Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ամէնէն Երկար Թռիչքը

September 29, 2018
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ

«Հաւատացի արդարութեան արժէքին, քանի շատ անարդարութիւն տեսայ, երբ կը մեծնայի»:

Իմ աշխատանքային ասպարէզիս վերջին երեսուն տարիները, մինչեւ այսօր, եղած են ճամբորդութիւններով լեցուն: Եթէ ճամբորդութիւնները ընդգրկեցին աշխարհի տարբեր կողմերը` ներառելով թռիչքներ տարբեր ուղղութիւններով եւ ժամերով, բայց չէի կրնար պատկերացնել, որ նաեւ պիտի կատարէի ամէնէն երկար թռիչքը` ըստ վիճակագրական տուեալներու: Քաթարէն մինչեւ Նոր Զելանտա` աւելի քան տասնութ ժամ: Այս բոլոր ժամերը օդին մէջ վերածուած են տարբեր տարողութեամբ կեանքի մը, ապրուած վիճակի մը:

Նոր Զելանտա, օգոստոս 2018: Եթէ Ուէլինկթընը անոր մայրաքաղաքն է, բայց Օքլանտը անոր կարեւոր եւ խոշորագոյն քաղաքներէն է: Զելանտայի «նորը» եթէ պիտի ընդգրկէր նոր աշխարհի հասկացողութիւնը, բայց նոյնքան նաեւ` անոր բնութեան գեղեցկութիւնը, որ շնչահեղձ ընելու աստիճան կը գրաւէ ամբողջ էութիւնդ: Մէկ կողմէ անոր կանաչ եւ խիտ անտառները, բայց նաեւ` լեռներն ու ովկիանոսը: Տակաւին լիճերը` սփռուած տարբեր հովիտներու մէջ: Իւրաքանչիւր քայլափոխի պիտի կարենաս կանգ առնել եւ ըսել` «Այս որքա՜ն շատ գեղեցկութիւն` երկրի մը համար»:

Դէպի Նոր Զելանտա թռիչքը ամէնէն երկարն է, բայց կարծես այս երկարութի՞ւնը զինք հեռացուցած է մնացեալ աշխարհէն… Ստեղծելով ինք իր աշխա՞րհը… Ներկայ օրերու աշխարհի այս թոհուբոհին» մէջ կը զգաս, որ Նոր Զելանտան հեռու է այդ բոլորէն եւ տակաւին ներկայ աշխարհի «տակնուվրայութիւնները» չեն հասած հոն…

Բայց ի՛նչ խօսք, որ հայը հասած է հոն: Օքլանտ, Նոր Զելանտա:

Հրաւիրուած էի խօսելու հայկական գաղութին` օգոստոս 10-ին: Խնդրած էին ինձմէ, որ խօսիմ մշակութային արժէքներու եւ կենցաղի պահպանումի կարեւորութեան մասին: Զարմանալի չէր նիւթին ընտրութիւնը եւ մտահոգութիւնը: Նոյն հայուն սփիւռքեան ապրելու-վերապրելու մտահոգութիւն-մարտահրաւէ՞րը, այս անգամ Նոր Զելանտայի մէջ:

«Մօտաւորապէս երկու հարիւր եւ քսան հայ կը հաշուէ Նոր Զելանտայի գաղութը», Նուպար Եաղուպեանն է խօսողը: Նուպարը ճարտարապետ է եւ` Նոր Զելանտայի հայ ընկերակցութեան ատենապետը: Ընկերակցութիւնը ունի պետական ճանաչում եւ հիմնուած է որպէս բարեսիրական կազմակերպութիւն` 1996 թուականին: Հայութեան հարիւր եւ քսան անդամները կ՛ապրին Օքլանտի մէջ, իսկ մնացեալները` Ուէլինկթընի:

Նուպարը կու գայ Իրաքէն: Հայութեան մէկ կարեւոր մասը Իրաքէն հաստատուած է Նոր Զելանտա: Այս իմաստով, իրաքահայ գաղութին մէկ փոքր տարբերակն է, որ հիմնուած է, բայց այս անգամ` Նոր Զելանտայի մէջ: «Հայերը 1990  թուականներէն սկսեալ սկսան գալ այս նոր աշխարհը: Միակ երկիրն ու կարելիութիւնն էր, որ մեր առջեւը բացուեցաւ Իրաքէն դուրս գալու համար», ըսաւ Ռիմա Համբարձումեանը, որ բժշկագիտական տարրալուծարանի մէջ կ՛աշխատի: Զարմանալի չէ Իրաքէն այս հոսքը դէպի Նոր Զելանտա: Յակոբ Եըլտըզեանը այս իրականութեան տուաւ քիչ մը կատակ-նշմար մը: «Շնորհակալ ենք Սատտամէն, որ պատճառ եղաւ բոլորիս այս գեղեցիկ երկիրը հաստատուելու»: Բայց Յակոբին կատակ- տրամադրութեան մէջ կար նաեւ կարօտը եւ անոր զգացումը: «Իրաքը իմ տունս է, ես հոն ծնայ: Իրաք յարգեց մեզ` հայերս, եւ առիթը տուաւ կառուցելու մեր կեանքերը` եկեղեցի, դպրոց ու տակաւին…», ըսաւ Յակոբ: «Բայց երեւի ասկէ ետք պէտք է լուրջ կերպով մտածել, թէ ո՛ւր պէտք է ծախսել մեր գաղութին կեանքերը շինելու համար: Հոն, ուր պիտի մնա՞նք… Բայց ո՞ւր պիտի մնանք», եզրափակեց Յակոբ:

Հայուն սփիւռքեան կեանքին մէկ մեծ որոշում-մարտահրաւէ՞րը. «Ո՞ւր պիտի մնալ ու ապրիլ»:

Հերմիկ Սուքիասեանը եկած է Պարսկաստանէն: 1979 թուականին հաստատուած է նախ Միացեալ Նահանգներ, որմէ ետք` Նոր Զելանտա: «Ամուսինս  չկրցաւ Ամերիկայի կեանքին ընտելանալ», ըսաւ Հերմիկ: Այս իմաստով, ընտանիքը մնացած է բաժնուած` սփիւռքեան այս իրականութեան մէջ: Հերմիկին տղան նախընտրած է մնալ Ամերիկա, իսկ իրենք եկած են Նոր Զելանտա: Սփիւռքեան նոր կեանքի համար մղուած պայքարը այնքան ալ դիւրին չէ: Երեւի սփիւռքեան կեանքերը ընտանիք միացնող չեն ալ: Մնացած է հայկական գաղութը որպէս միացնող օղակ: «Գաղութը պզտիկ է, բայց մեզ իրար կը միացնէ», ըսաւ Հերմիկ` քիչ մը քաջալերուած:

Ռիման ալ համաձայն է այս իրականութեան հետ: «Հայութիւնը արմատ է ինծի համար: Ասիկա իմ կեանքիս համար հպարտութիւն է: Գաղութի կեանքին այս կապուածութիւնը մեր հայութիւնը կը պահէ», եզրափակեց Ռիման:

Նոր Զելանտայի կառավարութիւնը նախանձախնդիր է, որ փոքրամասնութիւններ իրենց մայրենին պահպանեն այս երկրին մէջ: Այս իմաստով, կառավարութիւնը ամէն միջոց կ՛ընծայէ, որպէսզի փոքրամասնութիւնները «տոկան» եւ «գոյատեւեն» իրենց ինքնութեան մէջ: «Հայաստանէն ապսպրեցինք եւ շուտով պիտի ղրկեն յուշակոթող մը, ուր մեր այբուբենը զետեղուած է, եւ որ պիտի տեղադրենք գաղութային այս կեդրոնին մէջ», ըսաւ Նուպարը` ցոյց տալով այն հողաշերտը, որ տրամադրուած է հայկական ընկերակցութեան, որպէսզի զետեղեն յուշակոթողը, եւ որպէսզի հայը «տոկայ» եւ շարունակէ «գոյատեւել»…

Բայց առկայ էին նաեւ հայն ու հայկականութիւնը` ոչ հայկական շրջանակի մէջ:

Չորեքշաբթի, 15 օգոստոսին պէտք էր խօսէի Միջին Արեւելքի եւ Ծոցի տարածաշրջաններուն մէջ քրիստոնէական ներկայութեան եւ Աստուածաշունչի առաքելութեան մասին: Մայրաքաղաք Ուէլինկթընի տեղական եկեղեցիի մը սրահին մէջ հաւաքուած էր հոծ բազմութիւն մը: Հետաքրքրական էր, որ եկեղեցիին սրահը զարդարուած էր աշխարհի տարբեր երկիրներու դրօշակներով` նկատի ունենալով, որ այդ շաբաթը յատկացուած էր «Միջազգային օրուան» յատուկ տօնախմբութիւններու համար:

Բայց նախ անհրաժեշտ տեսայ խօսիլ ինքնութեանս եւ հայուն պատմութեան մասին` անցնելով Ցեղասպանութեան արհաւիրքէն, հասնելու համար այն իրականութեան, թէ ինչո՛ւ ես Պէյրութ ծնած եմ:

Չեմ գիտեր, թէ զուգադիպութի՞ւն էր, թէ՞ ոչ, բայց Նոր Զելանտա այցելութիւնս զուգադիպեցաւ նոր մէջտեղ եկած Հայ դատի յանձնախումբի ձեռնարկներուն, որ պիտի փորձէր Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու բանաձեւ մը յղել խորհրդարան` առ ի վաւերացում: Եւ այս իմաստով, բաւական բան սկսած է խօսուիլ Հայոց ցեղասպանութեան մասին տեղական մամուլին մէջ: Կ՛երեւի` իմ ներկայութիւնս ալ հաստատեց իրողականութիւնը… Որպէս վերապրո՞ղ ու վկայութի՞ւն…

Դասախօսութենէն ետք միջին տարիքի մարդ մը մօտեցաւ ինծի: Ան նախ շնորհաւորեց ելոյթս եւ ինքզինք ներկայացուց` ըսելով. «Իմ անունս Նիքոլա Փափատափուլօ է»: Դժուար չեղաւ ենթադրել եւ կամ կռահել, որ ան յունական արմատ ունի: Բայց երեւի պէտք էր սպասէի անակնկալին…

«Ես հայ եմ,- ըսաւ Նիքոլա,- իմ մեծ հայրս Փափազեան եղած է եւ Ցեղասպանութեան ժամանակ հազիւ փրկուած է ստոյգ մահէ: Ուզած է կեանքը փրկել եւ ամուսնացած է յոյն-կիպրացիի մը հետ եւ մականունը փոխած` Փափատափուլոյի»։ Նիքոլա շարունակեց պատմել իր պատմութիւնը. «Ես իմ ընտանիքիս եւ Ցեղասպանութեան ահաւորութեան մասին լսեցի միայն իմ հօրմէս եւ մինչեւ այսօր կը փափաքիմ աւելին գիտնալ իմ արմատներուս մասին»: Եթէ Նիքոլայի դէմքին վրայ կար յուզում, բայց նոյնքան` ինքնագիտակցութիւն: «Ցեղասպանութիւնը ահաւոր բան է, եւ տեղ մը եկաւ, որ այլեւս չկրցայ կարդալ ու լսել անոր մասին: Հոգիս չկրցաւ վերցնել այդ ամբողջ դժբախտութիւնը,- ըսաւ ան:- Բայց հիմա ամէն գնով կ՛աջակցիմ, որ Ցեղասպանութեան ճանաչումի բանաձեւը ընդունուի մեր խորհրդարանին մէջ», եզրափակեց Նիքոլա:

Եթէ մէկ կողմէ մեծ անակնկալ էր, որ չէի կրնար պատկերացնել, թէ պիտի հանդիպէի Նիքոլա անունով հայու մը ոչ հայկական այս շրջանակին մէջ, բայց միւս կողմէ` երբեք զարմացած չէի: Վերջապէս «կորսուած» եւ կամ «թաքնուած» հայե՞ր, որոնց շարունակականութիւնը կրնայ հասնիլ եղեր մինչեւ Նոր Զելանտա: Բայց «կորսուած» եւ կամ «թաքնուած» այդ վիճակներուն մէջ եւ մէջէն կայ ինքնութեան եւ արմատներուն կանչը: Բայց նաեւ` գիտակցութիւնը եւ անոր արթնութիւնը: Ու տակաւին` «կորսուածը» վերագտնելու արժէքը:

Նիքոլան ուզեց, որ ունենանք յիշատակի նկար մը: Ինք որոշեց, թէ ո՛ւր պէտք է նկարուինք նոյն այդ եկեղեցիի սրահին մէջ: «Հո՛ն, այդ խաչին քով, որուն տակ կայ թրքական դրօշակը,- ըսաւ Նիքոլան: –  Թուրքը պէտք է այս խաչին քով գայ եւ զղջայ իր գործած բոլոր ոճիրներուն համար: Եւ այս նկարն ալ մեր հանդիպման յիշատակը, բայց նաեւ պայքարը թող ըլլայ»:

«Հաւատացի արդարութեան արժէքին, քանի շատ անարդարութիւն տեսայ, երբ կը մեծնայի»: Հուրի Եըլտըզեանը երիտասարդ փաստաբան մըն է, որ հազիւ վեց տարեկան հասակին ծնողքին հետ Իրաքէն փոխադրուած է Նոր Զելանտա: Արդարութիւնը սիրելով եւ կառչելով այդ արժէքին հասնելու գիտակցութեան` ան ընտրած է մասնագիտութիւն մը այդ մէկը իրականացնելու համար: Բայց Հուրին կը հաւատայ նաեւ իր ժողովուրդին արդարութեանը հասնելու գիտակցութեան: Ան անդամ է Նոր Զելանտայի նոր կազմուած Հայ դատի յանձնախումբին, որ տենդագին աշխատանքի լծուած է Ցեղասպանութեան ճանաչումի բանաձեւը խորհրդարանի կողմէ վաւերացնելու համար: «Չենք ուզեր շատ արագ շարժիլ, որ բանաձեւը չմերժուի,- ըսաւ Հուրի: – Ժամանակ կու տանք, որպէսզի պէտք եղած աշխատանքները տանինք եւ, ըստ պատշաճի, գետին պատրաստենք յաջողցնելու համար»:

Հուրին եւ իր գործընկերները կ՛աշխատին տեղական կուսակցութիւններու հետ միատեղ` հասցնելու համար Ցեղասպանութեան բանաձեւը խորհրդարան: «Հպարտ եմ իմ հայկական ինքնութեամբս եւ այդ կը պարտիմ իմ ծնողներուս, որոնք զիս հայ մեծցուցին: Ես կ՛ուզեմ յարգել իմ ծնողներուս դաստիարակութիւնը», ըսաւ Հուրի:

Հուրին նաեւ եղած է Հայաստան: «Երկու տարի ալ սիրողական գործ ըրի հայրենիքին մէջ եւ, այս իմաստով, շատ կապուեցայ երկրին: Հիմա հպարտօրէն կ՛ուզեմ ըսել, որ հայ եմ»:

Թէեւ ամէնէն երկար թռիչքին ձեռնարկեցի, բայց ատիկա երբեք հեռու չթուեցաւ, քանի որ հանդիպեցայ հայերու, որոնք հպարտօրէն կառչած են իրենց արմատներուն եւ ինքնութեան: Բայց նաեւ կ՛ուզեն իրենց հպարտ ինքնութիւնը հասցնել իր արժանի արդարութեան…

Ամէնէն երկար թռիչքը… Բայց այդ թռիչքը շատ կարճ եղաւ ինծի համար: Շա՛տ կարճ, որովհետեւ կար հայուն միացնող օղակը…

Եւ հայուն միացնող օղակը նոյնինքն հայուն ազգային հպարտութիւնը եւ պահանջատիրութեան արդարութիւնն է: Եւ ուր ամէնէն երկար թռիչքը կը վերածուի ամէնէն մօտին…

 

 

Նախորդը

Վերամուտ Է Աշխարհի Տարածքին (Բ. Մաս)

Յաջորդը

Մեր Ազգային Կեանքի Որակական Բարեփոխման Ի Խնդիր

RelatedPosts

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի».  «Լեցուն Կեանք»
Անդրադարձ

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի». «Լեցուն Կեանք»

February 2, 2026
Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)
Անդրադարձ

Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)

February 2, 2026
Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան
Անդրադարձ

Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.