնը 2016-ի սկիզբէն սկսած է աճ արձանագրել (զբօսաշրջութեան եւ արտածումի աճով)` 2018-ի երկրորդ կէսին հասնելով 0,5 առ հարիւրի: Անգործութեան համեմատութիւնը նուազած է. յուլիս 2015-ին անիկա 11,9 առ հարիւր էր, իսկ յուլիս 2018-ին` 6,7 առ հարիւր:

Ընկերվարականները, հիմնուելով հարստութեան արդար վերաբաշխման սկզբունքին վրայ, յաջողեցան նոր-ազատական դպրոցին փաստել, որ խստամբերական քաղաքականութիւնները արդարօրէն չեն լուծեր ընկերային-տնտեսական հարցերը: Փորթուգալը ընկերվարականներուն շնորհիւ` յաջողեցաւ աշխարհին ցոյց տալ, որ նոր-ազատականութիւնը այլընտրանք ունի, եւ այդ այլընտրանքը յաջող է:

 

Նախորդը

Տեսակէտ. Այսպէս Է

Յաջորդը

Վա՜յ Այն Մարդուն, Որ Մեռնելէն Ետք Կը Մեռնի

RelatedPosts

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն
Անդրադարձ

Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.